ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻՆԵՐԷՆ
Գէորգ Պետիկեան
Այդ օրերուն, այր եւ կին, Եւրոպա արձակուրդի գացած էինք, դէպի անոր ծայրագոյնը` Իրլանտա եւ Իրլանտական Հանրապետութիւն: Ու սկսելով Իրլանտայի Տապլինէն, ամբողջ երկու շաբաթ, մեծ ու հանգստաւէտ փոխադրակառքով եւ ընկերակցութեամբ հմուտ կայտ-առաջնորդի մը, շուրջ յիսուն զբօսաշրջիկներով, եզերած էինք այս երկու երկիրներու մեծ ու փոքր քաղաքներն ու գիւղերը ու վերջին՝ հասած էինք Պելֆասթ:
Եւրոպա ըսի, պէտք էր նաեւ աւելցնէի, թէ ան կարծես ամբողջ աշխարհի պատմութիւնն ալ էր: Պատմական հսկայ թանգարան մը: Ամէն օր մեր կայտը, քարեղէն հնութիւններու տակէն կորսուած կամ պահուըտած կեանքերուն «շունչ» տալով` զանոնք դուրս կը բերէր ու կը փռէր մեր յիշողութեան առջեւ, գեղեցիկ կրկներգի նման: Այլ խօսքով’ պատմութեան կանչերու հոսանք: Ու յուսահատ կողոպուտ մը կարծես կար մեր` զբօսաշրջիկներուս աչքերուն մէջ: Բոլորս ագահօրէն կը փորձէինք յուշեր հաւաքել: Տեսանելի էր, թէ հոս ալ որքա՛ն խոր էր պատմութիւնը:
Սակայն եւ այնպէս, պատմութեան չափ ալ մեր բոլոր ընկերակիցները մեզ իբրեւ «արմենիանզ» անունով կը ճանչնային: Ո՛չ մեր անունը սորվեցան, եւ ո՛չ ալ՝ մեր ազգանունը: Իրենց համար մենք միայն այս նոր անունով կը ճանչցուէինք: Բայց մեր հոգը չէր: Ներքնապէս ուրախ էինք: Հպարտ եւ երջանիկ: Գոնէ այս ձեւով, այս օտարները տեղեակ եղած պիտի ըլլային, որ մենք` այս նոր անուն ունեցողներս, հայրենիք մը ունէինք «Արմենիա» անունով, եւ որ մենք այս երկրագունդի վրայ ոչ միայն իբրեւ հին ազգ կ’ապրէինք, այլեւ՝ դարաւոր պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ էինք, որ ներկայիս ալ ազատ եւ անկախ երկիր մը ունէր:
Ու առանց պարտադրանքի, ամէն օր ճաշի կամ ընթրիքի միջոցին, մեր սեղանակիցներուն, մեր պատմութենէն, մեր լեզուէն, մեր մշակոյթէն տող մը, դրուաք մը կը յուշէինք: Կը «դասաւանդէինք» կարծես: Սորվեցան թէ ո՛չ, շատ ալ վստահ չէի: Բայց գլուխնին «արդուկելու» չափ խօսեցանք: Ո՛չ ոք բողոքեց: Չեմ գիտեր զբօսաշրջիկութեա՞ն եկած էին, թէ ոչ՝ հայոց պատմութեան դասընթացքներուն մասնակցելու: Հետաքրքրական էր: Շեշտեցինք ամէն բան: Նմանութիւններ բերինք: Դէմքեր ու դէպքեր յիշեցինք: Իբրեւ մեծ վկայութիւն եւ հաստատ փաստ՝ «ցեղասպանութիւն եւ քրիստոնեայ առաջին պետութիւն»` իրականութիւնները առաջ «քշեցինք»: Նաեւ պարզեցինք, որ մեզ ճանչնալու համար, նաեւ պէտք էր ճանչնալ մեր երկիրը` Հայաստանը: Մեր անկախ հայրենիքը: Մեր այդ դրախտավայրը:
Ապա, շրջապտոյտի ընթացքին, մեզի հրամցուած տեղեկութիւններուն հետեւելով, իրենց հետ մենք ալ երկուքով եւ համեստօրէն, ընկերացանք մեր այցելած վայրերուն տեղեկութիւններուն: Տեսանելի էր, թէ հո՛ս ալ, որքա՜ն խոր էր պատմութիւնը:
Ու քալելով սկսանք մեր «արձակուրդը»: Քալեցինք, հա՛ քալեցինք…: Բոլորս միասին քալեցինք, երկար, յաճախ շնչասպառ, որովհետեւ այդպէս էր դասաւորուած: Քալեցինք տեսնելու այս երկիրներուն արշալոյսի գոյներով զարդարուած անցեալը: Իւրաքանչիւր կառոյցի պատի վրայ դարերը կը խօսէին երկարօրէն: Ու մենք, որոշ չափով, կարծես մօտեցած էինք այդ անցեալին: Ու սիրեցինք Եւրոպան: Սակայն Արեւելքը այսպէս չէ,- կ’ըսէի մտովի: Արեւելքը ուրիշ է: Հիմա թէեւ այդ Արեւելքը կորսնցուցած է իր վերանորոգուելու աւիշն ու հմայքը…բայց մեր սրտին աւելի մօտիկ է…: Այս ուրիշ հարց էր: Հո՛ս ալ, տարբեր էր: Հոս ալ կար…գոյն, լոյս, գիծ, ե՛ւ խորհուրդ, ե՛ւ հաւատք: Կար նաեւ կեանքի յաւիտենականութեան հոլովոյթը, մարդոց երակներու մէջ: Թէեւ պատմութիւնը հոս ալ գրուած էր կրակով ու թուրով, ատելութեամբ եւ յաղթանակով, սակայն ամէն «բան» հպարտութեամբ կը յայտնաբերուէր: Իսկ եկեղեցին, արդէն ամուր նստած էր իւրաքանչիւր տեղացիի դէմքին, պատմութեան ու պատմական փլատակներու սրտին վրայ:
Ամէն քաղաք կամ աւան, կամ` մթին քարեր ու քանդակներ, մեր դիմաց կը բանային նոր դռներ, նոր թուականներ, նոր պատկերներ` տաք ու խանդավառ շունչով: Նկատելի էր, որ քրիստոնեայ աղօթքը երկար ատենէ ի վեր պառկած էր այդ հնամաշ փլատակներուն տակ: Ու, ի՜նչ մեղքս պահեմ, այդ երկրի պատմութիւնը իսկապէս խածած էր սիրտս, ուղեղս, ժամերս եւ վայրկեաններս լեցուցած` նորութիւններով: Այլեւս յաջորդող օրերս սկսած էին պատմութիւն խօսիլ, անոր հետքին հետեւիլ: Ու նոր իմաստ մը տալու համար ժամերուս` մօտէն հետեւեցայ հրամցուած թուականներուն, մեծ ու փոքր անուններուն, դէպքերուն, դէմքերուն, հերոսներուն եւ անոնց կոթող-արձաններուն ու մշակոյթին, անոնցմէ հասած թելադրանքներուն ու այդ ձեւով ալ աւելի մօտեցայ երկիրներու անցեալին: Տեսակաւոր եկեղեցիներ ու դղեակներ, պալատներ ու ամրոցներ, թանգարաններ եւ յուշարձաններ, կարծր ու փափուկ սրտերու մէջ հաւատք բուրող մէկական կոթողներ էին: Թէեւ միւս կողմէ ալ տեսանելի էր, թէ ինչպէ՞ս խմիչքը՝ ոգելից ըմպելին, մարդոց դէմքերուն վրայ կարմիր բոցեր նետած էր: Երանելի մարդիկ էին այս իրլանտացիները: Ուրախութիւն եւ քէֆ ընող…: Իսկապէս` կախարդական աշխարհ: Անոր համար, մտովի կ’ըսէի,-
«Իրլանտա, դո՛ւն այն երկիրն ես, որ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու երեսին կարողացած ես հպարտութեան լռութեամբ պոռալ»:
Եւ յանկարծ ինքնածին զարմանք մը ծնունդ կ’առնէր մէջս: Զարմանալին այն էր, որ Անգլիոյ կողմէ նախկին ոճրագործ նկատուածները, ներկայիս այս երկրին մէջ իբրեւ ազատամարտիկներ ճանչցուած էին ու մէկական քաղաքական գործիչներ դառնալով, մեծ երկիրներու հետ բանակցութեան նստած: Ուրեմն մէկուն ոճրագործը… միւսին ազատամարտի՞կն էր: Ահա՛ քեզի` կեանք եւ պատմութիւն:
Այս բոլորը հարազատ եւ համարձակ կը լսէի մեր այդ առաջնորդին բերնէն, առանց ատելութեան, թափանցիկ հոգիով, լուսաւոր երաժշտութեամբ, որ յաճախ կը կրծէր նաեւ ամբողջ էութիւնս:
Ու թէեւ տեղ-տեղ իրեն հետ կը փորձէի ապրումներս կիսել, սակայն կսկիծը նետած էր զիս իր անդունդը: Մտածումս խանգարուած էր հաստատապէս: Կը խօսուէր թագաւորութեան, հերոսութեան, ազատութեան եւ հին աստուածներու մասին: Թէեւ զարմանքն ու հիացմունքը թակած էին միտքս, սակայն յանկարծ կը զգայի, որ կրկին անգամ լեզուիս վրայ հին երգ մը սկսած էր… անձայն:
Է՛հ, մենք ալ փառաւոր անցեալ մը ունեցած էինք: Թագաւորներ, իշխաններ, հողեր, յաղթանակներ, պարտութիւններ, զոհեր, հերոսներ, ազատամարտիկներ, ֆետայիներ, աստուածներ եւ Աստուած մը: Բայց «մերինները» տարբեր էին: Որովհետեւ…մենք տաբեր էինք,-կը հաստատէի մտովի: Մեր հերոսներն ալ` նոյնպէս: Մեր երկիրը: Մեր Հայրենիքն ու համայն հայութիւնը…նոյնպէս: Փաստ…: Թղթատեցէ՛ք դարաւոր մեր պատմութեան էջերը…:
Հաստատապէս` Հայաստանն էր, որ մնացած էր ենթագիտակցութեանս մէջ իր վիպային կերպարով, ու հիմա սկսած էր կամաց-կամաց արթննալ: Կը զգայի այդ մէկը: Հայրենիքի կարօտը խանգարած էր զիս: Յստակ էր, որ ի՛նք այս երկրին մէջ ալ, հետս էր: Մօտս: Քիթիս տակ: Աչքերուս եւ մտածումներուս մէջ: Ինք՝ ներկայ էր:
Դարձեալ, բառերու փոխարէն, այս անգամ դարաւոր պատմութիւնս, հերոսներուս յաղթանակներն ու նոյնիսկ պարտութիւնները, լռութեամբ կը խօսէին, ու այդ մէկը տենդով մը կը զգայի: Ահա թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս աշխարհի տարածքին հայու մեր կեանքը, ներքնապէս կը հիւծէ մեր մարմինը:
Թէեւ արձակուրդի մէջ էի, սակայն պապենական երկրիս պատմութեան հետն էի: Մեր պատմութեան: Հայոց պատմութեան: Եւ այդ պատմութիւնը՝ Հայաստանն էր…:
Արդեօք այս մէկը կախարդական չէ՞…

