Նալպանտեան – Լաւրով Հանդիպում

0 0
Read Time:59 Second

p4 bis2

ԵՐԵՒԱՆ.- Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին, իր մասնակցութիւնը բերելու համար, Երեւան ժամանեց Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Սերգէյ Լաւրով, որ Յուլիս 4-ին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանին հետ: Նաեւ ժամանեց եւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարին հետ հանդիպում ունեցաւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար՝ Նիքոլա Պորտիւժան:p4 bis1
Կայացած հանդիպումի ընթացքին Նալպանտեան եւ Լաւրով անդրադարձան հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, երկկողմանի հարցերու եւ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին: Նաեւ, քննարկուեցան Արցախեան տագնապի նուիրուած` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:

Սարգսեան Տեսակցեցաւ Պորտիւժանի հետ

p4 SargsianԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, Յուլիս 4-ին, նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի անդամները եւ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան:
Սարգսեան կարեւոր նկատեց նիստին աշխատանքը, որ նպատակաուղղուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկուն` կազմակերպութեան անդամ երկիրներու միջեւ արտաքին քաղաքականութեան համակարգման արդիւնաւէտութեան բարձրացման:
Նիքոլա Պորտիւժան Հայաստանի նախագահին զեկուցած է արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի օրակարգի ծիրին մէջ քննարկուելիք հարցերու եւ Հայաստանի նախագահութեան շրջագիծին մէջ կազմակերպութեան յառաջիկայ ծրագիրներու մասին: Իսկ Սարգսեան կարեւոր նկատած է միջազգային հարթակներու վրայ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու կողմէ փոխադարձ կենսական շահերու հետապնդումը` հաշուի առնելով սկզբունքային պայմանաւորուածութիւններու հետեւողական իրականացումը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles