
Ուաշինկթըն կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Բակօ Սահակեան, նաեւ հանդիպեցաւ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ: Մարտ 14-ին տեղի ունեցած այս հանդիպման, ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեանի հետ ներկայ էին, նաեւ Հայկ Օշական, Կրէկ Պետեան, Անդրանիկ Գասպարեան եւ Յովսէփ Աւագեան: Նաեւ, ներկայ էին Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ՝ Տարօն Տէր Խաչատուրեան եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, Արցախ-սփիւռք համագործակցութեան, Միացեալ Նահանգներ – Արցախ կապերու զարգացման վերաբերող տարբեր հարցեր:
Նախագահը բարձր գնահատեց Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ամերիկայի կառոյցի գործունէութիւնը` ուղղուած Արցախին օժանդակութեան, համազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծման, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման` յոյս յայտնելով, որ ապագային եւս աշխատանքները կը շարունակուին նոյն եռանդով եւ արդիւնաւէտութեամբ: