
Դոկտ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Քանկըրս, Նիւ Եորք
Ապրիլ 18, 2014ին, յետ ուղեղային կաթուածի, իր աչքերը փակեց ազգային նուիրեալ, խոհուն, գլխագիր ՀԱՅ մը՝ Յովհաննէս Եսայեան՝ Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 18 տարիներու ատենապետ եւ 11 տարիներու վարչական։ Յովհաննէս Եսայեան ծնած էր Պաղտատ, Իրաք, Նոյեմբեր 2, 1929ին։ Հայրը՝ Պետրոս Եսայեան Եղեռնի սերունդ էր։ Ծնած Իզմիտ։ Ընտանիքի սպանութենէն ետք, 14 տարեկան Պետրոս հետեւած էր գաղթող կարաւաններուն եւ ինքզինքը գտած արաբ աշիրէթներուն մէջ։ Չէր մոռցած իր հայ ըլլալը։ Եւ առաջին իսկ պատեհ առիթով կրցած էր փախիլ եւ իր ճամբան գտնել՝ Պաղտատի Ս. Աստուածածին եկեղեցին ուր իրեն նման Եղեռնէն ճողոպրած գաղթական Հայեր կային։ Աշխատանքի ասպարէզ մտաւ եւ կայք հաստատեց Պաղտատի մէջ։ Ամուսնացած էր իրեն նման Եղեռնի սերունդէն փրկուած Սրբուհիին հետ եւ հայկական գլխագրեցէք՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ տուն կազմած էր եւ ուռճացած Երեք զաւակներով՝ Յովհաննէս, Տենչալի եւ Վարդան։Պետրոսի առաջնահերթ մտահոգութիւնը իր զաւակները հայկական դպրոց ղրկելն էր։ Դժուարութեամբ վաստկած դրամը հազիւ ընտանեկան հոգսերը կը բաւարարէր։ Հաճոյքէ զրկեր էր ինքզինք՝ կրթաթոշակ հայթայթելու զաւակներուն՝ Հայկայան ուսում տալու համար։
Եւ սխալած չէր։
Ազգային կրթութեան զուգահեռ, Պետրոս ազգային պարտականութիւն սեպեց՝ մաքուր հայկականութիւն տալ Յովհաննէսին՝ ամբողջական Հայ մը կերտելու համար։ Յովհաննէս իր հօրմէ ժառանգած ազգային այդ դաստիարակութիւնը գործնականի պիտի վերածէր եւ որը պայծառ արձագանգ պիտի ունենար Յովհաննէսի կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին։
Յովհաննէս յաճախեց Պաղտատի՝ Թարգմանչաց Ազգային Վարժարանը։ Միշտ դասարանի առաջինը հանդիսանալով։ Աւարտելէ ետք, ան յաճախեց Ամերիկեան Միջնակարգ, ապա Պաղտատի ամենէն խստապահանջ պետական Կեդրոնական երկրորդական վարժարանը, ուր յառաջադէմ աշակերտներ միայն կÿընդունուէին։ Պայծառօրէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ան մտաւ կեանքի ասպարէզ։
Աշխատանք գտաւ Արեւելք դրամատան մէջ։ Կարճ ժամանակէ մը ետք, Յովհաննէս դարձաւ դրամատան ամենէն երիտասարդ տնօրէնը 1951ին։ Ապա հրաւիրուեցաւ տնօրէնի պաշտօնը ստանձնելու՝ Իրաքի հռչակաւոր Ռաֆիտէյն դրամատան մէջ։ Աշխատանքի պայմաններուն ենթակայ բայց ուսման կարօտ, ան ժամանակ հայթայթեց եւ գիշերներ յատկացուց իրագործելու իր երազներէն մին։ Բարձր գնահատանքով ստացաւ համալսարանական ուսումը պսակաւոր արուեստի վկայականը Պաղտատի Համալսարանէն։
Դրամատան ասպարէզը իր կեանքի մէկ երեսն էր միայն։ Կար ՄԻՒՍԸ՝ ազգայինը, որուն համար Յովհաննէսը ընտանեկան դաստիարակութիւն ստացած էր…
Յովհաննէս բացառիկ մարզիկ էր։ Ան արաբական երկրորդական վարժարանին մէջ, արդէն յայտանաբերեց՝ վազքի, ցատքի եւ մանաւանդ ծանրաբարձութեան շնորհները։ Մարզուեցաւ համաշխարհային մարմնի ծանրաբարձութեան մեթոտներով։ Լրջօրէն հետեւեցաւ այդ մարզին մէջ տեղի ունեցող նորութիւններուն։ Ինքնուսուցումով եղաւ մասնագէտ։ Դարձաւ իրաքեան իրականութեան մէջ փնտռուած մասնագէտը ծանրաբարձութեան մարզէն ներս։ Մասնակցեցաւ այդ մարզին մէջ իրաքեան մրցոյթներուն եւ բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրեց՝ թէ՛ որպէս մարզիկ, թէ՛ որպէս դաստիարակ։
Իրաքի մարզական նախարարութեան ուշադրութենէն չվրիպեցաւ Յովհաննէսի կատարած նուրբ եւ արդար դիտողութիւնները, կարողականութիւնը եւ յատկապէս մարզին՝ արդիական համաշխարհային հմտութիւնը։ Ու նշանակուեցաւ պաշտօնական ներկայացուցիչը Իրաքի մարզական նախարարութեան՝ ծանրաբարձութեան մարմնին։ Եղաւ ուղղամիտ դատաւոր եւ իրաւարար բազմաթիւ մրցոյթներու։ 1950ին, Յովհաննէս գործօն հիմնադիրներէն եղաւ Իրաքի ծանրաբարձութեան միութեան հաստատման։ Կառավարւթիւնը 1954ին զինք նշանակեց Իրաքի ծանրաբարձութեան դատական մարմնի անդամ եւ նախագահ՝ Իրաքի պատուիրակութեան՝ Արաբական երկիրներու առաջին մրցոյթին որը տեղի ունեցաւ Գահիրէ, Եգիպտոս։ 1961ին՝ Ասիոյ ծանրաբարձութեան մրցոյթներուն, որ տեղի ունեցաւ Թեհրանի մէջ, ան նորէն նշանակուեցաւ Իրաքի պատուիրակութեան նախագահ։ Եւ վերջապէս, իր արդար դատումներուն համար, երբ 1966ին միջազգային ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենային Մէքսիքոյի մէջ, Յովհաննէս ընտրուեցաւ որպէս դատական մարմնի անդամ եւ իրաւարար։ Առաջին հայն էր որ այդպիսի միջազգային Ողիմպիական խաղերու պաշտօնի մը կը կոչուէր։ Այդ մրցոյթը եղաւ առաջինը, անոր հետեւեցան Փեքինկի եւ Մանիլլայի մէջ տեղի ունեցած մրցոյթները։
Իրաքի պետական մարզիչ եւ իրաւարար ըլլալուն զուգահեռ, Յովհաննէս իր ազգային կոչումին ընդառաջ երթալով, մասնակցեցաւ Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ 1960 1971 ան դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան անդամ եւ մարզական վարիչ։ Անոր կատարած բացառիկ ներդրումներուն համար, Յովհաննէս 1971ին ընտրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ատենապետ, պաշտօն մը, որ վարեց ամբողջ 18 յաջորդական տարիներ առանց ընդհատումի։ Տասնըութ տարիներու ընթացքին, Յովհաննէսի հմուտ ղեկավարութեան շնորհիւ, Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.ը ոստումներ արձանագրեց։ Տղոց ոտնագնդակի խումբը բարձրացաւ երկրորդական մակարդակի, իսկ պասքէթպօլի խումբը՝ առաջին մակարդակի։ Աղջկանց վոլիպօլի խումբը առաջին մակարդակի հասաւ եւ ախոյեանութեան մրցոյթին մասնակցեցաւ։ Վոլիպօլի մարզիկներէն՝ Մարօ Եսայեան ընտրուեցաւ Իրաքի աղջկանց հաւաքականին անդամ։
Իրաքի ընդհանուր մարզական պայմաններուն մէջ, Յովհաննէս, իր ատենապետութեան շրջանին, ազգային ամբողջական մտահոգութիւններէն մղուած, յաջողութեամբ ծրագրեց եւ իրագործեց՝ համաՀ.Մ.Ը.Մ.եան տարեկան մարզահանդէսները, ուր՝ Իրաքի ԲՈԼՈ՛Ր հայաշատ շրջաններէն՝ Պասրայէն, Քերքուկէն, Մուսուլէն, Զախօյէն Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ մէկտեղուեցան Պաղտատ, մարզահանդէսները հայկական փառատօնի վերածելով։ Կարծէք՝ պատմական նաւասարդեան տօներն էին որ կը վերակենդանանային աննկարագելի խանդավառութիւն ստեղծելով գաղութին մէջ։ Միասնութեան ոգին կը սաւառնէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզադաշտին մէջ։
Յովհաննէս իր ընտանեկան բոյնը կազմեց ամուսնանալով իրեն նման հայկական անեղծ աւազանին մէջ կնքուած հայուհիի մը՝ Պերճուհի Մարգարեանին հետ։ Պերճուհին վարած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի քարտուղարութիւնը եղած էր նաեւ մեներգիչներէն մին Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան երգչախումբին։
Յովհաննէս եւ Պերճուհի բախտաւորուեցան երեք զաւակներով՝ Մարօ, Անի եւ Պետրոս։ Յովհաննէս եւ Պերճուհի երկու տուն ունէին, մէկը իրենց տուննն էր, իսկ երկրորդը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Կեանքի ասպարէզներու պատրաստուելու կողքին, երեք զաւակներն ալ դարձան Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխոյժ անդամներ։ Զաւակներու ուսման համար ոչի՛նչ խնայելով, զանոնք մղեցին բարձրագոյն ուսման՝ Մարօն դարձաւ հաշուապահ, Անին՝ բժշկուհի, Պետրոս՝ քըմփիւթըրի ծրագրային մասնագէտ։
Երբ Իրաքի պետական որոշումով յատուկ տարբեր անուններ տրուեցան Իրաքի մէջ գործող բոլոր մարզական միութիւններուն, Յովհաննէսի մեծագոյն ճիգը եղաւ ի անունը վերահաստատել՝ եւ այսպէս Միութիւնը կոչուեցաւ՝ Հայկական Մարզական Ակումբ Հ.Մ.Ը.Մ.։
Յովհաննէս մարզիկ, ղեկավար, դաստիարակ, իրաւարար ըլլալուն հետ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկզբունքներու տիպար ներկայացուցիչն էր։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի “Եղբայր“ կոչումը իր ամենէն խոր իմաստով իւրացնող ՄԱՐԴն էր։ “Եղբայր“ էր բոլորին։ Գուրգուրանքով եւ հարազատութեամբ կÿօգնէր բոլոր անոնց, որ կարիքներ ունէին։ Եւ կարեւորը այն էր, որ այդ օգնութեան մասին լուռ էր։ Երկու հոգի միայն գիտէին թէ՝ որո՛ւ օգնած է։ Մէկը՝ ի՛նքը, իսկ միւսը օգնութիւն ստացո՛ղը։
1997ին Յովհաննէս ընտանեօք փոխադրուեցաւ Ա.Մ.Ն.։
Այս նոր միջավայրը սակայն չկասեցուց այր ու կնոջ՝ Յովհաննէսի եւ Պերճուհիի միացեալ նուիրումը ազգային մեր կեանքին։
Խորապէս համակուած հայկական դաստիարակութեամբ, Յովհաննէս մաս կազմեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Ամէնօրեայ վարժարանի խնամակալ Մարմնին։
Աշխուժօրէն, անտեսելով տարիքի սահմանումները, ան մաս կազմեց նաեւ մինչեւ իր վերջին շունչը Նիւ Եորքի Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆին, ուր, վերջնոյն պարագային բացառիկ բծախնդրութեամբ կատարեց վարչական գանձապահհաշուապահի պաշտօնը։
Այսօր երբ Յովհաննէս Եսայեանի կեանքի ճանապարհը արագ վերաքաղի մը կÿենթարկենք, իր մէջ կÿընդգծենք՝ գլխագիր նուիրեալ ՀԱՅԸ, գլխագիր նուիրեալ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՀԱՅՐԸ, գլխագիր նուիրեալ ՄԱՐԴԸ։
Տեղեկացանք, որ Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր յարգանքն ու սուգը միացուցած որոշած է յարգել Յովհաննէսի 29 տարիներու անխոնջ ծառայութիւնը, որպէս վարչութեան ատենապետ եւ վարչական անդամ՝ երեք օր Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնի դռները փակ պահելով։ Տեղեկացանք նաեւ, որ Պաղտատի Առաջնորդարանիստ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ, եօթնօրեայ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի։
Այսօր ան իր աչքերը կը փակէ տոհմական արդար հպարտութեամբ համակուած։ Իր մարդկային եւ ազգային դերերը լրիւ կատարած մարդու մը գոհունակութեամբ։ Շրջապատուած երեք զաւակներով եւ վեց թոռներով, հարազատներով եւ զինք յարգող ընկերներով եւ ծանօթներով։
Յովհաննէսի՝ Տան Կարգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 20ի երեկոյեան, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւրիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Եկեղեցին ամբողջովին լեցուն էր զինք յարգող ազգայիններով։ Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան կատարեց հոգեհանգստեան կարգը, յետ արարողութեան խօսք առին՝ Տէր Մեսրոպ, Յովհաննէսի դուստրը Տոքթ. Անի ԵսայեանԿապուտիկեան, Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, Նիւ Եորքի Համազգայինի փոխ ատենապետ Ընկհ. Աստղիկ Սեւակ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ատենապետ Եղբ. Դրօ Պօղոսեան։ Յուզիչ էր մանաւանդ Հ.Մ.Ը. Մ.ի սկաուտներու պատուոյ յարգանքի ելոյթը։
Իր վերջին նինջի արարողութիւնը կատարուեցաւ Ապրիլ 21ին, Նիւ Եորքի Սիտըր Կրով գերեզմանատան մէջ ձեռամբ Տէր Մեսրոպ Լագիսեանի։ Յետ թաղման արարողութեան, յուղարկաւորները խմբովին երգեցին “Յառաջ Նահատակ“ը ազգային թաղման շունչ տալով արարողութեան։
Վստահ եմ, իր հայրն ու մայրը Պետրոս եւ Սրբուհի Եսայեանները Վերէն գոհունակութեամբ կը նային իրենց զաւկին։ Հայրը, իր պարզ բառերով պիտի ըսէ, “Ապրի՛ս, տղա՛ս, մեր ազգը չի մեռնիր երբ քեզի պէս զաւակներ կը ծնի“։
Իսկ մենք գիտակցաբար կը խոնարհինք՝ այս ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ՝ ԳՈՐԾԻՆ, ՆՈՒԻՐՄԱՆ, եւ ՆԵՐԴՐՈՒՄԻՆ առջեւ։
Յիշատակն արժանւոյն յաւերժ եղիցի։
Ապրիլ 22, 2014