++++ Յ Ո Ւ Ն Ի Ս  Ք Ս Ա Ն ++++

0 0
Read Time:2 Minute, 54 Second

Վեհանոյշ Թեքեան

Յունիս 7, 2021

Ա.Մ.Ն.

Արեան եւ ցաւի, պղտորութեան եւ ստորնութեան անկասելի զարիթափին վրայէն՝ «վարդահեղեղ արշալոյսի մը ոտնաձայնը կ՚առնեմ», որ մեզ պիտի վերականգնէ ու վերադասէ արժանապատի՛ւ ապրող ժողովուրդներու կողքին։

Պիտի քանդէ Չարիքի որջերը։ Մեր երկրի ընդերքին բացուած ծերպերէն ներս պիտի հրէ բոլոր սողացող հայածին բայց հակահայ ոյժերը։ Յաւերժօրէն պիտի սգայ իր մարդկային կորուստները – սերունդ մը որ արեւ չտեսաւ, որ Եռաբլուր կազմեց, բայց այնպիսի շող մը արձակեց որ մեր Ապագան կը փրկէ մութին մէջ մխրճուելէ։

Ի զուր նահատակուեցան անոնք, ի զուր խոշտանգուեցան, լքուեցան, հաշմանդամ դարձան. ընտանիքներու առօրեայ հացը բզիկ-բզիկ եղաւ, արցունքով ողողուեցաւ։ Բանակը դարձաւ անատակ ու նահատակ։ Մեր սրբավայրերը սգացին իրենց անտէրութիւնը եւ սահմանամերձ գիւղերը մէկ առ մէկ իրաւազուրկ դարձան։

Կայ վարչապետ մը որ բառացիօրէն սահմանազանց է։ Ըստ իրեն, սահման ըսուածը մեր աշխարհագրութեան հետ կապ չունի։ Եթէ Ազերին կ՚ուզէ՝ ըսել է այդտեղ մեր սահմանը չէ, անկախ այն իրողութենէն թէ Ճի Փի Էսն ալ մեր իրաւական սահմաններէն կը խլէ։ Անսահմանօրէն թոյլատու է երբ Ազերի ոյժեր մեր սահմաններէն ներս կ՚անցնին, մինչ այդ կ՚արգիլէ հայերուն՝ ինքնապաշտպանութիւն մե՛ր հողին վրայ։ Հետեւա՞նք՝ դարձեալ առեւանգումներ, խժդժութիւն։ Հիասթափութիւն։

Սեւ Լիճին երեսուն առ հարիւրին համար պատերազմի՞նք։ Քաւ լիցի, ո՛վ որ ի՛նչ որ կ՚ուզէ տա՜նք։ Տա՜նք ու ծուարինք։ Այդպէս որոշուած է, դուն՝ քնացած հայ, ի՛նչ գիտես Ազերին որքան կը սիրէ Նիկոլին։

Եթէ Փաշինեան այդքան կը վախնար պատերազմէ, ինչո՞ւ նոյնիսկ Հոկտեմբեր քսանին չընդունեց Փութինի լուծումը եւ շարունակեց պատերազմը – պարզապէս որպէսզի իր անձը դաւաճան չյորջորջուի՞ – իր ինքասիրութեան եւ անբուժելի անհեռատեսութեան պատճառով երկու հազար մարտիկներ եւս զոհուեցան։ Արիւնարբու մարդ. Խիղճի նշոյլը չունի։ Պատերազմը շարունակեց որովհետեւ տակաւին Շուշին չէր կրցած յանձնել Մեծն Ալիեւին։

Իր տգիտութիւնը նոյնպէս սահման չճանչնար։ Եթէ Ալիեւը կ՚ըսէ թէ Շուշին … Շուշա է. ուրեմն Շուշին արդէն հայերու չէ պատկանած, հայը հոն չէ ապրած։ Ուրեմն Հայ եւ օտար պատմաբանները յերիւրած են։ Այո, կա՜յ «տժգոյն եւ դժբախտ» բան մը – տժգոյնը իր հոգին է, դժբախտը իրեն յանձնուած դերը, եւ հետեւաբար հայ ժողովուրդը։

Ա՛յս իսկ պատճառով, առանց այլեւս տատամսելու, պէտք է արմատախիլ ընել, «դէն շպրտել» բոլոր դաւադիրները, եւ բանալ կիսախուբ աչքերը հայու այն տեսակին որ թմրութեան եւ անտարբերութեան միջեւ կը տատանին։

Մեր սուրբ Հողը կը սահի մեր ոտքերուն տակէն, իսկ թշնամին Շուշիի մէջ նստած, կը խմէ Նիկոլ Փաշինեանի կենա՜ցը, որ այնքան դիւրացուց ոսոխին կեանքը, միաժամանակ մեր սեփական արեան մէջ թաթխելով՝ դժոխք դարձուց հայո՛ւն կեանքը։

Փրկարար թուական մը կայ – Յունիս Քսան. այլ երկընտրանք չկայ. ձեռնածալ նստիլ, չընտրել կը նշանակէ շարունակել գահավիժումը, որուն խոստացեալ Ապագան անդո՛ւնդն է- ինչո՞ւ չէ, հո՛ն ալ Ապագայ կայ … մինչեւ շնչահեղձ մեռնիլը։

Յունիս Քսան. միասնաբա՛ր, ազգովին օգնենք որ զօրեղ ընդդիմադիրը՝ “Հայաստան” Դաշինքը վերականգնէ մեր ինքնութեան վիրաւոր շունչը, մեր ցնցուած հողին հնադարեան հոգին, մեր մշակոյթի եւ հաւատքի գմբէթները։ Օդին նետուած խոստումներ չեն ասոնք. մանրամասն ծրագիր կայ ներկայացուած, արդիական պետութեան մը տեսլականը, ուր պիտի ընդգրկուին հաւասարապէս՝ հանրութեան առաջարկները։ Միահեծանն ու ազգակործանը պիտի ջնջուին։

Եթէ պէտք է կասեցնել այլապէս անկասելի գահավիժումը, պէտք է զօրավիգ կանգնիլ դաշինքին՝ որ ոյժն ու կարողութիւնը ունի անոր։ Ճակատագրական պահուն առաջնահերթութիւնը ա՛յդ պէտք է ըլլայ. եւ ո՛չ թէ անցեալի ողբերգական իրողութիւնները։ Ապագան պէտք չէ թաղել անցեալի պատճառով։ Հայաստան աշխարհի եւ հայ ազգի գոյատեւմա՛ն հարցը ճգնաժամային է։ Վերջին եօթ ամսուան ընթացքին 80,000 մարդ հեռացած է Հայաստանէն…..

Անցեալի մթնագին տասնամեակէ մը ետք՝ յոյս եւ հաւատք ներշնչող զօրաւոր դաշինք մը գոյութիւն ունի, որ պիտի ապահովէ հայ ժողովուրդին յաւերժագնաց երթի յաղթերգը։

Յունիս Քսան։ Ճակատամարտ ներքի՛ն թշնամիին դէմ։ Յաղթանակ մեր արժանապատուութեան եւ յաւերժութեան համար։ Ուխտի դրօշակ։

«Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ոյժի մէջ է»։ Եղիշէ Չարենց մարգարէ։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles