
Անկախ հայ կամ հայ անկախը իրարու կառչած եւ անքակտելի բառեր են: Մէկը շնչող էակ, իսկ միւսը ներշնչող հող: Անկախութիւնը կը վայելէ հայորդիին, սակայն միայն վայելքին ու վայելչութեան այդ զգացական ապրումը չէ անկախութիւնը` Հայաստանի անկախութիւնը:
Գործ, պարտականութիւն ու պարտաւորութիւն կայ կատարելիք: Եւ այդ ալ ինչպէ՜ս ու յատկապէս ինչքա՜ն:
Այսպէս, դարերու ընդմէջէն ազատութեան եւ անկախութեան համար պայքարած հայորդին, Մայիս 28-ի աներեւակայելին` “խենթերու գտած հնար“ը կերտելէ, ապա ստիպողաբար կորսնցնելէ ու տեղի տալէ ետք, ի վերջոյ 1991-ին, դարձեալ անկախութեան տիրացած, այսօր իր անկախ հողաշերտի պահպանման, պաշտպանութեան ու զարգացման համար, տիտանական մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի:
Շարքը երկար է եւ կը կարօտի հետեւողական աշխատանքի, սկսելով անմիջական հայ ընտանիքէն մինչեւ բաւական բարձր դիրքի հասած տնտեսագէտը, ճարտարագէտը, քաղաքագէտն ու այլ բնագաւառներու մասնագէտը:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ կը նշանակէ արդարութեան, հաւասարութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմքերուն վրայ կառուցուած առողջ միջավայր, ղեկավարութիւն, պետութիւն, ուր օրէնքն է գերիշխողը եւ անձը` “գերիշխուող“ը: Այնպիսի աշխարհ մը, ուր հայորդի քաղաքացին, դուրս գալով շահագործող եւ շահագործուող կամ օգտագործող եւ օգտագործուող գոյավիճակէն, ճակատը բաց, առանց ստորակայութեան բարդոյթի, դուրս պիտի գայ դասակարգային կղզիացումէն եւ շնչէ շատ աւելի առողջ հոգեվիճակի մէջ, ուր երկրի թէ՛ օրէնսդիր եւ թէ՛ գործադիր կառոյցներուն միջեւ ազատօրէն արտայայտուելու ժողովրդավարութեան հիմքը պիտի գործէ հեզասահօրէն, ամենայն թափանցիկութեամբ եւ առանց սայթաքումի:
Դեռ աւելին,…ներքին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կեանքին մէջ երեւցող դերութիւններու արդիւնք ծայր առած արտագաղթը, ոչ թէ միայն մտահոգութիւն, այլ ահազանգային կացութիւն կը ստեղծէ, որուն դիմաց անկախութեան համար պայքարած ղեկավար հայորդին շուտափոյթ աշխատանքի լծման կարիքն ունի, արմատական լուծումներ գտնելու եւ այդ վտանգաւոր հոսքը կասեցնելու համար:
Այս է ներկայ Հ.Հ. յետ-անկախութեան առկախ կացութիւնը, որուն վրայ դեռ կարելի է աւելցնել Արցախի հզօրացման եւ վերաբնակեցման կարեւորութիւնը, արտաքին քաղաքականութեան ծանր աշխատանքը` թուրք եւ ազերի լոպիինկին դիմաց:
Այսպէս անկախութիւնը ԳՈՐԾ է…յարատեւ, անսխալ եւ սուրբ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Պոսթըն – Մասաչուսէց