Նախագահ Սարգսեանի Յարգանքն Ու Երախտագիտութիւնը՝ Նահատակուած Զինուորներու Յիշատակին

0 0
Read Time:39 Second

p5 b

ԵՐԵՒԱՆ.- Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ այցելեց Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգի եւ պատերազմի վեթերաններու, Հայոց բանակի բարձրաստիճան սպայակազմի, պետական բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու, ազատամարտիկներու հասարակական կազմակերպութիւններու,Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմերու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ ծաղկեպսակ դրաւ «Անյայտ Զինուոր»ի գերեզմանին: Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակի եւ Շուշիի ազատագրման տարեդարձներու առիթով Հանրապետութեան նախագահը յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրք մատուցանեց հայրենիքի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու յիշատակին:p5 a
Նախագահ Սարգսեան այցելեց զբօսայգին մէջ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնի առիթով աւանդաբար կազմակերպուող դաշտային խոհանոց եւ շնորհաւորեց զինուորական վրանային ճաշի սեղանի շուրջ հաւաքուած վեթերանները, ճաշեց ու զրուցեց անոնց հետ` զանազան հարցերու շուրջ:
Նշենք թէ, այս առթիւ տեղի ունեցաւ տողանցք, մասնակցութեամբ Հ.Հ. բանակայիններուն, պատուոյ պահակախումբի ստորաբաժանումներուն, «Վ.Սարգսեան» անուան ռազմական հիմնարկի ուսանողներուն եւ «Մ. Մելքոնեան» անուան ռազմամարզական վարժարանի սաներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles