
Դժուար է դասել Պօղոս Շահմելիքեանի այս գործը:
Ի՞նչ դասակարգի կը պատկանի անոր պատրաստած “Յիշատակներ…Անցած Օրեր“ը: Գրական նի՞ւթ, վերլուծական գրութիւննե՞ր, վերացական բանաստեղծութի՞ւն…Չէ՜, ոչ մէկը:
Այլ, պարզումէկին համայնագիտարան, եւ այդ ալ իւրայատուկ` յիշողութեան եւ յուշերու համայնագիտարան մը, մասնագիտացած յատուկ ժամանակաշրջանի մը եւ եզակի բնագաւառի մը: Բնագաւառ մը, որ ոչ ոք կրնար երեւակայել թէ իր ունկնդրային-լսողական կառոյցէն դուրս գալով, կրնար տարիներ ետք…օրին մէկը վերածուիլ գիրի, այբուբենի եւ մրոտէր էջեր: Այսպէս, Պօղոս Շահմելիքեան կրցած է իր երիտասարդութեան անբաժանելի “պէյսկիթար“ը ձգելով, անցնէր գրչի ետին եւ յիշէր այդ երանելի օրերն ու միջավայրը:
Անուններ, վայրեր, ձեռնարկներ, հանդիսութիւններ…եւ այնքան մանրամասն ու մանրակրկիտ:
“Կ՛ուզեմ այդ օրերու Լիբանանահայ արդի երաժշտութեան մասին անդրադառնալ: Այդ օրերը ոսկի օրեր են եւ նախքան մոռցուիլը, կ՛ուզեմ անպայման արձանագրել…“ կը յայտնէր Պօղոս, երբ քանի մը տարի առաջ այցելած էր “Հայրենիք“ի խմբագրատուն (Պոսթըն):
Ամենայն յաջողութեամբ, ան կատարած է այս պարտականութիւնը եւ գեղեցիկ անակնկալ մը կերտած` իր նման երբեմնի երաժիշտներուն:
Ինչե՜ր կը պատահէր այդ օրերուն: Կարդացողը կրնայ եզրակացնել թէ ինչպիսի կեանք մը ապրած է լիբանանահայ երիտասարդութիւնը, այդ օրերուն երբ Լիվերփուլի առասպելական քառեակը` “Պիթըլզ“ը միլիոնաւոր երկրպագուներ իր շուրջ հաաքած էր, ներառեալ այս գիրքին մէջ իսկ նշուած բազմատիւ աստղեր:
Այդ օրերը չապրած, Լիբանան ծնած թէ, այլուր սփիւռքահայ կարդացողը մեծ յափշտակութեամբ կրնայ կարդալ աւելի քան երկու հարիւր էջ հաշուող նկարազարդ այս գիրքը: Արդէն յաջողութիւնը հոս է թէ, նոյնիսկ անծանօթ ըլլալով միջավայրին, շուտով կամուրջ մը կը ստեղծուի կարդացողին եւ բովանդակութեան միջեւ: Հաւանաբար շատ աւելի ծախսի դուռ բացած պիտի ըլլար, եթէ, այս գործին հետ նաեւ տրամադրուէր այս երգերէն նմոյշներ ընդգրկող խտասալիկ մը:
“Յիշատակներ…Անցած Օրեր“ը կը յիշեցնէ իտալացի անծանօթ բեմադրիչ Տանիէլ Շմիտի մէկ մոռցուած (բառին բուն իմաստով) վաւերագրականը` “Il Bacio di Tosca“ (“Թոսքայի համբոյրը“), որ կը նկարագրէ Միլանոյի մէջ գոյութիւն ունեցող “Քազա Վերտի“ի բնակիչները, այսինքն հանգստեան կոչուած օփերայի երգիչները: Ամէն մէկը, տարբեր փորձառութիւններէ անցած, նոյնիսկ մէկը պատրաստած է իր ճամպրուկը` նոր ելոյթներու երկար շարք մը ունենալու:
Ահաւասիկ գաղափար մը եօթներորդ արուեստի աշխարհէն եւ յատկապէս վաւերագրականներու բնագաւառէն ներս մասնագիտացած արուեստագէտներուն, որպէսզի ներշնչուելով այս գործէն, յաւելեալ պրպտումներ կատարեն, հանդիպին այս ցիր ու ցան եղած “կորսուած“ ու մոռցուած անծանօթներուն եւ յաւելեալ աղբիւրներ հաւաքելով, եզակի վաւերագրական մը պատրաստեն:
***
Երաժշտութեան աշխարհէն ներս կատարուած եղափոխութեան արդիւնք… չըսելու համար տարիքի բերմամբ, հետզհետէ հեռացած էի այս երիտասարդութեան օրերու ժխոր-երաժշտութենէն եւ վերադարձած յատկապէս` դասական երաժշտութեան, սակայն այս անցեալին մասին կարդալով, վերստին խանդ մը ստեղծուեցաւ եւ զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, յանկարծ “Պոսթըն Կլոպ“ին մէջ նկատեցի թէ “The Who“ն ելոյթ պիտի ունենար եւ ներկայացնէր իր անցեալի ժխորէն հաւաքածոյ մը: Խումբի վերապրող աստղերէն` Ռոճըր Տալթրի եւ հսկայ Փիթ Թաունզընտի ներկայութիւններէն եւ անոնց գլուխ գործոցէն` “Baba O’Riley“էն աւելի, Պօղոս Շահմելիքեանի այս գործն էր որ մէջս եռանդ մը ստեղծած էր, որպէսզի քանի մը ժամ երթամ անցեալ…եւ ընբոշխնեմ “Tommy“ի եւ “Quadrophenia“ի կերտիչները: Անշուշտ վստահաբար “հայտար“ային այդ ենթագիտակցութիւնն ալ կար, վստահաբար նոյնինքն սուր յիշողութեան տէր Պօղոսն ալ պիտի աւելցնէր թէ, այս խումբը յօրինած էր “Armenia City in the Sky“ երգը, որ բացի անունէն ո՛չ մէկ կապ ունէր հայութեան եւ Հայաստանի հետ: Թէեւ անոնք, վստահաբար պիտի չներկայացնէին այլ անծանօթ գործերուն նման, այս մոռցուած երգը, սակայն այս գիրքը մէջս երիտասարդութիւն մը սրսկած էր եւ որոշած էի անպայման ըմբոշխնել “The Who“ի մնացորդացը…