
Read Time:16 Second
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Երկուշաբթի, Յունիս 20-ին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ՝ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի քննարկէ Արցախի հիմնահարցը:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սէնթ Փեթըրզպուրկի մէջ: Այս գծով, Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով կը յայտնէ, թէ առաջին հերթին, Փութին առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահներուն հետ, ապա պիտի կատարուի միացեալ բանակցութիւն: