ՅՈՅՍԻ ՍԵՐՄԵՐ * * * SEEDS OF HOPE

3 0
Read Time:3 Minute, 19 Second
Արժ․ Տ․ Յակոբ Քհնյ․ Գէորգեան կը ներկայացնէ օրուան յայտագրի մասնակիցներն ու Յոյսի Հունտեր կազմակերպոիթեան պատասխանատու հայուհիները

 Զարմինէ Գ․ Պօղոսեան

Հոկտեմբեր 10, 2022

Սփրինկֆիլտ, Փենսիլվանիա

Մշակոյթի Ամսուան առթիւ եւ մանաւանդ՝ Թարգմանչաց Տօնի այս Կիրակին- Հոկտ․ 9, 2022- յետմիջօրէն, Յոյսի եւ Գեղարուեստական երաժշտական վայելքի պահ հրամցուեցաւ ներկայ արուեստասէրներուն։

Անոնք որ հաւաքուած էին Չէլթընհէմի Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ եկած էին վայելելու երեք երաժիշտներու կողմէ հրամցուելիք Հայկական երգերն ու երաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ, քաջալերելու երեք հայուհիներով սկսուած բարեսիրական կազմակեպութիւն մը որ մկրտուած է «Յոյսի Հունտեր Հայաստան»  անունով, որ մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է որուն միջոցաւ յոյս կը փորձեն ներարկել հայ հոգիներէն ներս։

Արդարեւ, այս շրջանի Հայ համայնքը օրինակելի քայլ մը առած է հոս, որ տարիներէ ի վեր կը գործադրուի։ Ֆիլատելֆիա քաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող հինգ հայկական եկեղեցիներու, Ս․ Սահակ եւ Ս․ Մեսրոպ, Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս․ Երրորդութիւն Հայ առաքելական եկեղեցիներ, Ս․ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի եւ Ս․ Նահատակաց Հայ Աւետարանական Եկեղեցի, օրուան հոգեւոր հայրերու քաջալերանքով եւ անդամներուն ջանքերով կազմուած Ֆիլատելֆիայի Միջ-համայնքային Յանձնախումբը –«Inter-communal Committee of Philadelphia» ամէն տարի միասնաբար կը կազմակեպէ հայկական նշանաւոր տօներու նուիրուած ձեռնարկներ- Մշակոյթի Ամիս, Ս․ Թարգմանչաց Տօն, Վարդանանց Տօն, Ապրիլ 24, որոնք յաջորդաբար տեղի կ՛ունենան վերը յիշուած իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ սրահներէն մէկէն ներս։ Իսկապէս օրինակելի համախմբում է, քաջալերելի քայլ մը՝ ամենուրեք «միասնականութիւն» երազող մեր համայնքներէն ներս։

Գեղեցիկ երգերու եւ երաժշտական կտորներու փունջ մը հրամցուեցաւ օրուան յայտագրին երեք արհեստավարժ երաժիշտներու կողմէ, որոնք այժմ բնակելով հանդերձ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններու մէջ, մասնագիտացած են Հայաստանի մէջ, սրտերը կը բաբախեն Հայաստանով եւ մտահոգ են – ինչպէս համայն հայութիւնը- վերջին տարիներու հազարաւոր զոհուած հայրենի երիտասարդներու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն ցաւերով։

Տէր Հայրը, Յայտագրի մասնակիցները, Անդրանիկ Քիզիրեանին (ձախէն 3-րդը) հետ եւ ներկայացուցիչները բարեսիրական յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ միւս եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ

Այդ համատարած ցաւի զգացումով է որ, Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ երեք հայուհիներ՝ Մարիանա Հայրապետեան, Լիլիթ Պայպուրթեան եւ Լիանա Մաթեւոսեան, իրար քով գալով 2020-էն սկսեալ կը հիմնեն այս Բարեսիրական կազմակերպութիւնը, Յոյսի Հունտերով դարման հանդիսանալու Հայրենի մեր զոհուած զաւակներուն ընտանիքներուն, բժշկական թէ նիւթական աջակցութեամբ կարենալ մխիթարելու եւ թեթեւցնելու անոնց կորուստի վիշտը։

Այս կազմակերպութեան ծրագրած ձեռնարկները ընդհանրապէս կը կեդրոնանան երաժշտութեան եւ նկարչութեան- հետ առնչութիւն ունեցող գործունէութիւններու հետ։

Յայտագրին մասնակից երեք երաժիշտները- Էտիթա Գալայճեան-Սոփրանօ, Արմինէ Խաչատրեան-դաշնակահարուհի, եւ Սամուէլ Առաքելեան-ջութակահար

Կիրակի օրուան երաժշտական ձեռնարկին յայտագիրը կը բաղկանար 14 երգ-երաժշտական կտորներէ։ Համերգին բացումը Աստուածամօր նուիրուած շարականով սկսաւ էտիթա Տոլունց Գալայճեանին զուլալ սոփրանոյով։ Ան շուտով առինքնեց ներկաները երբ ան յաջորդաբար կատարեց Կոմիտասէն, Բարսեղ Կանաչեանէն, Համբարձում Պէրպէրեանէն իր սքանչելի կատարումով։

Բացառիկ էր նաեւ դաշնակահար Արմինէ Խաչատրեանին կատարումը, թէ նուագակցելու իր ոճով, նոյնքան նաեւ առանձին իր ելոյթով։ Ջութակահար Սամուէլ Առաքելեանն ալ իր կարգին արհեստավարժօրէն հնչեցուց իր ջութակը համերգին իր յատուկ շեշտն ու համեմունքը ներկայացնելով։

Աշխարհով մէկ շարունակուող պատերազմներն ու մարդկային անհաշիւ կորուստները մարդկութիւնը կը մղեն տարբեր ձեւերով մեղմելու զոհուածներու ընտանիքներուն վիշտը։  Ահա թէ ինչու SEEDS of HOPE– Կամ՝ Music for a Mission-ի նման ձեռնարկները ձեւով մը կը մեղմացնեն վիշտը մանաւանդ զոհուածներու ընտանիքներուն,  ի լուր աշխարհի մարդկութեան զգացնելու եւ ըսելու համար թէ աշխարհը միայն գիշատիչ գազաններով լեցուած չէ ․․ այլ հոգատար անձեր ալ կան․․․

Յոյսի Սերմեր Հայաստան-ի առաքելութիւնն ալ ճիշդ այդ է, ֆիզիքական, նիւթական եւ հոգեբանական աջակցութեամբ մեղմացնել կորուստին ահաւորութիւնը մեր հայ զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։

Շնորհակալութիւն` այս ձեռնարկին Հիւրընկալ Սուրբ Երրորդութիւն Հայց․ Առաքելական եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ ծուխի Հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Յակոբ Քհնյ․ Գէորգեանին, որ պատշաճօրէն ներկայացուց օրուան արուեստագէտներն ու անոնց նուիրումը եւ կատարած բարեսիրական աշխատանքը։

Յանուն Ֆիլատելֆիայի Միջ-համայնքային Յանձնախումբին ներկաներուն իր ողջոյնի խօսքը ըսաւ Ատենապետ՝ Տիար Անդրանիկ Էնտրիւ Քիզիրեան, եւ թելադրեց որ ներկաները առատաձեռն ըլլան իրենց նուէրներով քաջալերելու այս խիստ կարեւոր հանգանակութիւնը ի նպաստ մեր հայրենի քոյր-եղբայրներուն ընտանիքներուն  Յոյսի Սերմեր Հայաստան յանձնախումբին կատարած առաքելութեան միջոցաւ։

Պարոն Ատենապետը յիշեցուց նաեւ թէ Միջ-համայնքային Յանձնախումբին յաջորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի, Սրբոց Վարդանանց Տօնին առթիւ Ս․ Մարկոս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։

Անշուշտ – ըստ նոր աշխարհի աւանդութեան –  ոեւէ նման ձեռնարկի եզրափակիչ մասը սուրճի եւ զանազան ուտելիքներով հարուստ հիւրասիրութիւնն է, ներկաներուն առիթ ընծայելու շնորհաւորելու յայտագրի մասնակիցները ինչպէս նաեւ բարեկամներու հետ տեսակցելու եւ զրուցելու։

 

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles