
Զգալի է կորուստը եւ խորն է վիշտը նուիրեայ հայուհիի մը, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին լռելեան նուիրումով անշուք ծառայեց եւ դաստիարակեց իր ազգի զաւակներուն:
Դեկտեմբեր 3, 2012ին Երկուշաբթի առաւօտ ողբացեալի տիրոջմէ խնդրանքը լսուեցաւ “ձեռքս բան, ոտքս գերեզման“ ընկերուհի Ռահել Մելքոնեան 90 տարեկանին մնաք բարի ըսաւ` 72 տարի ծառայած իր Հայ Օգնութեան Միութեան ընտանիքին եւ իր անմիջական հարազատներուն: Ընդհանրապէս մեր ազգային, մշակութային եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ իրենց ամէնօրեայ գործունէութեամբ կլանուած համեստ մարդոց արժանիքներն ու ներդրումները չեն տեսներ: Կը նկատեն երբ անոնք մեր հետ չեն այլեւս եւ առհաւէտ մեկնած հեռացած են այս աշխարհէն:
Աքսորէն ճողոպրած Գասպար եւ Լուսիա Գասպարեաններու անդրանիկ դուստրն էր Ռահել: Ծնած էր 1922 Նոյեմբեր 20ին Հալէպ (Սուրիա), յաճախած էր Տեղւոյն Ուսումնասիրաց Վարժարանը, օժտուած էր տիպար դպրոցականի բոլոր արժանիքներով: Իր դպրոցի լաւագոյն արտասանողն ու նուագողն էր: Ուսումնական շրջանին իր ջանասիրութեամբ եւ պառտաճանաչութեամբ` արթած էր տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի ուշադրութիւնը, այդ իսկ պատճառով վարժարանը աւարտելէ ետք տնօրէնութիւնը զինք կը հրաւիրեն պաշտօնավարելու նոյն դպրոցին մէջ, ուսուցանելով զանազան նիւթեր եւ մարզանքի ուսուցչի բացակայութեան երեխաները կը զբաղեցնէր դաշնակ նուագելով:
1940 Հոկտեմբեր 20ին կ՛ամուսնանայ Կարմուճի (Թուրքիա) առաջին յեղափոխական սերունդի նահատակներէն` Եփրեմ Մելքոնեանի կրտսեր զաւկին Աղաճանի հետ, որ թուրքերու կողմէ հօր սպաննութենէն ետք 2 տարեկանին մօրը եւ հարազատներուն հետ կ՛աքսորուին Սուրիա:
Ռահել հարս կ՛երթայ ԹէլևԱպիատ գիւղը, ուր կը կազմէ իր ընտանեկան բոյնը, ունենալով 5 զաւակներ:
Ան շատ արագ կ՛ընտելանայ գիւղական կեանքին եւ սովորութիւններուն: Գիւղի Ազգային Խրիմեան վարժարանը կարիքը կ՛ունենայ ուսուցչի, տնօրէնութիւնը իմանալով Ռահելի անցեալի ուսուցչական ծառայութիւնը, կը խնդրեն ամուսինէն, որ Ռահել ստանձնէ պաշտօնը: Չէր կրնար մերժել, որովհետեւ կոչումն էր օգնել եւ սորվեցնել, հետեւաբար կը պաշօնակցի կարգ մը անուանի մշակներու եւ բանաստեղծներու հետ:
Պոսթըն հաստատուելէն ետք 25 տարի անաչառ, սիրով ու նուիրումով դասաւանդեց մեր ոսկեղնիկ լեզուն Սբ. Ստեփանոս Շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ, արժանանալով գնահատագիր:
Ռահել ասեղնագործերէն մին ցուցադրուած է Սուրիոյ Տէր Զօրի փառատօն մրցանակին եւ արժանացած է առաջնութեան վկայագրին:
Ռահել ազգասէր եւ բարեսէր էր, կը սիրէր միութենական կեանքը, ծառայեց Հայ Օգնութեան Միութեան 1940և2012 մինչեւ իր մահուան օրը: Թէլ-Ապիատ եւ Հալէպ (Սուրիա), Պէյրութ (Լիբանան) եւ Պոսթըն (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ):
Իր 72 տարուայ ծառայութեան ընթացքին եղած է բծախնդիր անաչար եւ խստապահանջ ստանձնելով տարբեր պատասխանատուութիւններ ինչպէս խմբապետուհի, ատենադպիր եւ ատենապետ մասնակցած է Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Պատգամաւորական Ժողովներուն սկսեալ Թէլ-Ապիատ (Սուրիա):
Հայ Օգնութեան Միութեան 100ամեակի առթիւ` Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը զինք կը պարգեւատրէ գնահատագիր վկայագրով, իսկ Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգերու Շրջանային Վարչութիւնը վարդասեղով:
Մասնակցած է Ս.Օ.Խ.ի Արծուիկներու տարեկան ընդհանուր բանակումին, որպէս Հայ Օգնութեան Խաչի ներկայացուցիչ:
1975ին կը հաստատուի Պոսթըն Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ եւ իր անդամակցութիւնը կը շարունակէ Հ.Օ.Մ.ի Պոսթընի “Սիրանոյշ“ մասնաճիւղին, ստանձնելով դիւանային պաշտօններ, իր ներդրումը կ՛ունենայ եւ մեծ դեր կ՛ունենայ Հ.Օ.Մ.ի համագաղութային կառոյցի փոփոխութեան 1978և1979 տարեշրջանին իր մասնաճիւղին մէջ երբ իր պատկանած մասնաճիւղի ընկերուհիներ կը ջանան լուծել մասնաճիւղը, մինչ Ռահել ատենադպրուհին ըլլալով կ՛ընդիմանայ, կառչած կը մնայ իր սկզբունքներուն: Կը փորձեն արխիւները առնել իրմէ, չի յանձնէր: Հմուտ էր Հ.Օ.Մ.ի Ծրագրին եւ կանոնագրին գաղափարախօսութեան, մասնաճիւղի հինգ հաւատացեալ ընկերուհիներով կը պահեն մասնաճիւղը, զայն վերանուանելով` “Լօլա Սասունի“:
1979ին կը մասնակցի Հ.Օ.Մ.ի համագաղութային Անդրանիկ պատգամաւորական ժողովին Սէն Ֆրանսիսքոյի մէջ:
Ռահել իր կռանիթիայ կամքով եւ պայծառամտութեամբ` մասնաճիւղի ընկերուհիներուն հետ պայքարեցաւ մասնաճիւղի վերելքին զայն պահելով եւ հասցնելով Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն մասնաճիւղերէն մին` տարիներ շարունակ ստանձնելով ատենապետութեան պաշտօնը:
Մահուընէ երկու շաբաթ առաջ ներկայ գտնուեցաւ մասնաճիւղի ժողովին եւ Գոհաբանութեան ճաշկերոյթին հաստատելու համար իր գործօն անդամկցութիւնը:
Մահուընէ շաբաթ մը առաջ տօնեց իր 90րդ տարեդարձը Գոհաբանութեան Օրը շրջապատուած իր զաւակներով, հարսներով, փեսաներով, թոռներով եւ ծոռերով, կարծես իր վերջին ընթրիքը ըլլար:
Աստուածավախ, հաւատացեալ Ռահելը ինչպէս ամէն Կիրակի, մահուընէ մէկ օր առաջ եկեղեցի գնաց ներկայ գտնուեցաւ Սուրբ Պատարագին համբուրեց թափոռի խաչը, այս անգամ մնաք բարի ըսելու իր եկեղեցիին:
Ռահել իր յեղափոխականևգաղափարական ամուսնոյն Աղաճանին հետ իրենց զաւակները դաստիարակեցին հայու ազգային առաքինութիւններով սնուցելով անոնց` սէր եւ գուրգուրանք հանդէպ մեր ազգային առժէքներուն, որ հետագային եղան դաստիարակ, գործիչ, մարզիկ, մարզիչ, Հ.Օ.Մ.ուհի, Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչ, սարկաւագ եւ սկաուտապետ:
Հայրենասէր Ռահել իր կեանքի ընթացքին օրինակ դարձաւ իր զաւակներուն ըսելով թէ` ազգը կարիքը ունի ձեր ծառայութեան:
Հեղինակն է “Անմար յուշեր“ գրքոյկին, որ նուիրած է երկու զոյգ ծնողաց եւ ամուսնոյն ետին կը թողու 5 զաւակներ իրենց հարսներով, փեսաներով, 10 թոռներ եւ 4 ծոռեր:
Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Դեկտեմբեր 7ին Ուաթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ ներկայութեամբ շրջանի Հովիւ` Տէր Անդրանիկ քհնյ. Պալճեանի եւ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Յակոբեանի: Դագաղը Հ.Օ.Մ.ի դրոշով ծածկուած, եկեղեցի մտցուցին իր թոռները:
Յարգանքի վերջին տուրքը տալու եկած էին իր հարազատները, բարեկամները եւ ընկերևընկերուհիները:
Ռահել իր համեստ եւ հեզահամբոյր բնաւորութեամբ շահեցաւ իր շրջապատի յարգանքը, տարիները եղան բեղմնաւոր ինչպէս իր նշանաբանն էր “Ապրէ՛ այնպէս որ չզղջաս“:
Յիշատակն արդարոց, օրհնութեամբ եղիցի
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի ընկերուհի:
Հ.Օ.Մ.ուհի