
ԵՐԵՒԱՆ․- Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան եւ տեղւոյն պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ․- «Կը փորձեն վերասահմանել քարտէսները։ Այդ վերանայման քաղաքականութիւնը պիտի ձախողի»:
Ան նշեց այն հանգամանքը, որ աւելի քան շաբաթ մը առաջ Հայաստանի տարածքը կը ռմբակոծուէր ազրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Ան Յունաստանի համերաշխութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին:
«Յունաստանը բազմիցս շեշտած է, որ կ՛աջակցի բոլոր պետութիւններու գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ ատիկա, ի հարկէ, նաեւ կը վերաբերի մեր լաւ ընկեր Հայաստանին: Մենք սահմաններու անքակտելիութեան կը հաւատանք։ Ես պիտի ուզէի նաեւ յստակ պատգամ յղել այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէսները: Իմ պատգամս հետեւեալն է` վերանայման քաղաքականութիւնները պիտի ձախողին: Ես պիտի նշեմ այդպիսի յաւելեալ ուժ մը` Թուրքիան, որ կը փորձէ օգտուիլ այս խառն կացութենէն, որպէսզի անյարգալից ըլլայ կայունութեան նկատմամբ: Մենք վկայ ենք թրքական հռետորաբանութեան, արտօնեցէք ըսել, որ Թուրքիան նաեւ դէմ էր, որ Յունաստանը քանի մը պաշտպանական զէնքեր ուղարկէ յունական կղզիներ: Եւ ասիկա կը կատարուի այն պայմաններուն մէջ, երբ Յունաստանը կը գործէ իր պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ, եւ այս պարտաւորութիւնները կը բխին Լոզանի համաձայնագիրէն», ընդգծեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը` աւելցնելով, որ Թուրքիան դէմ է, որովհետեւ Յունաստանը չ՛արտօներ, որ իր տարածքները մնան անպաշտպան։ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ, մենք կ՛աջակցինք խաղաղ, փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնելուն` միջազգային իրաւունքի ծիրին մէջ: Միջազգային օրէնքը միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան համար «Սուրբ կտակարան է», շեշտեց Տենտիաս:
Ան եզրակացուց, որ մարդասիրական խնդիրները պէտք է լուծուին անյապաղ, մարդասիրական իրաւունքը պէտք է յարգուի եւ նշեց, թէ Յունաստանը պիտի շարունակէ աջակցիլ երկկողմանի բանակցութիւնները սկսելուն: