Յեղափոխութիւն՝ Կամ Սպասելի Անսպասելին

0 0
Read Time:5 Minute, 34 Second


Գէորգ Պետիկեան

Եթէ 1988 Դեկտեմբերին հայրենի աղէտալի մեծ երկրաշարժը պատճառ դարձած էր, որ հայու-թեան եւ ընդհանրապէս համայն աշխարհի ակնարկները կեդրոնանային մեր հայրենիքին վրայ, այս օրերուն սակայն նոյն այս ակնարկները եւ կրնապատկուած, դարձեալ կեդրոնացած են մեր վրայ, այս անգամ բոլորիս ահասկնալի պատճառներու հետեւանքով։
Այսպէս, մեզի համար այլեւս գաղտնիք մը չէ, որ հո՛ն, Հայաստանի մէջ, շաբաթներէ ի վեր, մայրաքաղաք Երեւանի եւ միւս գլխաւոր քաղաքներու եւ գիւղերու փողոցներուն եւ հրապա-րակներուն վրայ կատարուածը՝ ուղղակի ներկայ իշխանութեան դէմ, մեր ժողովուրդի արդարութեան եւ մանաւանդ անոր ընկերային եւ տնտեսական հարցերու լուծման կոչուած պահանջատիրական աննկարագրելի ցոյցեր էին, որոնք կը կատարուէին։
Ցոյցեր, որոնց համար ցուցարարները առաջին իսկ վայրկեանին անուանած էին «թաւշայ» յեղափոխութիւն։ Թէեւ կեանքի հոսքը պղտորեցաւ, սակայն ամէնօրեայ ցոյցերը հեղեղի նման յորդեցան եզակի ու հասատ։ Աղմկոտ, անօրինակ եւ սակայն անարիւն։
Պէտք է շեշտել, թէ աշխարհի գրեթէ բոլոր ժողովուրդներն ալ մեզի նման ունեցած էին եւ յաճախ ալ կ՚ունենան վերելքներ, նման անկումներ, նման ներքին դէպքեր, սակայն մեր ազգը, այս բոլորը յաղթահարած է իր նկարագրով։ Վկայ այս «հայկական գարունը», որ եկաւ սահմանելու մեր մտածումներն ալ։
Ու անկախ մեր հայրենիքէն ներս ստեղծուած մթնոլորտէն, իրողութիւններէն, եւ տեղի ունեցող հազարաւոր հայ մարդոց համախմբումներու, ցոյցերու եւ պոռթկումներու վերլու-ծումներէն, պարզապէս կ՚ուզեմ բաղդատութիւն մը կատարել, համեստօրէն եւ անկեղծ։
Տակաւին նախակրթարաններու գրասեղաններէն սորված էինք, թէ բնութեան մէջ ամէն բան կը ձեւափոխուի յամր բարեշրջութեամբ եւ անընդհատ յառաջդիմութեամբ։ Այս փոփոխու-թիւնները կ՛ըլլան աստիճանաբար եւ աննշմարելի ու ի յայտ կու գան այն ատեն միայն, երբ յանկարծ որոշ յստակ շրջանէ մը ուրիշ շրջանի մը անցնինք:
Այսպէս է նաեւ մեր երկրագունդը եւ այս ձեւով է, որ մարդ էակը բարձրացած էր անասնական իր վիճակէն եւ այս տրամաբանութեամբ էր, որ ներկայ դարու մարդը ալ չի նմանիր քարէ կամ պղինձէ դարերու մարդոց: Այս բոլորը կը հաստատեն գիտնականներն ու հոգեբանները։
Ասոնց կողքին, եթէ կ՚ուզէք հետեւեալը պէտք է շեշտել.-որպէսզի շրջափոխութիւն ըսուածը լուռ ու անաղմուկ կատարուի, բնական է, որ իր ընթացքին չհանդիպի որեւէ արգելքի, որովհետեւ, եթէ մղումը աւելի զորաւոր ըլլայ քան խոչընդոտը, ամէն ինչ պիտի խորտակուի, իսկ եթէ ոչ՝ այդ մղումը պիտի վիժի։
Ուրեմն ամէն անգամ, որ վիճակի մը եւ յառաջդիմութեան միջեւ բախում գոյութիւն ունենայ անկասկած՝ յեղափոխութեան մը ծնունդը պիտի յայտնուի:
Այսօր ամէն մարդ գիտէ, թէ այն բոլոր երեւոյթները, որոնք կը յայտնուէին երկրի ներքին ցնցումներէն եւ յանկարծօրէն տեղի ունեցած փոփոխութիւններէն, պարզապէս արդիւնք էին հազարաւոր դարերու միջոցին յամընթաց եւ անզգալի պատճառներու: Այսպէս օրինակ՝ ամէն տեղ անձրեւները, հեղեղները կը մաշեցնէին լեռները եւ թափանցելով անոնց խորքերը կազմալուծեցին: Բայց միջոցին ո՛չ մէկ նշան կ՚ազդարարէր կատարուող յամր աշխատանքը։ Ո՛չ մէկ շարժում կը մատնէր զայն։ Նոյնիսկ սերունդներ կ՚անցնէին, առանց զգալու կատարուելիք փոփոխութիւնը կամ փոփոխութիւնները։
Եւ յանկարծ օր մը, լեռը կը կքի, կը փլի, կը փշրուի, իրեն հետ կործանելով անտառներ, գիւղեր, քաղաքներ, սուգ ու աւեր սփռելով իր շուրջը, այդ ահռելի դղրդիւնին մէջ: Բայց անգամ մը, որ յուզումը անցնի, ցնցումը հանդարտի, կեանքը շուտով կը վերստանայ իր իրաւունքները եւ կը դառնայ աւելի աշխուժ, աւելի զօրեղ, քան երբեք:
Եթէ այս նախաբանը բնութեան համար էր, հապա՞ մեզի՛, մարդոց եւ յատկապէս այս օրերուն մեր պարագան…։
Պէտք է ըսել, որ այս պարագան ըսուածը նոյնն է։ Ներկայ մեր ընկերութիւններուն մէջ յստակ գիտենք ու կը տեսնենք, որ այդ ընկերութեան միակ ձգտումը՝ իր դիմաց կեցող ամէն տեսակի պատուարներ տապալելն է, որպէսզի իր ընթացքը, իր իշխանութիւնը շարունակէ, իր իսկ մարդոցմով, համակիրներով եւ ծրագրած ձեւով։
Բայց տեսանելի է նաեւ, որ մեր ապրած ընկերային կազմակերպութիւնները իրենց կարգերով եւ վարիչներով միասին, դժբախտաբար շատ յաճախ յառաջդիմութիւնը արգիլող պատուար-ներով կը ներկայանան հանրութեան։ Ու այս մէկը ինքնաբերաբար նոր սերունդի ներկայա-ցուցիչներուն առիթ կու տայ՝ յանուն նոր վաղուան մը՝ ընդդիմանալու եւ ընբոստանալու։
Աւելի մանրամասնելով կրնանք նաեւ ըսել, թէ մեր այժմու երիտասարդութիւնը կամ հայ գիտակից մեր նոր սերունդը իր այս «արարքով» մեզի կը ներկայանայ իբրեւ նոր եւ սակայն հետզհետէ լայնցող ու կազմակերպուած ընկերութիւն մը, որ սկսած է հակադրել հին եւ միջին սերունդի ներկայացուցիչներէ կամ վերնախաւէ կազմուած ընկերութեան, որ արդէն տասնամեակներէ ի վեր ունի աւելի հաստատ իր հունը:
Նորերը՝ իրապէս, որ նոր դարու յեղափոխականներն են, որոնք փողոց իջնելով լճացած մտքերու ստրկութենէն կ՚ուզեն ձերբազատուիլ։ Իսկ «հիներն» ալ տակաւին կը շարունակեն մնալ իրենց «մաշած» թումբերով եւ կը փորձեն դիմադրել նորերու ալիքները, որոնք վտանգ կը սպառնան իրենց իշխանութեան։ Ալիքներ, այս ընթացքով եւ կազմակերպուածութեամբ կրնան հազարաւոր «քարեր» փլել այդ թումբէն: Ու այդ հինցած տասնամեակներու «քարաժայռը» պակսած չի թուիր, մինչեւ այն օրը, երբ յանկարծ տեւական ճնշումի տակ մաշելով փլի, իյնայ, կործանի եւ ինքնաբերաբար ճամբայ կը բանայ նոր եւ յաղթական ալիքներուն:
Այս բոլորը հաստատելու համար բաւական է անգամ մը միայն դիտենք մեր երկրի իշխանու-թեան ընկերային մեքենականութեան շարժումը, տեսնելու «քարացած» զօրութիւնը եւ անոր կողքին այս օրերուն՝ յեղափոխութեան ալիքները: Այլեւս բացայայտ է, թէ այս նոր յեղափոխա-կանները չեն հաւատար վերնախաւի խոստումներուն եւ կիսամիջոցներուն։
Հաստատուած իրողութիւն է, թէ արդի ընկերութեան մէջ նոր գաղափարներ կիրարկել փորձելը ինքնին յեղափոխութիւն է եւ կամ յեղափոխական գործ կատարել է, ընբոստանալ է նոյն այդ ընկերութեան դէմ, այն մարդոց դէմ, որոնք տակաւին կը պնդեն կարկտան գաղափարները, երբ տակաւին չեն ուզեր ճանչնալ ճշմարտութիւնը իրենց նահանջին ու տակաւին իրենց «թումբի» մաշած քարերը իրարու քով բերելով կը փորձեն սեղմած պահել զայն, չկորսնցնելու համար նոր ծնած ալիքներու ուժը, պահելու իրենց փտած աթոռները:
Կան դէպքեր, որոնց մէջ իսկապէս խորհրդաւոր յարուբերութեամբ կրնաս միայն կապուիլ։ Ահա մեր երիտասարդներուն կեցուածքը։ Անոնք բոլորն ալ իրենց արեան մէջ կը կրեն թէ իրենց ժողովուրդի անցեալը, թէ՛ ներկան եւ թէ՛ յատկապէս ապագայի տեսլականը։ Կարելի չէ այս բոլորին պարզ աչքերով դիտել եւ հետեւիլ։ Համբուրելի արժէքներ ունեցող երիտասար-դութիւն մը ունինք։ Անպարտելի վկաներ։ Ուստի պէտք է խորանալ։ Ժամանակն է, որ թեւ ու թիկունք ու զօրավիգ կանգնիլ։ Բոլորս ալ սքանչումով կը հետեւինք հոգեկան դիւցազնութեամբ լիցքաւորուած, զինուած իրենց քայլերուն։ Իրենց երազանքի հետքերուն։ Իրենց նոր կեանքի ձայներուն։ Հաւանաբար ինծի կը պակսի բացատրելու ձեւը։ Հպարտութեամբ կը տեսնեմ, կը տեսնէք նոր հայը, իր երազին յաղթող գնահատելի արժէքներով։ Հաւասար զմայլանքով կը կարդանք, կը լսենք անոնց բացականչութիւններն ու աղաղակները, որոնք անցեալի թանձր ստուերէն ազատելու կոչեր ալ են, նոր կեանքով տաքցնելու ինքնատիպ եղանակով։ Արդէն մեր երիտասարդներու ցոյցերուն պատճառով գլխիկոր ինկած են բաւական «արժէքներ»։ Այնպէս կ՚երեւի, թէ վերնախաւը անընդունակ է ժամանակի մարտահրաւէրները ընդունելու։ Անոնց քով իրականութիւնը տեսնելու քաջութիւնը պակսած է, իսկ ընդհակառակը երիտասարներուն աղմուկը ջնջած է տասնամեակներու լռութեան հետքերը։ Եւ ահա ինչ է վտանգը վերնախաւին համար։
Բացայայտ է, թէ հայրենիքի տարածքին այս նոր եւ օրինակելի ուժը սարսափ է ներկայ իշխանութեան։ Մեր երկրին համար առողջ ուղեղներ է պէտք, որոնք մեր հայրենիքը կրնան պահել եւ «կերակրել»։ Մեզի համար նոյն այս ուժը հպարտանք առթող է, որովհետեւ իր մէջ խտացուած է նոր ապագայի նկատմամբ երեւելի երազն ու ժամանակի պահանջքները։ Ու ամէն մարդ հոն այս օրերուն պատմութիւնն է, զոր կը հիւսէ հոգեկան դիւցազնութեամբ։ Եզակի ու հաստատ համոզումով։
Մեզի համար նորութիւն չէ, որ մեծ հրաշքներ կրնայ գործել մեր անկախ հայրենիքը իր այս նոր սերունդովը։ Ու ժողովուրդները երետասարդ են, երբ իրենց հոգին տակաւին երիտասարդ ձեւով կը նաւարկէ։ Ու լաւ յիշեցէ՛ք անհոգութեան, եւ գիտակցութեան պակասէն կրնայ զոհ երթալ մեր երկիրը։ Բայց ձեր ականջին նաեւ օղ ալ ըրէ՛ք.- ցեղասպանութիւն տեսնող ազգ մը չի կրնար դաւաճանել իր հայրենիքին իր ժողովուրդին եւ անոր ապագային։ Ուստի մեր բոլորին պարտքն է նկատի ունենալ ու այդ ձեւով շարժիլ, այլապէս ապագայի զղջումը ապարդիւն պիտի ըլլայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles