
Այս Գրքոյկը կը պարփակէ քսանհինգ գրութիւններ, որոնցմէ ոմանք համացանցով բաշխուած են հանրութեան եւ այդ ճամբով անկաշկանդ ձեւով նաեւ լոյս տեսած` մամուլի մէջ: Զանոնք ի մի բերող եւ բազմացնող հատորին հանրութեան ներկայանալու ժամկէտը իրաւամբ կարելի է համարել պատեհ: Միջինարեւելեան հայկական Սփիւռքը ենթակայ է ֆիզիքական եւ հոգեբանական ցնցումի. գաղութներու շարժ` մէկ կողմէ հայ հաւաքականութիւններու փլուզումի վտանգ, միւս կողմէ ընկղմեալ արենակիցներու ապշեցուցիչ վերայայտնում: Իսկ Գ. Գրաճեանի “Վերադարձ Դէպի Անցեալ“ հատորը իր խորագրով արդէն կը մասնակցի այս բազմամակարդակ խլրտումին: Անոր գրութիւններուն պատումը կը կատարուի մեր իրականութեան մէջ յածող աչքի մը կողմէ, որ ակնդէտ կը թաւալի իր ընտանեկան-ծագումային շերտերէն մինչեւ իր ու զինք ներառող հաւաքականութեան ներկան, մօտիկ ու հեռաւոր անցեալը: Յուշա-փաստագրական գրական տեսակին առջեւ ենք ուրեմն, որ ինչպէս պիտի տեսնենք ստորեւ, կը վկայէ մի քանի նախանձախնդրութեանց մասին‘ ճշմարիտ տուեալներու որոնում, հայ իրականութեան բարդ երեւոյթներու դիմաց յանձնառու հարցադրում, այլազան կեցուածքներու ցուցահանումով, յուզական արտայայտչականութեան անսեթեւեթ որդեգրում եւ վերջապէս գեղարուեստական ճաշակի դրսեւորում:
Փաստագրական գրութեան գոյակից է տեղեկագրութիւնը, իսկ ասոր հիմնական արժանիքը կը նկատուի առարկայականութիւնը: Ասիկա առաւել եւս էական կը դառնայ, երբ գրագէտը կը շօշափէ տուեալ ժամանակահատուածի մը մէջ հաւաքականութեան մը համար բախտորոշ, ճակատագրական դէպքեր, ինչպիսին են Հաճնոյ հերոսամարտը, Մուսա լերան հայ բնակչութեան տեղափոխումը, պէյրութահայութիւնը արիւնոտած “58-ի դէպքեր“ը:
Թուական, տեղանուն, մասնակիցներու անուն կը գծեն առարկայական խորքը պատումին: Գրութեան ներմուծուած կամ վերջաւորութեան` էջատակի աղբիւրները կը դարձնեն նշումն ու արժեւորումը վստահելի: Պատումի տէր տիպարն անգամ կը ցուցաբերէ հեղինակին հետազօտող մտքին մտահոգութիւնը, ինչպէս Գանատայէն ճամբայ ելած Վարդանը, որ իր շրջապտոյտի ամբողջ տեւողութեան կը հարցաքննէ մարդիկն ու վայրերը:
Եւ որովհետեւ հաւաքականութեան մը կեանքը ցնցումի ենթարկած դէպքերու տարողութիւնը մեծ է, անոնք նաեւ բարդ են եւ բազմածալ: Հոս, Գրաճեան որդեգրած է առարկայական ըլլալու ճիգին կողքին անկաշկանդ հարցադրում կատարելու կեցուածքը. ինչո՞ւ մինակ մնաց Հաճընը, կարելի՞ էր հաւաքական հայ կեանքը շարունակել Մուսա լեռի մէջ, ինչպէ՞ս բացատրել 58-ի պէյրութահայութեան ներքին արիւնահոսութիւնը եւ դեռ` պէ՞տք էր մասնակից ըլլալ Արեւմտահայաստանի մէջ վերանորոգուած հայկական եկեղեցիներու տօնակատարութեանց…
Այս հարցադրումը պայման չէ որ յանգի մէկին ու անխախտ եզրակացութեան: Այդպիսով է նաեւ, որ այս հատորը կը ստանայ քրոնիկի կողքին` փորձագրութեան իր գոյնը: Պատմագիտական, քաղաքագիտական ուսումնասիրութիւն չէ ան: Հեղինակը կը պրպտէ բայց չի յաւակնիր իր դատումին տալ վճիռի մը շեղբային հատումը:
Փորձ` նաեւ անով, որ հեղինակին նետած ակնարկը իր ու մեր կեանքին վրայ, փաստական ըլլալով հանդերձ կը մնայ գերազանցապէս զգայուն. ան առարկայական է, այո՛, բայց ո՛չ անտարբեր: Այսպիսով պատումին կը թափանցէ քնարականութիւնը: Ուղղակիօրէն կամ դէպքերուն մասնակից ու վկայ տիպարներուն ընդմէջէն գրագէտը կ՛արտայայտէ իր զգացումները. ընտանեկան պահու մը ջերմութիւնը, հայաբոյր մանկութեան մը կարօտը, խաղաղ ու գեղեցիկ բնութեան հրապոյրը, հաւաքական կորուստներու առթած տուայտանքը…
Փաստագրական փորձի մը վերոյիշեալ յատկանիշներուն պէտք է աւելցնել Գրաճեանի գեղարուեստական ձեռքբերումները, որոնց երանգապնակը նոյնպէս լայն է ու կը ներառէ գրական էջի մը հետաքրքրաշարժ կառուցումը, կերպարներու տրոփուն ուրուագծումը, այլազան տիպարներուն մտքերէն ու հոգիներէն ներս թափանցումը հեղինակին` քնքշօրէն սրամիտ: Արդիւնք` հայ կեանքի այլազան բնագաւառները շօշափող պատումը մեծ հարազատութեամբ կը վերակենդանացնէ տուեալ պահը. լիբանանեան գիւղի մը մէջ հայկական ամառնային առօրեան, հայկական թաղերու կեանքն ու կենցաղը, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը… ու մեր դիմաց կը հիւսուի լրագրա-վիպագրական ապրող պաստառ մը:
Խօսեցանք պատումը կատարող աչքին մասին: Հիմա կրնանք եզրակացնել, թէ “Վերադարձ Դէպի Անցեալ“ հատորը բազմաձայն յառնումն է վերջին հարիւրամեակին Միջին Արեւելքի եւ Արեւմտահայաստանի մէջ հայկական ներկայութեան ու կեանքին մասին վկայող ձայներու: Բազմաձայն պատումն է ան, մեր կեանքը` Գ. Գրաճեանի պրիսմակէն կոտորակուող ու ցրուող: Կ՛ուզեմ նշել, թէ այդ պրիսմակի գոյներէն մին` Լիլան, փխրուն ու ամուր հայուհիի իր կեցուածքով, խորհրդապահօրէն կ՛ընկերակցի Գրաճեանի հայկական խռովքին:
Շ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Ապրիլ 2013, Պէյրութ