Ա.Մ.Ն. ԱՐԵ­ՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱ­ՆԻ ԱՌԱՋ­ՆՈՐԴ ՕՇԱ­ԿԱՆ ԱՐՔ. ՉՕ­ԼՈՅ­ԵԱ­ՆԻ ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆԸ ՍԱՆ ՖՐԱՆ­ՍԻՍ­ՔՕ

0 0
Read Time:5 Minute, 56 Second

  ՆՈՒ­ՊԱՐ ՏԷ­ՄԻՐՃ­ԵԱՆ

Սան Ֆրան­սիս­քո­յի Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ հովիւը, երես­փո­խա­նա­կան կազ­մը, հո­գա­բար­ձու­թիւնն ու հա­ւա­տաց­եալ ժո­ղո­վուր­դը, հո­գե­կան ան­հուն գո­հու­նա­կու­թեամբ ող­ջու­նե­ցին ներ­կա­յու­թիւնը Ամե­րի­կա­յի Արե­ւել­եան թե­մի առաջ­նորդ Օշա­կան արք. Չօ­լոյ­եա­նի, որ պա­տա­րա­գեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց եկե­ղեց­ւոյ մէջ, Կի­րա­կի, Հոկ­տեմ­բեր 28-ին:

Օշա­կան սրբա­զան Չօ­լոյ­եան ըսաւ.Ին­ծի հա­մար հո­գե­կան մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն է 46 տա­րի­նե­րու եկե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեանս ըն­թաց­քին այս` Ս. Գրի­գոր Լուս. եկե­ղեց­ւոյ մէջ առա­ջին ան­գամ Պատա­րա­գել ու քա­րո­զել: Շնոր­հա­կալ եմ, որ ձեր աղօթք­նե­րով մաս­նա­կից կ՛ըլ­լաք մեր եկե­ղեց­ւոյ զօ­րու­թեան, յատ­կա­պէս Սան Ֆրան­սիս­քո­յի ու շրջա­կայ­քի հայ հա­մայն­քի զօ­րու­թեան“:

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ սոյն Կի­րա­կին կը զու­գա­դի­պէր Գիւտ Ս. Խա­չի Կի­րակի­ին` Սրբա­զան Հայ­րը, որ­պէս քա­րոզ ընտ­րած էր նոյն նիւ­թը: Պի­տի ընենք կարգ մը մէջ­բե­րում­ներ սրբա­զա­նի քա­րո­զէն` նկա­տի ու­նե­նա­լով նիւ­թին շա­հե­կա­նու­թիւնը եկե­ղե­ցա­կան առու­մով, թէ ինչ­պէս Կոս­տանդ­ի­ա­նոս կայ­սեր մայ­րը` Հե­ղի­նէն, իր զօ­րա­ւոր հա­ւատ­քով ու­զեց գտնել Քրիս­տո­սի խա­չը: Նա­եւ, այս ձե­ւով կ՛ու­զենք մատ­չե­լի դարձ­նել սրբա­զա­նին այդ օր­ուան պատ­գա­մը հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն, որոնք ակա­մայ բա­ցա­կայ էին այդ օրը եկե­ղեցի­էն:

Առաջ­նոր­դը իր պատ­գա­մը սկսաւ Պօ­ղոս առաք­եա­լի խօս­քե­րով. Բայց մենք խաչ­եալ Քրիս­տոս կը քա­րո­զենք. Պօ­ղոս առաք­եալ այս խօս­քե­րով, իր նա­մա­կին մէջ կ՛ու­զէ յի­շեց­նել, որ Քրիս­տո­սի խա­չե­լու­թիւնը մար­դոց իմաս­տու­թե­նէն շատ աւե­լի վեր է, եւ Քրիս­տո­սի խա­չե­լու­թիւնը մե­զի կը բե­րէ նոր կեանք, որուն քա­րոզ­չու­թեան հա­մար Ինք ոե­ւէ վայրկ­եան չի մտա­հոգ­ուիր: Այս խօս­քե­րը այ­սօր կ՛ը­սեմ, որով­հե­տեւ մեր եկե­ղեց­ւոյ օրա­ցոյ­ցին մէջ այ­սօր Գիւտ Խաչն է` Խա­չին գիւ­տը, զոր թե­րեւս ձեզ­մէ շա­տե­րը գի­տեն որ­պէս պատ­մու­թիւն, թէ ինչ­պէ՛ս չոր­րորդ դա­րու սկիզ­բը, երբ Կոս­տանդ­ի­ա­նոս կայ­սեր մայ­րը` Հե­ղի­նէն, իր զօ­րա­ւոր հա­ւատ­քով ու­զեց ան­պայ­մա՛ն գտնել Քրիս­տո­սի Խա­չը. գա­ցին մին­չեւ Երու­սա­ղէմ եւ այն­տեղ եր­կար փնտռտու­քէ ետք, ըստ պատ­մի­չին, յան­կարծ աղ­բե­րու մէ­ջէն կրցան դուրս բե­րել երեք խա­չա­փայ­տեր. որ­պէս­զի ճշգրիտ գիտ­նա­յին, թէ ո՞րն է Քրիս­տո­սի խա­չա­փայ­տը, այն­տե­ղէն պա­տա­նի մեռ­եալ մը կ՛ան­ց­նէ­ին, ուս­տի եր­կու խա­չե­րը կը դնեն անոր վրայ, բայց երբ եր­րորդ խա­չը կը դնեն, մեռ­եա­լը յա­րու­թիւն կ՛առ­նէ: Այլ խօս­քով` այ­սօր երբ Խա­չի գիւ­տին մա­սին կը խօ­սինք, խաչ գտնե­լու մա­սին, մենք ալ պէտք է 21-րդ դա­րու մեր օրե­րուն մտա­ծենք, թէ ինչ­պէ՛ս կրնանք գտնել խա­չը: Վեր­ջա­պէս, ատի­կա այդ նոյն խաչն էր, որ մեր բո­լո­րին փրկու­թեան ճամ­բան բա­ցաւ. փրկու­թիւնը խօսք չէ, փրկու­թիւնը մեր ամէն օր­ուան կեանքն է, որ մեր հա­ւատ­քին մէջ մենք զմեզ ծա­ռայ դարձ­նե­լով Քրիս­տո­սի` պէտք է մեր նման­նե­րուն, աղ­քա­տին, կա­րե­կի­ցին եր­թանք, օգ­նենք, եւ անի­կա ճամ­բան կը բա­նայ այն փրկու­թեան, զոր Քրիս­տոս իր արիւ­նով մե­զի տուաւ:

Սի­րե­լի հա­ւա­տաց­եալ­ներ, երբ հիւանդ ենք, ամէն օր կ՛եր­թանք բժիշ­կի, բայց կը մտա­ծե՞նք ան­գամ մը, որ երբ մեր հո­գին պէտք ու­նե­նայ երկ­նա­ւոր բժիշ­կի` Իրե՛ն եր­թալ, որով­հե­տեւ միայն Ի՛նքն է, որ անց­եա­լի մեղ­քե­րը կրնայ սրբել, միմ­իայն Ինքն է, որ ներ­կա­յի ան­կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն, անօգ­նա­կա­նու­թիւն­նե­րէն կրնայ ազա­տել եւ միայն Ինքն է, որ մեզ անո­րո­շու­թիւն­նե­րէն եւ վա­խէն կը փրկէ: Հե­տե­ւա­բար, եթէ մենք ու­նինք այս­պի­սի էու­թիւն մեր մէ­ջը, այ­սօր մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է ան­գամ մը եւս մենք զմեզ քննել, որ­պէս­զի կա­րե­նանք այդ Խաչ­եա­լը գտնել: Երա­նի անոր, որ վի­զէն կախ­ուած ոսկի­ին փո­խա­րէն կը գտնէ այդ խա­չը, որ իր հոգի­ին մէջն է, որ չի կորս­ուիր, մի՛շտ մնա­յուն է եւ մեր հո­գի­նե­րուն փրկու­թիւն կը բե­րէ: Այ­սօր Գիւտ Խա­չը, սի­րե­լի­ներ, այս պատ­գա­մով մե­զի կու գայ, Քրիս­տոս կ՛իջ­նէ բո­լո­րիդ մէջ եւ կը նա­յի, թէ ձեր հոգիի խա­չե­րուն վրայ Ինք ներ­կա՞յ է. այն առա­քե­լու­թեամբ, զոր ինք ու­նե­ցաւ մեր բո­լո­րին հա­մար, արդ­եօք մենք մեր ամէ­նօր­եայ կեան­քը կապ­րի՞նք: Ինք` կը սի­րէ մեզ, սի­րեց մեզ եւ մե­զի եկաւ, իսկ ամէն օր մենք կը սի­րե՞նք Զինք ճշմա­րիտ սի­րով, ո՛չ թէ խօս­քով, այլ` զո­հո­ղու­թեամբ: Որով­հե­տեւ Քրիս­տո­սի աղօ­թե­լը կը նշա­նա­կէ Քրիս­տո­սի նմա­նիլ, Իրե՛ն պէս ըլ­լալ, որ­պէս­զի մեր կեան­քը դառ­նայ այն­քան սի­րա­լիր, որ ու­րիշ­նե­րը մեր միու­թիւնը գտնեն Աս­տու­ծոյ հետ եւ հա­մայն­քին հետ“:

Եկե­ղե­ցա­կան արա­րո­ղու­թիւն­նե­րու աւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ սուր­ճի հիւ­րա­սի­րու­թիւն: Օշա­կան սրբա­զան մաս­նա­կից դար­ձաւ հիւ­րա­սի­րու­թեան, որ յա­ւել­եալ առիթ մը եղաւ աւե­լի մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու ու մտեր­միկ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րուն, հին ու նոր ծա­նօթ­նե­րու ու բա­րե­կամ­նե­րու հետ:

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles