
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան կառոյցէն ներս, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու ղեկավարութեան ընդլայնուած կազմով նիստի ընթացքին, նախագահ Սերժ Սարգսեան` խօսք առնելով, բուռն կերպով քննադատեց Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը:
Սարգսեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ մասին, զայն բնութագրելով իբրեւ շրջանային պետութիւն մը, որ անվերապահօրէն կը սատարէ Պաքուի հակահայ քաղաքականութեան: Ան յայտնեց թէ, “Մէկ ազգ, երկու պետութիւն“ կարգախօսին ներքեւ ձեւաւորուած թուրք-ազերի դաշինքը չյաջողեցաւ եւ պիտի չյաջողի շրջափակման, բաժանարար գիծերու խորացման եւ համագործակցութեան բացառման միջոցով Հայաստանէն միակողմանի զիջումներ կորզել: Նախագահը նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուիլ եւ դրացիներուն հետ “զերօ խնդիրներու“ քաղաքականութիւնը “զերօ արդիւնք“ տուաւ: Ըստ նախագահին, անոր պատճառը այն է, որ Թուրքիա կը ձգտի դրացիներուն հետ բոլոր խնդիրները լուծել դրացիներուն հաշուոյն: Ան աւելցուց, որ Հայաստանի համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը սոսկ արդարութեան եւ արդարադատութեան պահանջ չէ կամ նախնիներուն առջեւ ունեցած բարոյական պարտքի կատարում, ատիկա ունի նաեւ անվտանգութեան նշանակութիւն: “Կը կարծեմ, որ առանց Թուրքիոյ անկեղծ ապաշխարհանքին եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման, շրջանին մէջ Հայաստանի անվտանգ գոյութիւնը պիտի շարունակէ վտանգուած մնալ“, ըսաւ ան:
Նշելով, որ Հայաստանի անվտանգութեան համար գլխաւոր սպառնալիքը կը մնայ Արցախի հարցին մէջ, Ատրպէյճանի ղեկավարութեան բացայայտ հայատեաց, ցեղապաշտական, ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, Սարգսեան փաստեց, որ Պաքու բացէ ի բաց կը խախտէ զինադադարի պայմանները եւ շփման գիծին վրայ պարբերաբար զինուորներ կը զոհուին: “Մենք պէտք է ամէն օր, ամէն պահու պատրաստ ըլլանք պատերազմ քարոզող դրութեան կողմէ նոր զինուորական արկածախնդրութեան: Հայաստանը եւ Արցախը չեն ցանկար, սակայն բոլորը պէտք է վստահ ըլլան, որ մենք արժանապատիւ պատասխան պիտի տանք նետուած որեւէ մարտահրաւէրի: Այլեւս երբեք Արցախի բնակչութիւնը պիտի չկանգնի ֆիզիքական ոչնչացման վտանգի առջեւ: Հայաստան անոր երաշխաւորն է“, ըսաւ Սարգսեան:
Ան աւելցուց, որ Արցախի ճակատագիրը պիտի որոշէ ժողովուրդը: Ան յղում կատարեց միջազգային իրաւունքին եւ միջազգային բազմաթիւ փաստաթուղթերուն` աւելցնելով, որ Արցախի իշխանութիւններուն լիարժէք մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն կը դառնայ օրուան հրամայական:
Հայաստանի նախագահը յստակացուց, որ Հայաստանի անվտանգութեան առանցքը պիտի շարունակէ մնալ հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային գործընկերութիւնը: