
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Ասպարէզ»-ի Շաբաթ, 3 Փետրուարի օրինակս տունս հասած էր Երկուշաբթի օր, զայն կարդալու առիթ ունեցայ երեկոյեան. Արամ Մանուկեանի յուշարձան-կոթողին մասին լուրն ու ընկերներուս արձագանգումները խռովեցին զիս, կասկած չունիմ՝ նաեւ ոեւէ հաւատարիմ հայորդի։ Թերթին մէջ լոյս ընծայուած լուսանկարը գունաւոր չէր, լիովին չկրցայ պատկերացնել թէ ի՞նչ յղացքով պատրաստուած էր նախագիծը։ Անցայ պատկերասփիւռիս դիմաց եւ որոնեցի Հայաստանի «Հ. 1» կայանի լուրերու էջը՝ «Օրակարգ»ը։ Նպատակս այս անգամ օտարաբանութիւններու առօրեայ խայտառակութեան հետեւիլ չէր, այլ տեսնել՝ թէ արդեօք այս մասին նորութիւն կա՞յ։
Սպասումս ի թերեւ չանցաւ. 16.14 վայրկեան տեւողութեամբ լրատուական հատուածին մէջ), այս հարցին տրամադրուեցաւ հազիւ մէկ վայրկեան , այն ալ՝ լիարժէք… լպրտումով (դահուկարշաւի վերաբերող բաժին մը աւելի ծաւալուն էր)։ Լուրերը հաղորդողը բաւականացաւ մօտաւորապէս հետեւեալ բացատրութեամբ. այս օրերուն, համացանցի եւ կարգ մը լրատուամիջոցներու մէջ կþարծարծուի Արամ Մանուկեանի յուշարձանի հարցը, տեղի ունեցած է մրցում, 10 մասնակիցներէն՝ յանձնաժողովին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է 2-րդ տեղը գրաւողին նախագիծին վրայ։ Յետոյ, ցուցադրուեցաւ նախագիծին գունաւոր պատկերը (նման «Ասպարէզ»ի լուրին ընկլրացող լուսանկարին), ցուցադրուեցաւ յանձնաժողովի անդամ Յաղթանակ Շահումեանի կարճ լուսաբանութիւնը, որմէ կրցայ միայն այն հասկնալ, թէ շրջանառութեան դրուած լուսանկարը չի համապատասխաներ նկատի առնուած նախագիծին, հեղինակը այդ տարբերակը չէ ներկայացուցա՛ծ իսկ յանձնաժողովին, ու վերջապէս՝ յուշարձանի զետեղման թուականը (Երկուշաբթի, 5 Փետրուարի ժամը 13-ի հաղորդումն է, կրնաք ամբողջութեամբ դիտել հետեւեալ «կապ»ին միջոցով. https://youtu.be/5K9F8ejB_m8)։
Ինծի համար յստակ չեղաւ, թէ բուն նախագիծը ի՞նչ է, այլ աղբիւրներէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ քաղելու առիթ ալ չեմ ունեցած, սակայն բնականաբար կը ձայնակցիմ «Ասպարէզ»ին ու բոլոր անոնց, որոնք կը պահանջեն, հրամայելո՛ւ պէս կը պահանջեն, որ այս նախագիծը դուրս գայ խորհրդաւորութեան մշուշէն ու հայաստանաբնակ ու սփիւռքաբնակ հայութիւնը հասկնայ, թէ «ինչը ինչո՛ւմն է»։
Չեմ ուզեր վերադառնալ այն խայտառակ ու անմակարդակ բանավէճին, որ քանի մը ամիս առաջ ծաւալեցաւ Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին վայրին շուրջ, երբ հին ու մաշած «փորի ցաւեր» հրապարակ բերուեցան, հարցականի տակ առնելու համար Ա. Մանուկեանի տեղը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ։ Անհիմն բաղդատականներ ալ կատարուեցան, փորձ եղաւ հարցը «կուսակցականացնելու», առանց անդրադառնալու, որ Արամ Մանուկեան, Սարդարապատ ու Հայաստանի հանրապետութիւն կերտող հերոսները ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, եւ ո՛չ թէ մէկ կուսակցութեան պարծանքն են ու պիտի մնան, ինչպէս որ ցեղասպանները պատուհասողները յանուն ՀԱՅՈՒԹԵԱ՛Ն դիմեցին արդարահատուցման, եւ ո՛չ թէ միայն փառք ու պարծանք բերելու Դաշնակցութեան։ Մինչդեռ ժամանակն է, որ մեր ետին թողունք մանր հաշիւները, մեր պատմութիւնը կերտող տիտանները բազմեցնենք իրենց վայե՛լ պատուանդաններու վրայ, ո՛ր կուսակցութեան ալ որ պատկանին անոնք։

Այս հարցին յստակացումն է որ կը սպասուի Յանձնաժողովէն, ոչ՝ նման այն կէս-բերան հաղորդումին, որ սփռուեցաւ Երկուշաբթիի յիշեալ լրատուութեան ճամբով։ Չեմ ուզեր այս հանգրուանին յանցանքին ծանրութիւնը բեռցնել Յաղթանակ Շահումեանի ուսերուն, որովհետեւ Հայաստանի լրատու աղբիւրներու յաճախակի անլրջութիւնը կը թելադրէ զգուշաւոր ու շրջահայեաց ըլլալ։
Արամ Մանուկեանի դիմագիծը հարազատօրէն պատկերող յուշարձանի մը պահանջը անհիմն չէ, բացատրեմ թէ ինչո՛ւ, եւ խօսիմ օրինակներով։ Երեւան ու Հայաստանի տարբեր շրջանները այցելողը ընդհանրապէս սքանչացումով կը դիտէ արուեստագէտներու, գրողներու եւ այլ դէմքերու նուիրուած բազմաթիւ յուշարձանները, որոնք մեր արուեստագէտներուն տաղանդն ու խնդրոյ առարկայ անձնաւորութեանց էութիւնը կը բացայայտեն։ Օրինակի համար, օփերայի հրապարակին վրայ բազմած Թումանեան մը պատկառանք կþազդէ, նմանապէս Իսահակեանի մը, Չարենցի մը քանդակները, Երաժշտանոցին դիմացի զբօսայգիին մէջ Կոմիտասի սքանչելի արձանը՝ նոյնքան հրաշալի յղացքով, ու տակաւին՝ Վարդան Մամիկոնեանի, Հայկ Նահապետի, Սասունցի Դաւիթի ու բազմաթիւ այլ տիպարներու յուշակոթողները, դեռ չեմ խօսիր Էրեբունիի թանգարանին դիմաց կանգնող քանդակին ու այլոց մասին։ Դասական թէ նորարարական ոճով քանդակող արուեստագէտներ նախանձախնդիր եղած են խնդրոյ առարկայ անձին, տիպարին էութիւնը մարմնաւորել իրենց գործով։ Միւս կողմէ, կը հանդիպինք նաեւ յուշակոթողներու եւ արձաններու այլ շարքի մը, որոնք կը ստեղծեն «ճաշակի հարց», տիպարին հարազատ մնալու բարի նպատակով՝ արուեստագէտի մը իւրայատուկ մեկնաբանութեան ու մօտեցուին հայեցակէտով։ Օրինակի համար՝

Առնօ Պապճանեանի մը կամ Ուիլիըմ Սարոյեանի մը յուշարձանները։ Արուեստագէտ մը որոշ տրամաբանութեամբ մը եւ շարժումի ներմուծման յղացքով մը քանդակած է Պապաճանեանը. չարամիտ մը կրնայ անոր մէջ տեսնել երգիծանակարային տարրեր ալ. մեկնաբանութեան հարց է, կարելի է վիճիլ արուեստագէտին հետ, կամ՝ համակերպիլ։ Անդին, Սարոյեանը լաւ ճանչցող մը հազիւ թէ կրնայ այդ արձանին մէջ տեսնել մեծ գրողը (տեսնել լուսանկարները), որմէ քանի մը քայլ անդին, տիրական տպաւորութեամբ կանգնած է Սարեանի յուշարձանը։
Եւ թող ոչ ոք մտածումը ունենայ, թէ Արամ Մանուկեանի մը կամ նման տիտաններու յուշակոթողներուն յղացքը պէտք է թողուլ զանոնք լիովին չճանչցող արուեստագէտի մը քմայքին ու ճաշակին, կամ՝ եղածին մասին կարծիք յայտնելու համար պէտք է մե՜ծ արուեստաբան ըլլալ։ Այլ խօսքով, կարելի չէ Արամ Մանուկեան մը քանդակել այն տրամաբանութեամբ ու յղացքով, որուն արժանացած են Սարոյեանի պէս մեծեր (որպէսզի կանխեմ թիւրիմացութիւնները, անմիջապէս ըսեմ, որ մեծ սէր ու յարգանք ունիմ թէ՛ Սարոյեանի, թէ՛ Պապաճանեանի եւ թէ անոնց ճակատագիրին մատնուած դէմքերու նկատմամբ, յարգանք ալ կրնամ ունենալ զանոնք քանդակող արուեստագէտներուն)։ Արամ Մանուկեանի ու նմաններու պարագային, հարցը պէտք է դիտել բոլորովին տարբեր անկիւնէ, Արուե՛ստը լիարժէքօրէն լծել անոնց ոգին լիարժէքօրէն կերպարելու նպատակին. հոս, «այսինչ արուեստագէտը այսպէ՛ս կը տեսնէ-կը մեկնաբանէ»ի հարց չի կրնար դրուիլ այլեւս։ Իսկ եթէ իսկական նախագիծը առաւել կամ նուազ չափով նման է պատկերին մէջ երեւցող նախագիծին, պէտք է պարզ բառերով ըսել, որ թէ՛ յանձնաժողովը, թէ՛ արուեստագէտը Ա. Մանուկեանը կը տեսնեն գեղջուկի մը տարազումով (գեղջուկն ալ այլապէս արժանի է ամէն յարգանքի եւ իրեն վայել յուշակոթողի, սակայն հարցը այդ չէ), կամ ալ տոհմիկ պարեր ներկայացնողի դիրքով, եւ ո՛չ միայն ծաղրանկարային արտայայտութեամբ, ինչպէս որ նկատած են ընկերներս։
Անբարեխիղճ մօտեցումէ եւ անլուրջ վերաբերմունքէ պէտք է դուրս գալ, բարեկամնե՛ր։ Պէտք չունինք օրինակներ բերելու եւրոպացի, ամերիկացի կամ այլ ժողովուրդներու կողմէ իրենց հերոսներուն եւ պատմակերտ անձնաւորութեանց նուիրուած յուշակոթողներէն, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, հայ արուեստագէտներ ապացուցած են, որ հայու հանճարը կրնայ հարազա՛տօրէն «բռնել» պատմական պահը, պատմակերտ դէմքն ու մշակոյթ արարող հեղինակներու եւ արուեստագէտներու նկարագիրը։
Ահա թէ ինչպիսի՛ մօտեցումով ու յղացքով պէտք է կերտել Արամ Մանուկեաններու յուշարձանները։ Այս պահանջը, հրամա՛նը կու գայ նոյնինքն Հանրապետութեան հիմնադիրէն ու անոր սերնդակիցներէն, գործակիցներէն, եւ ո՛չ թէ միայն անհատ հայորդիներէ, որոնցմէ միայն մէկն եմ ես։