Հանդիպում՝ Դաշնակահար Շահան Արծրունիի Հետ.- Յարատեւ Հոգեկան Պապակի Փնտռտուքով Ստեղծագործ Արուեստագէտը

0 0
Read Time:7 Minute, 4 Second
 Photo.-Jack Vartoogian

Տեսակցութիւնը գրի առաւ եւ ամփոփեց՝ Զարմինէ Պօղոսեան
                                                                        Նիւ Եորք

 

«Շահան Արծրունին օրհնուած է այնպիսի կենսայորդ եւ բացառիկ ներուժով մը, որուն
շնորհիւ իր աշխատելաձեւն ու վարքը պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին, այլ եւ մեր մասնագիտութեան, եւ բնականաբար ի՛ր իսկ անձին՝ Շահան Արծրունիին»:

Վիքթօր Պօրկա

Շատ շատեր Շահան Արծրունին կը ճանչնան համաշխարհային ճանաչումով Վիքթօր Պօրկային հետ իր ունեցած ելոյթով: Մանաւանդ այս օրերուն՝ երբ դիմատետրի վրայ կը ցուցադրուի մաս մը այդ տեսերիզէն:
Տաղանդաշատ, միանգամայն զմայլելի վարպետութեամբ օժտուած եւ միջազգային ճանաչումի արժանացած այս երաժիշտը ո՛չ միայն բացառիկ տաղանդաւոր դաշնակահար մըն է, այլ՝ հայ երաժշտութեան պատմութեան մասնագէտ մը: Փոշեթաթախ կամ՝ հայ երաժիշտներուն մոռցուելու վիճակուած- չըսելու համար անտեսուծ- գործերը լուսարձակի տակ առնող եւ համաշխարհային երաժշտասէր ունկնդիրներուն տրամադրութեան տակ դնող հոգատար երաժիշտ մըն է ան:
Երեք ու կէս տարեկանէն Պոլսոյ մէջ երգահան-երաժիշտ մօրաքրոջ՝ Սիրվարդ Գալբագեան- Գարամանուկին շունչին տակ Շահանին փոքրիկ մատները մտերմութիւն մը կը ստեղծեն դաշնամուրին ստեղներուն հետ եւ զինք կը հասցնեն Նիւ Եորքի համաբաւաւոր Ճուլիարտ երաժշտանոցը: Սոյն դպրոցէն համապատասխան բարձրագոյն վկայականները ստանալով կը հասնի դոկտորական աստիճանի: Սակայն՝ այդ տարիներուն, իր աշխարհատարած ելոյթները արգելք կը հանդիսանան իր երազ դէզը ներկայացնելու:
Շահան Արծրունիին առաջին անգամ մօտէն ծանօթացայ Նիւ Եորքի մէջ, երբ երբ 20 Ապրիլ, 1994-ին, մեր հրաւէրին ընդառաջելով պատւոյ հիւրն էր Նիւ Եորք քաղաքի միակ ամէնօրեայ հայ վարժարանի Սրբոց Նահակատաց Ամէնօրեային աւանդական Ժառանգութիւններու Շաբթուան տօնակատարութեան: Մեր աշակերտութեան կը ծանօթացնէինք այնպիսի արուեստագէտներ, որոնք մեր պատանիները պիտի տպաւորէին մեր համայնքի տիպար անհատներով եւ իրենց մասնագիտութեամբ:
Իր ելոյթն ու պատգամը այնքան տպաւորիչ էր, որ նախակրթարանի աշակերտները հիացած մնացին: Մանկավարժական աշխարհին մէջ ամենամեծ յաջողութիւնն է այս՝ երբ աշակերտները հարցումներու տեղատարափով դիմեն հիւր բանախօսին: Պարոն Արծրունի ո՛չ միայն մեծ հաճոյքով պատասխանեց անոնց հարցումներուն, այլ շինիչ թելադրութիւն տուաւ, որ անոնք հետեւողական ըլլան, լաւագոյնին ձգտին, աշխատանքէ չփախին եւ մանաւանդ՝ հաւատք ունենան իրենց բնածին կարողութիւններուն:
Վերջերս, երկու տասնամեակէ ետք, շատ հետաքրքրական էր ինծի համար հանդիպում ունենալ այս տաղանդաւոր դաշնակահարին հետ եւ ունկնդիրը ըլլալ ներկայ եւ ապագայ իր ծրագիրներուն մասին:

Ի՞նչ են Շահան Արծրունիին Կեանքին Անկիւնադարձային Դէպքերն ու Դէմքերը:
Շահան Արծրունի խորունկ հաւատք ունի կեանքի մէջ պատահելիք բախտորոշ
առիթներուն մէկ խօսքով՝ բախտին: Երեք տարբեր անձեր երեք տարբեր ժամանակներու ճակատագրական դեր խաղացած են եւ ուղղութիւն տուած՝ իր կեանքին: 1973 –ին Արծրունի օգտուելով Միացեալ Նահանգներու Նախագահ՝ Նիքսընի Չինաստանի հետ ունեցած մերձեցումէն, կը ներկայացնէ Խորհրդային Չինաստանի դաշնամուրային գործերը, որպէս բաժին մը դոկտորայի իր աւարտաճառին, Նիւ Եորք Համալսարանին մէջ:
Ցանկանալով զանոնք ներկայացնել աշխարհին տարբեր բեմահարթակներուն վրայ Արծրունի կը դիմէ Ասիական երաժշտութեան աշխատանքներուն ատենապետ՝ Եոհաննա Սփէքթըրին (Johanna Spector) իր ծրագրին իրականացման համար: Այդ Հրեայ տիկնոջ խօսքը՝ «Դուն գնա քո՛ւ երաժշտութիւնդ ուսումնասիրէ» արթնութեան զանգակը կը դառնայ: «Ա՛յդ օրը, ա՛յդ կինը Հայ երաժշտութեան հանդէպ իմ մէջս բուռն հետաքրքութեան կրակը վառեց» խոստովանեցաւ Արծրունին: «Ահա բախտորոշ իրականութիւն մը զոր զիս մղեց դէպի հայկական երաժշտութիւնը» ընդգծեց Արծրունի:
Իսկ 1969-ին Կոմիտասի հարիւրամեակին առթիւ, Նիւ Եորքի մէջ յայտագիր մը պիտի նուիրուէր, համայնքին յայտնի անուններու մէկտեղումով՝ Մարօ Աճէմեան, Արա Պէրպէրեան, Լուսին Ամարա, Լիլի Չուգազեան, Գէթի Պէրպէրեան, եւ Ալան Յուհաննէս: Մինչ այդ՝ անոնք տեղեակ էին որ Շահան Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէն առաջ երգեհոնահարն էր նոյն ինքն Կոմիտասին 1910-ին հիմնած երգչախումբին: Հետեւաբար՝ այդ յայտագրին մանրամասնութիւններու երաժշտական բաժինը կը վստահուի երիտասարդ Շահանին: Ձայնագրուած բոլոր սկաւառակները կը յանձնուին -ապահովութեան համար երաժշտական մթերանոցի մը: Ընկերութեան Հրեայ տնօրէնը- Մայքըլ Նայտան (Michael Naida) երբ կ՛իմանայ թէ Շահան Ճուլիարտէն շրջանաւարտ է, կ՛առաջարկէ իր նուագածներէն ձայնագրել: Շահան օգտագործելով այս առիթը կը ներկայացնէ Արամ Խաչատուրեանի մանուկներու համար գրուած երկու ալպոմ, որ մինչ այդ բնաւ չէին ձայնագրուած: «Ուրկէ՞ ո՜ւր: Ահա քեզի բախտ, որ ապագայ՛ի շատ մը դուռներ բացաւ իմ առջեւս»- կը խոստովանի Շահան Ածրունի:
Երրորդ անձը, որ մեծ դեր ունեցած է Շահանին կեանքին մէջ 1972-73 թուականներէն սկսեալ, Վիքթօր Պօրկան է, «որուն տոհմիկ ծագումն ալ հրէական է» կ՛ընդգծէ Արծրունի:
Շահան Արծրունիին «ԲԱԽՏ»-ին ճամբայ բացող այդ երեք անձնաւորութիւններուն չափ ալ պէտք է շեշտել նաեւ թէ՝ բոլոր անոնք, որ ծանօթացած են Շահանին, կրցած են տեսնել իր մէջ տաղանդը, սէրը եւ կրակը երաժշտութեան հանդէպ, եւ ինչ խօսք՝ Շահան Արծրունի առաւելագոյնս կրցած է արդարացնել անոնց վստահութիւնը:

Ի՞նչ են Շահան Արծրունիին Յառաջիկայի Ծրագիրները:

Photo .- Jack Vartoogian 

Շահան Արծրունի տարիներու երազը իրականացնող երկար ճամբորդութեան
մը սկիզբին է: Երազն է ծիածանի գոյներով իրար ետեւէ լոյս ընծայել ութը խտասալիկներու շարք մը, Չուխաճեանէն սկսելով մինչեւ այս օրերը- որ պիտի ընդգրկէ հետեւեալները-
1. Կոմիտասի դաշնամուրային գործերը
2. Կոմիտասի ժամանակակիցները
3. Ալան Յովհաննէսի անտիպ գործերը
4. Սփիւռքահայ յօրինողներու գործերը
5. Խաչատուրեանի ամբողջական գործերը
6. Հայրենի յօրինողները
7. Հայ կին յօրինողները
8. Հայ երգահաններու մանուկներու համար գրած գործերը
Առաջին եօթը խտասալիկները պիտի ներկայանան ծիրանի գօտիի եօթը գոյներով, ամբողջացնելէ ետք, այդ գոյները իրար խառնելով կը ստանաս ութերորդը ճերմակ գոյնը՝ որ խորհրդանիշն է մեր ապագայ մանուկներու սպիտակ, պայծառ եւ յուսատու ապագային:
Ըստ Արծրունիին, ներկայ օրերու ելոյթները կրնան հմայել միմիայն այդ
օրուան սրահին մէջ գտնուող հանդիսատեսը: Նկատի առնելով ձայներիզներու եւ խտասալիկներու յարափոփոխ եւ անորոշ ապագան՝ անհրաժեշտ էր, որ բան մը մտածուէր զանոնք երաժշտասէր մեծամասնութեան հասցնելու– երկրէ երկիր – մատչելի դարձնելու եւ ազատելու խտասալիկներու մոռացութեան մատնուող ճակատագրէն: Պրն. Արծրունիին մտահոգութիւնը փարատող եւ երաժշտական ստեղծագործութիւնները անմահութեան տանող այդ բոլոր ձայնագրութիւնները բծախնդրօրէն ձայնագրուելէն ետք կը ղրկուին –իր անհատական ջանքերով- աշխարհի զանազան երաժշտական գրադարաններու եւ ձայնասփիւռներու կայաններուն անոնց արխիւին մէջ մնայուն կայք հաստատելու:
Վերջերս, Նիւ Եորքի դասական երաժշտութեան ձայնասփիւռի կայան WQXR-էն սփռուած Կոմիտասի մէկ կտորը պատճառ դարձած էր քանիներու հետաքրքրութիւնը արթնցնելու:

Ի՞նչ են Շահան Արծրունիին Անմիջական Ծրագիրները

Արդէն իսկ յայտագիրը կազմուած է Շահանեան բծախնդրութեամբ իրար քով բերելով այնպիսի անուններ՝ որոնք երաժշտական աշխարհի լաւագոյն անուններէն են- երգչուհի՝ Էլիզապէթ Պայրագտարեան, սրնգահար՝ Սաթօ Մուղալեան, գլարինէթի կատարումով՝ Նարեկ Յարութիւնեան, երգեհոնահար՝ Հայկ Մարտիրոսեան- ելոյթ ունենալու Կոմիտասի, Ալան Յովհաննէսի, Տիգրան Մանսուրեանի գործերէն, հետաքրքրական գործիքներու մասնակցութեամբ: Յայտագրին մաս պիտի կազմէ նաեւ 16 հոգինոց արական սենեկային երգչախումբ մը՝ հայրենի ղեկավար՝ Յովհաննէս Միրզոյեանի ճպոտին ներքեւ, հրամցնելու Կոմիտասի պատարագէն բաժիններ: Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ միջդպրոցական աշակերտական խումբը՝ բացման աղօթքներով:

 

 

 

 

Ի՞նչ են Շահան Արծրունիին Հեռակայ Գործադրելի Ծրագիրները

Շահան Արծրունի կը դասաւանդէ հայրենիքի մէջ

Մէկ խօսքով Շահան Արծրունիին իսկական հոգեկան պապակը գոհացնող աշխատա՛նքը . .. իր գիտութիւնը նոր սերունդին փոխանցել է, իր մէջ ամբարուած մասնագիտական պաշարն ու գիտելիքները փոխանցել նոր սերունդին: Այս մտահոգութիւնը զինք տարած է Հայաստան՝ ուր հակառակ անոր, որ 150 անգամէն աւելի հայրենիք այցելած է, այս ճամբորդութիւնը ուրիշ հեռանկար ունէր: Անցնող գարնան (2017 Մայիսին) Հայաստանի Մշակութային Նախարարութեան աջակցութեամբ եւ հրաւէրով Հայաստանի շրջաններէն, սահմանամերձ գիւղերուն մէջ փնտռել, գտնել, քաջալերել 8-էն 21 տարեկան պատանիներ`որոնք երաժշտական հակում ունին եւ զանոնք պատրաստել որակաւոր ելոյթներու, ոչ միայն Հայաստանի մէջ ելոյթ ունենալու, այլ թերեւս՝ արտերկրի զանազան երկիրներու եւ համայնքներու մէջ:
Պարոն Արծրունի երախտագիտութեամբ կը յիշէ Հայ Օգնութեան Ֆօնտը (Հ.Օ.Ֆ.), որ կազմակերպելով այս շրջապտոյտը, քաջալեր հանդիսացեր էր իր ծրագրին՝ որպէսզի կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կարենար առաւելագոյն չափով իրագործել իր երազը:
Մեր սրտբաց զրոյցին ընթացքին Շահան անդրադարձաւ նաեւ մարդկային յարաբերութեան մասին: Ան արժեւորեց անհատներու միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ վստահութեան եւ հաւատքի ներկայութիւնը: Շեշտեց նաեւ թէ կեանքի մէջ որքա՜ն կարեւոր է մեր շուրջը ունենալ այնպիսի անձ կամ անձեր, որոնց հետ ամէնէն աննշան եւ անկարեւոր նկատուած առօրեայ հարցերու մասին իսկ կարելի է առանց վերապահութեան կամ անկաշկանդ խօսիլ եւ մտքերու փոխանակութիւն ունենալ:
Յատուկ յարգանքով, հաւատքով եւ սիրով կը յիշէ հայրենի վաստակաւոր երաժիշտ՝ Եդուարդ Միրզոյեանի ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ:
Ուրախ ենք լսելու թէ, Մայիս 18, 2018-ին Վարդանանց Ասպետներու կազմակերպած յատուկ յայտագրով Նիւ Եորք- Նիւ Ճըրզիի համայնքին արուեստասէրները ներկայ պիտի ըլլան բազմատաղանդ Շահան Արծրունի արուեստագէտին մեծարման հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ նոյն օրը պիտի մեծարուի մեզի ծանօթ անուն՝ Կոմիտաս երգչախումբի վաստակաւոր խմբավար՝ Քրիս Գալֆայեանը:
***
Մեր երկրագունդի գրեթէ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ իր ելոյթներով փայլող, իր ձայնասփռումներով գերազանց տպաւորութիւն ձգող Շահան Արծրունի երաժշտագէտը անկուշտ-անհանդարտ պրպտողն ու միաժամանակ լոյս սփռողն է մեր երաժշտական աշխարհի ազգային հարստութիւններուն:

Շահան Արծրունիի Հ.Հ. Հանրապետութեան Շնորհաւորագիրը
Եւ Մովսէս Խորենացի Մետալը

Երկրագունդի գրեթէ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ իր ելոյթներով Շահան Արծրունին եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ դեսպանը հայ երաժշտութեան տարածման: Իր փայլուն ելոյթներուն եւ գործունէութեան շնորհիւ բնականաբար արժանացած է զանազան պատուաբեր գնահատականներու եւ շքանշաններու: Հոս կ՛արժէ յիշել Վեհափառ Հայր Գարեգին Ա. Սարգիսեանին շնորհած Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Մետալը (1996-ին), իսկ 2015-ին Հ.Հ. Նախագահական Մովսէս Խորենացի Շքանշանի պարգեւատրութիւնը:
Շահան Արծրունիին ամէնէն մեծ գնահատականը սակայն պիտի ըլլայ իր երազը իրականացնող ութը խտասալիկներու ձայնագրութեան ամբողջացումը, հայրենի մանուկներուն երաժշտական պատրաստութիւնը եւ իր տարիներու ընթացքին կուտակած փորձառութիւններուն փոխանցումը նոր սերունդին:
Արծրունի պատրաստ նիւթերով հարուստ պաշար մը ունի, պէ՛տք է որ այդ բոլորը համայնքէ համայնք լսուի, փոխանցուի… Իր մէջ ամբարուած մասնագիտական հարուստ գիտելիքները անհրաժեշտ է, որ ամէն գնով փոխանցուին նոր սերունդին:
Բարի երթ եւ ծրագիրներու իրականցում կը մաղթենք Հայ Ժողովուրդի ծոցէն ծլած-հասակ առած, աշխարահատարած համբաւ վայելող մեր տաղանդաւոր դաշնակահար, երաժիշտ ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻՆ:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “Հանդիպում՝ Դաշնակահար Շահան Արծրունիի Հետ.- Յարատեւ Հոգեկան Պապակի Փնտռտուքով Ստեղծագործ Արուեստագէտը

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles