Յետ-Քրիստոնեայ Արեւմուտքը

0 0
Read Time:7 Minute, 12 Second

 Աշխարհին ոչ ծածուկ, արեւու նման յստակ գաղտնիքներէն մէկն է փոփոխութեան օրէնքը: Ազգեր, կայսրութիւններ, երկիրներ, քաղաքակրթութիւններ, մշակոյթներ, լեզուներ, բարքեր, աւանդութիւններ, բոլորն ալ մնայուն փոփոխութեան մէջ են: Այս բոլորին աշխարհագրական դիրքն ու ազդեցութիւնն ալ մշտակայ փոփոխութեան մէջ են: Օրինակ, 1400 թուականներուն Հիւսիսային Ամերիկան բնակուած էր տեղացի բնակիչներով: Հիմա անոնք ցամաքամասին չնչին մասը կը կազմեն: Կամ ո՞ւր է այսօր Բիւզանդական կայսրութիւնը: Նաբուգոդոնոսորներու՝ Միջին Արեւելքը կլանող կայսրութիւնները, այսօր դասագիրքերու նիւթերու ցանկերը հարստացնելով միայն իրենց գոյութիւնը կ՚արդարացնեն:

Աշխարհի փոփոխութեան հոլովոյթէն անմասն չէ կրօնքը: Կրօններ հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցած են: Անոնց պատմութեան ակնարկ նետելով կրնանք ըսել, որ անոնք ալ ունեցած են իրենց ելեւէջները, կորուստներն ու ընդարձակումները, տարբեր արտայայտութիւններն ու միահեծան իշխաննութինները: Կրօնքն ալ կ՚ազդուի ընկերութեան գիտական, մշակութային, փիլիսոփայական, քաղաքական եւ այլեւայլ մարզերէն ու տագնապներէն: Իսկ վերջին ժամանակներուն, Քրիստոնէութիւնը փոփոխութեան մէջ գտած է ինքզինք, յատկապէս Արեւմտեան կողմն աշխարհի:

Վերեւ շօշափուած նիւթերուն, բայց նաեւ Արեւմտեան աշխարհագրութեան մէջ Քրիստոնէութեան հետզհետէ փոքրամասնութիւն ըլլալու իրականութեան, այս փոփոխութեան դիմաց քրիստոնէական եկեղեցւոյ դիրքին մասին գրած է ամերիկացի լրագրող Րոտ Տրեհըր՝ «The Benedict Option» («Պենետիկտոսի Այլընտրանքը») գիրքով, որ այս տարի մեծ աղմուկ յառաջացուց եւ արժանացաւ բազմաթիւ գրախօսականներու, ներկայացումներու ու բազմաձայն զրոյցներու:  Հեղինակը երբեք կասկածի տակ չ՚առներ Արեւմուտքին՝ Քրիստոնէութիւնը հանրային կեանքէ արտաքսելու, մերժելու եւ անհեթեթ սեպելու իրականութիւնը: Ոմանք կրնան առարկել որ այս մէկը տակաւին լրիւ չէ իրագործուած. հեղինակն ալ կ՚ընդունի որ գոնէ կարգ մը երկիրներու մէջ, յատկապէս Միացեալ Նահանգներուի, Քրիստոնէութեան հանրային պատկերը արմատական փոփոխութիւն տակաւին չէ կրած: Սակայն ան նաեւ համոզուած է, որ ժամանակը ի նպաստ Քրիստոնէութեան չէ: Ուշ կամ կանուխ՝ Քրիստոնէութիւնը Արեւումտքի մէջ անբաղձալի փոքրամասնութեան պիտի վերածուի:

Փոփոխութիւնը, որուն մասին գիրքը կը խօսի, մէկ օրուան ընթացքին չպատահեցաւ: Հեղինակին համաձայն, փոփոխութիւնը սկսած էր մօտաւորապէս վեց դար առաջ: Հեղինակը հանգրուաններու կը բաժնէ փոփոխութեան պատկերը: 14րդ դարուն Բնազանցական Իրապաշտութիւնը տեղի տուաւ Անուանականութեան (Նոմինալիզմ): 15րդ դարուն Վերածնութեան շարժումով Արեւմուտքը կեդրոնացաւ միայն մարդուն ճակատագիրին վրայ: 16րդ դարուն Բողոքական շարժումը հարցականի տակ առաւ եկեղեցական հեղինակութիւնն ու պատճառ եղաւ Յարանուական անհաշիւ բաժանումներու: 17րդ դարուն կրօններու պատերազմներն (խորքին մէջ քաղաքական հաշիւներով ու նպատակներով) ու Գիտական Յեղափոխութիւնը միջնադարու նուիրապետական տիեզերքի հասկացողութիւնը քանդեցին ու յառաջ բերին աշխարհի մեքենական՝ Քարթեզեան, այսինքն Տեքարթեան ըմբռնումը: 18րդ դարուն Լուսաւորականութիւնը, յատկապէս իր Բանապաշտական դրսեւորումով, ընկերութեան կեանքին մէջ կրօնի ներկայութիւնը մեծ հարցականի տակ առաւ: 19րդ դարուն Ճարտարարուեստական Յեղափոխութիւնը քանդեց մարդոց հողին կապուածութիւնը, շինեց հսկայ քաղաքներ ու գործարաններ, մարդկային յարաբերութեան մէջ դրամը իբրեւ գերագոյն արժէք նուիրականացնելով: Այս վերջինին միացան Մարքսիզմին եւ անաստուածութեան ազդեցութիւնները: 20րդ դարուն Համաշխարհային զոյգ պատերազմները, գիտական-արհեստագիտական ոստումներն ու Սեռային Յեղափոխութիւնը առաւել եւս առանձնացուցին անհատը ու անոր արժէքը, ստուերի տակ ձգելով Քրիստոնէութիւնն ու եկեղեցին:

Այս բոլոր փոփոխութիւններուն իբրեւ պատասխան՝ հեղինակը ընթերցողը կը տանի վերցերորդ դարու սկիզբները, Իտալիա: Պենետիկտոս անունով երիտասարդ մը իր ծննդավայրէն՝ Նուրսիայէն կ՚երթայ Հռոմ, որ իր նախկին փայլքն ու անմրցելի զօրութիւնը արդէն կորսնցուցած էր: Հռոմ դարերով եղած էր աշխարհասասան կայսրութեան մը քաղաքական կեդրոնը ու տիրացած՝ այդ օրերու աշխարհին: Վեցերորդ դարու սկիզբը, երբ Պենետիկտոս կ՚երթայ Հռոմ, քաղաքը արդէն Վիսիկոթներու արշաւանքներուն հետեւանքով արդէն իսկ կը գտնուէր քանդուած ու խառնակ վիճակի մէջ: Անիշխանականութիւնն ու բարոյական մահը պատճառ կ՚ըլլան որ Պենետիկտոս փոխէ իր միտքը, քարայր մը քաշուի ու հոն մնայ երեք տարիներ: Անապատական հայրերու ու ճգնաւորներու կենցաղէն ազդուելով՝ երեք տարիները կ՚ըլլան իր հոգեւոր կեանքի բեղմնաւոր շրջան մը: Այս միջոցին, Պենետիկտոսի սրբակեաց համբաւը այնքան կը տարածուի, որ կը ստիպուի լքել իր քարայրը ու կը հիմնէ տասներկու վանքեր: Այս վանքերն ու անոնց վանական կեանքը լաւ կերպով կառավարելու համար ան կը գրէ իր նշանաւոր Կանոնը (The Rule) ու այս ձեւով հիմը կը դնէ Պենետիկեան վանականութեան: 

Պենետիկտոսի աշխատանքով ու Պենետիկեան վանականութեան ճամբով կարելի եղաւ փրկել Արեւմտեան բարձր քաղաքակրթութիւնը հաւանական կորուստէ: Պենետիկեան վանքներն էին, որոնք առաւելաբար ծաղկեցուցին գրականութիւնը Եւրոպայի մէջ ու դարձան գիտութեան ու լուսաւորութեան օճախներ: Անոնք բարոյական կեանքի ու ոգեղէն արժէքներու սատար հանդիսացան եւ անոնց միջոցաւ, նաեւ, զարգացան բարձր արուեստները: Հեղինակին համաձայն, Պենետիկեան վանականութեան ճամբով Արեւմուտքի առաքինութեան ջահը դարերով միշտ վառ մնաց, երբ Հռոմ արդէն իսկ կործանած էր:

Հեղինակը օրինակ կ՚առնէ Պենետիկտոսի կեանքէն ու զայն կը վերածէ յարացոյցի, յատկապէս 21րդ դարու քրիստոնեաներուն համար, որոնք Արեւմուտքի մէջ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան պաշտպանութեան պայքարին մէջ են: Ըստ իրեն, Պենետիկտոսի եռամեայ առանձնական կեանքն ու պատրաստութիւնը, յետագային իր նշանաւոր Կանոնին ստեղծումով, լաւագոյն ռազմավարութիւնն են յետ-քրիստոնեայ Արեւմուտքին մէջ ապրելու: Ժամանակը ուշ չէ, կ՚ըսէ ան, երբ Արեւմտեան ընկերութիւններուն մէջ ալ բարոյական կեանքի մահուամբ, վեցերորդ դարու Հռոմին նման, քաոսը աներեւակայելի կացութեան պիտի վերածուի:

Այս բոլորը՝ շատ լաւ: Սակայն մենք վանականներ չենք, քարայրի մէջ ալ քաշուիլ անհնարին ու ձախող ռազմավարութիւն է, ոմանք կրնան առարկել: Հեղինակին նպատակը պատմական անդրադարձ ընելով տառացի կապկումի առաջնորդել չէ ընթերցողը, որքան գործնական կերպով կիրարկել է Պենետիկտոսի առանձնանալու ու յետոյ մարդկութեան մէջ իջնելով՝ անոնց կեանքը փոխակերպելու ռազմավարութիւնը: Այս պատճառով հեղինակը ընթերցողին կ՚առաջարկէ գործնական քայլեր: Բայց նախ պատասխանենք հետեւեալ հարցումին. ի՞նչն է գրաւիչը Պենետիկեան Կանոնին, որմով հեղինակը այնքան խանդավառուած է:

Ըստ իրեն, Կանոնին դրական ազդեցութիւնն է՝ վանականներուն առօրեային իր բերած հաւասարակշռութիւնը: Արեւմտեան երկիրներուն մէջ կեանքը ներկայիս խառնափնթոր վիճակ կը ներկայացնէ: Ամուսնալուծումներ, անհայր ու միայն մայր ունեցող զաւակներ, բարոյական ու սեռային սանձազերծում, դրամի ու հաճոյապաշտութեան գերիշխանութիւն, մեկուսացում, անվստահութիւն, մեղքի անպատկառ քաջալերանք եւայլն: Կանոնը վանականներուն ու նմանատիպ հաւատացեալներուն կը սորվեցնէ կեանքը լեցնել աղօթքով, արդար աշխատանքով, ծոմապահութեամբ, քիչով գոհանալով, կանոնաւորութեամբ, հաւաքական կեանքի գիտակցութեամբ ու քրիստոնէական հիւրասիրութեան եւ ասպնջականութեան կարեւորութեամբ: Քրիստոնեաներ կանոնի մը հետեւելով կրնան իրենց կեանքի ռիթմը զատորոշել աշխարհիկ կեանքի ռիթմէն: Այս է լաւագոյն ձեւը մօտենալու ներկայ աշխարհի քաղաքակրթութեան ու մշակոյթին: Հեղինակը կ՚ընդունի որ քրիստոնեաներ «քաղաքակրթութեան պատերազմներ»ը (Culture wars) կորսնցուցած են: Ներկայ ընկերութիւնը կ՚ընդունի վիժումը, դիւրին ու միակողմանի հայցուող ամուսնալուծումները, միասեռական ամուսնութիւնն ու բժշկութեան օգնութեամբ մահը: Հետեւաբար, հեղինակը կ՚առաջարկէ որդեգրել այլ ձեւեր, որպէսզի քրիստոնեաներ պաշտպանեն աւանդութեամբ մեզի փոխանցուած հաւատքը, մշակոյթը, սրբութիւնները ու բարոյական կեանքը: Օրինակ առնելով Խորհրդային միութեան շրջանին Արեւելեան Եւրոպայի շարք մը երկիրներուն մէջ գաղտնաբար գործող քրիստոնեայ կազմակերպութիւններէն, ան կ՚առաջարկէ անքաղաքական ձեւով քաղաքական ու մշակութային ներկայ ջրվէժը դիմագրաւել, ինչպէս օրինակ քաղաքականութեան մէջ գոնէ յաջողիլ կրօնական կառոյցներուն ու անոնց մէջ գործող սկզբունքներուն ազատութեան իրաւունքը պաշտպանել, ինչպէս նաեւ եկեղեցի յաճախելու մէջ չթերանալ, քրիստոնէական հասկացողութեամբ ամուսնական կեանք ապրիլ, բջիջային հեռաձայն ու արհեստագիտական այլ գործիքները նուազ գործածել, ընտանիքի հետ լաւ ժամանակ անցնել, հաւատքի ջամբումը առաջնահերթութեան վերածել, եկեղեցւոյ յատուկ արժէքները շեշտել ու իբրեւ հաւաքականութիւն անոնցմով ապրիլ:

Տրեհըրի համար եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը էական է: Ան իբրեւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցւոյ անդամ կը խօսի ծիսական օրացոյցին ու անով մեր կեանքերուն ուղղութիւն տալու մասին: Եկեղեցւոյ մը աւանդութիւնները, տօներն ու պահքերը կարեւոր են հոգեւոր իմաստալից կեանք մը ապրելու համար: Այն եկեղեցիները որոնք յստակ պահանջներ չունին իրենց հաւատացեալներէն, անոնց վարք ու բարքին, եկեղեցի յաճախելու ու քրիստոնէական անբասիր կեանք ապրելու իմաստով, արդէն ժամանակավրէպ են ու այս պատճառով կը ներկայացնեն անբաղձալի վիճակ:

Միւս կողմէ, մանուկներու դաստիարակութիւնն ու հոգեւոր կրթութիւնը հիմնասիւներն են Պենետիկեան շունչով ապակրօնութեան (secularism) դէմ դնելու: Հեղինակը կ՚ընդունի, թէ լաւագոյն պայքարը քրիստոնէական ու դասական կրթութեան ճամբով տեղի կ՚ունենայ, ի գին հազարումէկ նիւթական ու բարոյական զոհողութիւններու: Այս դաստիարակութիւնը մանուկներուն սիրտն ու հոգին կը բանան գեղեցիկը, ճշմարիտն ու բարին ընկալելու: Ան նոյնիսկ կ՚առաջարկէ կարելի միջոցներով տնային դպրոցն ու կրթութիւնը (Homeschooling), իբրեւ լաւագոյն միջոց՝ մանուկները հեռու պահելու անկրօն ու անաստուած ազդեցութիւններէ, ինչպէս նաեւ ապականեալ կենցաղէ:

Գիրքին վերջին մասով հեղինակը կ՚անդրադառնայ երկու  հարցերու, որոնք աշխարհն ու մանաւանդ Արեւմուտքը կը յուզեն իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով: Առաջինը՝ ազատ սիրոյ ու անհետեւանք սեռային կեանքն է: Վաթսունականներու Սեռային Յեղափոխութիւնը լայն դարպաս մը բացած է երիտասարդներուն առջեւ, տարբեր մօտեցում եւ ըմբռնում առաջարկելով սեռային յարաբերութիւններու աշխարհին մէջ: Նախապէս ամէն ոք գիտէր որ սեռային յարաբերութիւնը իր իմաստը կը գտնէր ամուսնական կեանքով, նպատակ ունենալով որդեծնութիւնն ու զաւակներու դաստիարակութեան սուրբ պարտականութիւնը: Այսօր այս պատկերը փոխուած է:

Սեռային յարաբերութիւնը այնքան աժանցած է, որ դարձած է դիւրաւ հասանելի, որովհետեւ մարդիկ զայն հանած են ամուսնական կեանքի շրջագիծէն ու զուտ անձնական հաճոյքներու գոհացման համար կը գործածեն: Այս փոփոխութեան պտուղները շատ դառն են. ընտանեկան սրբութեան խախտում, սեռային անպատասխանատու ընթացք, հիւանդութիւններ, կայունութեան կորուստ, ամուսնալուծումներու թուային գերաճ ու անոնց պատճառով զաւակներու ողբերգութիւն եւայլն: Աձնասիրութեան ու անհատական իրաւունքներու տարածման պատճառով, ընտանեկան-հաւաքական կեանքի առողջ բոյրը անհետ կորսուած է: Մարդիկ դարձած են շղթայակիր գերիները իրենց անյագ հաճոյքներուն ու մոլեգին բնազդներուն: Այս բոլորին կը միանան սեռային կեանքը ազատ-համարձակ կերպով նկարահանող տեսերիզները, անվայել հագուստները, անհրապոյր եւ կուտ ու կորկոտ չունեցող երաժշտութիւնը, Հոլիվուտեան անբարոյական ֆիլմաշխարհը, որոնք կը քանդեն ընտանեկան բարօր կեանքն ու ծնողք-զաւակ առողջ յարաբերութիւնը:

Սեռային Յեղափոխութեան նաեւ իբրեւ արդիւնք, հեղինակին համաձայն միասեռականներու ու դրանսկենտերներու իրաւունքներու հարցը հրատապ է: Քրիստոնեաներ պայքար ունին մղելիք, որպէսզի զանազան մարդիկ ամուսնութեան ու սեռային բարոյականի իրենց ըմբռնումը չպարտադրեն քրիստոնէական եկեղեցիներու պատկանող հաստատութիւններուն ու անձերուն վրայ: Կրօնական ու խիղճի ազատութիւնը, այս հարցերուն վերաբերեալ, յոյժ կարեւոր է, որովհետեւ բարոյական հալածանքը անխուսափելի է:

Վերջին կէտով հեղինակը կը փակէ իր գիրքը: Ընտանիքներ ու ծնողներ պէտք է ուշադիր ըլլան իրենց զաւակներուն, երբ անոնք կը գործածեն զանազան գործիքներ, որոնք դարձած են կեանքի բնական մաս, ինչպէս հեռատեսիլ, համակարգիչ, բջիջային հեռաձայն եւայլն: Արհեստագիտութեան միջոցները չէզոք չեն. անոնք կեանքը ապրելու յատուկ որակ մը կը հայթայթեն: Անոնք մեզ կը դարձնեն գերիները անիրական աշխարհներու ու յարաբերութիւններու անսահման տիեզերքի: Անոնք մեր մտածումը կը կաղապարեն, մեր ախորժակները որոշ բաներու հանդէպ կը սրեն, մեր ստեղծագործ միտքը կը չորցնեն: Հակակշիռի տակ առնել ու անոնցմով հակաքրիստոնէական ու հակասուրբգրային ազդեցութիւններէ մեր զաւակները զերծ պահել՝ նուիրական պարտաւորութիւնն է իւրաքանչիւր ծնողքի, որ կը փորձէ ապրիլ Պենետիկտոսի Այլընտրանքը:
Տէր Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles