Լրահոս
ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՔԷՍԱՊԻ ՎՐԱՅ
Ուրբաթ, Մարտ 21-ի առաջին ժամերուն, Սուրիոյ հայահոծ Քեսապ եւ շրջակայ գիւղերը ենթարկուեցան յարձակումի “Ալ Նասրա“ եւ “Ալ Իսլամիէ“ ճակատներու կողմէ: Այս ընդդիմադիր զինեալներ ամիսներէ ի վեր համախմբուած էին նշեալ գօտիի վրայ, որոնք Իտլիպէն, Ժապալ Զաուիյէէն եւ այլ շրջաններէն հեռացած էին։ Անոնք Թուրքիոյ կողմէ երեք սահմանային կէտերէ յարձակում գործեցին եւ կրակեցին բնակարաններու վրայ:
Քեսապի մէջ գտնուող մեծ թիւով հայեր արդէն ապաստանած են աւելի ապահով շրջան: Իսկ շրջակայքը՝ Սուրիոյ տարածքին կը գտնուին թիւրքմէն գիւղեր:
Պասիթի ճանապարհը փակուած է յանուն բնակչութեան ապահովութեան։
Բախումները կը շարունակուին։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ.-

