
Հ.Հ. Նախագահ Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ, Կիրակի, Նոյեմբեր 11ին, ժամանեց Փարիզ: Հանդիպումներ կատարուեցան նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի, վարչապետ Ժան-Մարք Էյրոյի, Ազգային Ժողովի նախագահ Քլօտ Պարթոլոնի, Ծերակոյտի նախագահ Ժան-Փիէր Պէլի, Ազգային Ժողովի եւ Ծերակոյտի “Ֆրանսա – Հայաստան“ բարեկամութեան խումբերուն երեսփոխաններուն հետ:
Նախագահ Սարգսեան, նաեւ այցելեց Լիոն, ուր հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետ, ծերակուտական Ժերար Քոլոնի հետ, իսկ այնուհետեւ Ֆրանսայի մեծագոյն արդիւնաբերական շրջաններէն մէկուն` Ռոն-Ալփի Առեւտրա-արդիւնաբերական պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի գործարար համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Նշենք թէ այս այցելութեան առթիւ, ազերի եւ թրքական սփիւռքի կազմակերպութիւնները Նոյեմբեր 12ին ցոյց մը կը կազմակերպեցին Հայաստանի Փարիզի դեսպանատան առջեւ` բողոքելու համար “Խոճալուի ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն եւ ատրպէյճանական հողերու գրաւման գլխաւոր դերակատարներէն մէկուն` Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա այցելութեան դէմ“: Ֆրանսայի այլ քաղաքներէն, յատկապէս` Սթրազպուրկէն եւ դրացի երկիրներէն` Պելճիքայէն, Գերմանիայէն, Հոլանտայէն ժամանած էին ցուցարարները:
Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտ, հայաստանցի իր պաշտօնակիցին ի պատիւ կազմակերպած է ճաշի հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ղեկավարներ: Ֆրանսայի նախագահը այս հաւաքոյթին ընթացքին վերահաստատած է իր յանձնառութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման: Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ապահովել իրաւական հիմքեր` Սահմանադրական խորհրուրդին մէջ օրինագիծի առկախումէն խուսափելու համար:
Երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Հոլանտ յայտարարած է, որ իր երկիրը կ՛ուզէ ընդարձակել Հայաստանի հետ մշակութային յարաբերութեան շրջագիծը: “Մենք նաեւ կ՛ուզենք ամրապնդել տնտեսական փոխգործակցութեան մակարդակը“, յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահը:
Իր կարգին Սերժ Սարգսեան հայ ժողովուրդին եւ անձամբ իր անունով շնորհաւորեց Ֆրանսուա Հոլանտը` Ֆրանսայի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Հայաստանի նախագահը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է իր պաշտօնակիցին եւ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին` Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ դրսեւորած իրենց կեցուածքին համար, որ շատ կարեւոր է հայ ժողովուրդին համար: “Ֆրանսայի նախագահն էր կանգնած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դրա ժխտումը քրէականացնող օրինագծի ակունքներում“, ըսաւ Սարգսեան:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները նաեւ անդրադարձան Արցախեան հակամարտութեանն առնչուող հարցերու: Ֆրանսայի նախագահը վերահաստատեց Մինսքի խմբակի համանախագահներուն պատրաստակամութիւնը` բանակցութիւնները շարունակելու ուղղութեամբ: “Ֆրանսա ամէն բան պիտի ընէ, որպէսզի բանակցութիւնները վերսկսին: Լուծումը պէտք է հիմնուի Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ“, շեշտեց Հոլանտ: