ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ ՕՊԱ­ՄԱ ԿԸ ՓՈՐ­ՁԷ ԾԱԾ­ԿԵԼ ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵՂ­ԱՍՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՕՐԵ­ՐՈՒ ԱՊԱ­ՀՈ­ՎԱԳ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱՐ­ՑԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 50 Second

p 1  ՈՒԱ­ՇԻՆԿ­ԹԸՆ.- Նա­խա­գահ Պա­րաք Օպա­մա, Գե­րա­գոյն Ատ­եա­նին յղուած նա­մա­կով մը, կոչ ըրած է, որ չքննէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրե­րուն ապա­հո­վագ­րու­թիւն գնած հա­յոր­դի­նե­րու իրա­ւունք­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցը:

Այս նա­մա­կը որ Ուր­բաթ, Մա­յիս 10 թուա­կիր է, պատ­րաստ­ուած է  կա­ռա­վա­րու­թեան փաս­տա­բա­նին կող­մէ:
Նշենք, թէ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Շրջա­նա­յին ին­նե­րորդ ատ­եա­նը բե­կա­նած էր Գա­լի­ֆորն­իոյ նա­հան­գա­յին այն օրէն­քը, որ ապա­հո­վագ­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րէն իրենց իրա­ւունք­նե­րուն վե­րա­տի­րա­նա­լու ար­տօ­նու­թիւն կու տար ապա­հո­վագ­րու­թիւն գնող­նե­րու ժա­ռան­գորդ­նե­րուն: Գե­րա­գոյն ատ­եա­նը Հոկ­տեմ­բեր 2012ին դի­մած էր Օպա­մա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան` անոր դրա­կան կար­ծիքն ու ար­դար մօ­տե­ցու­մը խնդրե­լով:

Գե­րա­գոյն Ատ­եա­նին յղուած 27 էջ­նոց նա­մա­կին մէջ, Օպա­մա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւնը կը շեշ­տէ, թէ Գա­լի­ֆորն­ի­ան իր իրա­ւա­սու­թիւն­նե­րէն դուրս օրէնք­ներ սահ­մա­նած է` աւելց­նե­լով, թէ Ուա­շինկ­թըն ան­յար­մար կը նկա­տէ Օս­ման­եան շրջա­նին պա­տա­հած քա­ղա­քա­կան բնոյ­թով դա­տեր քննար­կու­թեան են­թար­կե­լը: Դա­տը ան­ցած է իրա­ւա­կան եր­կար ու բարդ ճամ­բա­յէ մը, որուն ըն­թաց­քին Շրջա­նա­յին 9րդ ատ­եա­նը երեք տար­բեր ու հա­կա­սա­կան վճիռ­ներ ար­ձա­կած է. անոնց­մէ վեր­ջի­նը` Փետր­ուար 23, 2012ին, որ կը բե­կա­նէր Գա­լի­ֆորն­իոյ օրէն­քը: Այս որո­շու­մէն ետք, դա­տը փո­խանց­ուած էր Գե­րա­գոյն Ատ­եան:

Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Արամ Համ­բար­եան դա­տա­պար­տեց Օպա­մա­յի այս քայ­լը` զայն Թուրք­իոյ վար­չա­կազ­մին ձօն­ուած նուէր մը նկա­տե­լով, մա­նա­ւանդ որ այս վեր­ջի­նը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ: Համ­բար­եան աւել­ցուց, թէ այս քայ­լը նպա­տակ ու­նի ոտնա­կո­խել իրենց իրա­ւունք­նե­րուն վե­րա­տի­րա­նա­լու ամե­րի­կա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն իրա­ւուն­քը եւ կը խո­րաց­նէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րաց­ման ար­շա­ւին մէջ Օպա­մա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան մեղ­սակ­ցու­թիւնը:

Համ­բար­եան եզ­րա­կա­ցուց, թէ հա­կա­ռակ Օպա­մա­յի կա­ռա­վա­րու­թեան այս որո­շու­մին, Հայ Դա­տը պի­տի շա­րու­նա­կէ հե­տապն­դել այս հար­ցը` պա­հան­ջե­լով հա­յե­րու իրա­ւունք­նե­րուն ար­դար հա­տու­ցու­մը:

Յա­ւել­եալ տե­ղե­կու­թեանց հա­մար, այ­ցե­լել www.anca.org/legal/insuranceclaims կայ­քէ­ջը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles