
Ուրբաթ, Յունիս 24-ին Փրանկիսկոս Պապը պիտի ժամանէ Երեւան: «Այցելութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագիրը կրող Պապին այցելութիւնը պիտի սկսի նախագահական նստավայրէն: Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ բարի գալստեան «Հրաշափառ»ի արարողութիւնը:
Նոյն օրը երեկոյեան, Պապը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ապա՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն, հասարակութեան եւ դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն հետ: Այցելութեան առաջին օրը պիտի աւարտի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումով, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ:
Յունիս 25-ի առաւօտեան, Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան: Հոնկէ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, Պապը պիտի մեկնի Գիւմրի, ուր Պատարագ պիտի մատուցուի Վարդանանց հրապարակին վրայ: Գիւմրիի մէջ Պապը նաեւ պիտի այցելէ «Անարատ Յղութեան» հայ քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստան» կուսաստան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի առաջնորդանիստ Եօթն Վէրք Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի եւ Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ Մայր Տաճար: Երեկոյեան, Երեւանի մէջ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, տեղի պիտի ունենայ արարողութիւն եւ աղօթք:
Յունիս 26-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ, պիտի մասնակցի Պատարագի արարողութեան եւ ճաշկերոյթին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու, հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ու պապական պատուիրակութեան հետ: Ապա՝ Պապը հանդիպում պիտի ունենայ հայ եկեղեցւոյ բարերարներուն հետ:
Փրանկիսկոս Պապը եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս պիտի ստորագրեն միացեալ յայտարարութիւն: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցանեն Խոր Վիրապի վանքին մէջ: Նոյն օրը, Պապը Երեւանէն պիտի մեկնի Հռոմ:
Այս այցելութեան առթիւ, Փրանկիսկոս Պապը ուղերձ յղած է Հայաստանի ժողովուրդին, որուն մէջ կը յայտնէ.-
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մի քանի օր անց ես մեծ ուրախութեամբ կը լինեմ ձեր մէջ, Հայաստանում:
Այս պահից արդէն հրաւիրում եմ ձեզ աղօթելու այս առաքելական ճանապարհորդութեան համար: Աստծոյ օգնութեամբ գալիս եմ ձեզ մօտ, իրականացնելու համար ինչպէս ճանապարհորդութեան կարգախօսն է ասում «այց առաջին քրիստոնեայ երկիր»: Եւ գալիս եմ որպէս ուխտագնաց, այս յոբելեանական տարում թաթախուելու ձեր ժողովրդի հնագոյն իմաստութեան մէջ եւ ըմպելու ձեր ժայռէ՝ ինչպէս ձեր յայտնի փորագիր խաչքարերն են, հաւատքի աղբիւրից:
Գալիս եմ դէպի Հայաստանի առեղծուածային բարձունքները որպէս եղբայր, մղուած ձեր դէմքերը տեսնելու ցանկութիւնից, աղօթելու ձեզ հետ եւ կիսելու բարեկամութեան պարգեւը: Ձեր պատմութիւնը եւ ձեր սիրելի ժողովրդի հետ կատարուած իրադարձութիւնները առաջացնում են իմ մէջ հիացմունք եւ վիշտ: Հիացմունք, քանի որ Յիսուսի խաչի ու ձեր տաղանդաւոր մտքի մէջ էք գտել կրկին ոտքի կանգնելու ուժը՝ նոյնիսկ ամենասարսափելի տառապանքներից յետոյ, որ պատմութիւնը կարող է յիշել: Վիշտ՝ այն ողբերգութիւնների համար, որոնք ձեր հայրերը կրել են իրենց մաշկի վրայ: Թոյլ չտանք ցաւոտ յիշողութիւններին տիրանալու մեր սրտին: Նոյնիսկ չարի շարունակական յարձակումներին չյանձնուենք: Գործենք ինչպէս Նոյը, ով ջրհեղեղից յետոյ չյոգնեց դէպի երկինք հայեացք նետելուց եւ մի քանի անգամ աղաւնի ուղարկեց, մինչեւ որ նա չվերադարձաւ ձիթապտղի մատղաշ տերեւով:
Դա նշան էր, որ կեանքը կարելի էր վերսկսել եւ յոյսը պէտք է յարութիւն առնէր: Որպէս Աւետարանի ծառայ եւ խաղաղութեան սուրհանդակ ցանկանում եմ գալ ձեր մէջ՝ նեցուկ կանգնելու խաղաղութեան ճանապարհին գործադրած իւրաքանչիւր ջանքին եւ միասին քայլելու հաշտութեան արահետով, որը յոյս է ծնում: Թող որ ձեր ժողովրդի մեծանուն սրբերը՝ մասնաւորապէս Եկեղեցու վարդապետ Գրիգոր Նարեկացին, օրհնեն մեր հանդիպումները, որոնց սպասում եմ վառ ցանկութեամբ: Յատկապէս, սպասում եմ իմ եղբայր Գարեգինին կրկին գրկելու եւ նրա հետ միասին նոր թափ հաղորդելու դէպի լիակատար միութիւն տանող ուղուն: Անցեալ տարի Հռոմ էիք եկել աշխարհի տարբեր երկրներից եւ Սուրբ Պետրոսի շիրմաքարի մօտ բոլորս միասին աղօթեցինք: Հիմա ինքս եմ գալիս ձեր օրհնեալ երկիր մեր հաղորդութիւնը ամրապնդելու, հաշտեցման ուղով առաջ շարժուելու եւ մեզ յոյսով քաջալերելու համար:
Շնորհակալութիւն եւ ցտեսութիւն: