ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ (Մասաչուսէց) ․ Շաբաթ, 18 Ապրիլի յետմիջօրէին, յատուկ հանդիսութեամբ մը, Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութիւնը (ACAA) վերանուանեց «Հայրենիք» շէնքը ի յիշատակ Հաչիկեան ընտանիքին:
Այսպէս, «Հայրենիք»-ի 80 Bigelow Ave հասցէի շէնքը կրեց «Հաչիկեան Ընտանիքի Հայրենիք Շէնք» անունը։ Այս քայլը կը խորհրդանշէ ազգասէր Տայանա եւ Քէն Հաչիկեաններու առատաձեռն նուիրատուութիւնն ու յարատեւ նուիրումն ու ծառայութիւնը՝ գաղութին։
Այս առթիւ կազմակերպուած հիւրասիրութենէն ետք, տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ հրաւիրեալներու, նուիրատու Հաչիկեան ընտանիքի անդամներուն եւ մօտիկ բարեկամներուն: Առաջին հերթին կատարուեցաւ օրհնութեան արարողութիւնը, ներկայութեամբ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերպ․ Տ․ Հրանդ Ծ․ վրդ․ Հրանդ Թահանեանի եւ պատուակալ հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Անդրանիկ Ա․ քհն․Պալճեանի, Պելմոնթի Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Ղազար ծ. վարդապետ Պետրոսեանի։ Այս արարողութեան ներկայ էին նաեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի շրջանի ներկայացուցիչ Խաժակ Մկչտիչեան եւ տեղւոյն Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Անի Չաղլասեան:
Սրբազան Հայրը կատարեց հետեւեալ աղօթքը.
«Փառք Քեզի, Կեանքի Աղբիւր՝ Ամենակալ, Բարերար, Գթառատ Հայր Աստուած, որ ստեղծեցիր տիեզերքը իր բոլոր տարրերով ու արարածներով, եւ մանաւանդ մարդը՝ քու պատկերիդ եւ նմանութեամբդ, զարդարելով զայն բանականութեամբ՝ Քեզ ճանչնալու, փառաբանելու եւ Քեզմով գործելու։
Գոհութիւն Քեզի, Իմաստութեան Աղբիւր՝ Միածին Որդի Աստուծոյ եւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, որ իմաստութիւնդ շնորհելով մեր հայրերուն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչներուն, Սահակ Հայրապետներուն ու Մեսրոպ Մաշտոցներուն, Նարեկացիներուն ու Շնորհալիներուն եւ անոնց հետեւորդներուն, առատապէս բաշխեցիր իմաստութեանդ լոյսը, Քեզմով լուսաւորուած՝ լուսաւորելու Հայկազնեան ազգի զաւակները։
Փառաբանութիւն Քեզի, Մշտազօր Հոգի Աստուած, որ բոլոր ժամանակներուն կ՛առաջնորդես քեզի դիմողները, եւ կը ներշնչես եւ իմաստութեան ճառագայթներով կը պայծառացնես բոլոր անոնք որոնք իրենց մտքի ու սրտի դռները կը բանան ճշմարտութեանդ։
Կ՛աղաչենք եւ կը խնդրենք, Տէր, լսէ մեր պաղատանքը հաւաքուած հայրենի հողէն հեռու՝ հայրենակարօտ եւ հայրենիքի սիրով առլցուն «Հայրենիք»-ի այս կառոյցին ներքեւ, ուր 1899 թուականէն ի վեր իմաստութեանդ լոյսով բոցավառած մտաւորականներու հոյլերը հալածանքի, ջարդի, բայց մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք իրենց գրիչով Հայ ժողովուրդի զաւակներուն մտքերը ակօսեցին մշակոյթի սիրով, անոնց մթագնած հոգիները ծիածանեցին յոյսի եւ արդարութեան շողով, եւ, կամրջելով աշխարհացրիւ քու զաւակներդ, դարբնեցին զանոնք ազատութեան եւ պահանջատիրութեան աննահանջ ոգիով։
Խաղաղութիւն պարգեւէ, Տէր, բոլոր այն սերունդներու հոգիներուն, որոնք հիմնեցին ու պայծառացուցին այս յարկը եւ, զարկ տալով անոր առաքելութեան, գործեցին ու անցան։
Օրհնէ, Տէր, բոլոր անոնք որոնք անձնուիրաբար վառ կը պահեն ջահը այս կառոյցին, պարգեւելով անոնց մտքի պայծառութիւն՝ անշեղ շարունակելու իրենց նախնեաց ժառանգը։
Օրհնէ, Տէր, այս տան նոր բարերարները՝ Քու սուրբ Խաչիդ անունով, կնքուած Հաչիկեան ընտանիքի անդամները, որոնք իրենց աշխատանքի արդար վաստակէն բաժին հանեցին եւ նուիրաբերեցին մտքի, կամքի ու տեսլականի այս նուիրական օճախին։
Օրհնէ, Տէր, նաեւ բոլոր անոնք որոնք կ՛օժանդակեն այս հիմնարկին հաւատալով անոր վսեմ առաքելութեան։
Եւ մենք, առհասարակ բոլորս՝ այս հաստատութեան մօտակայ եւ հեռակայ բարեկամները, ցնծութեամբ պիտի գոհաբանենք Քեզ՝ Լոյսի եւ Կեանքի ստեղծիչը, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն»։
Արարողութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Յովիկ Չարշաֆեան բեմ հրաւիրեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Սօսի Պուրուճեանը, որ փոխանցէ օրուան պատգամը:
Պուրուճեան ըսաւ, թէ «Հայրենիք» շէնքը կեդրոն մըն է, ուր կը գործեն Ամերիկայի Հայ Մշակութային Միութիւնը (ACAA), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի կեդրոնական կոմիտէն, շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանային վարչութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութեան կեդրոնական վարչութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանային վարչութիւնը եւ «Համազգային»-ի շրջանային վարչութիւնը։ Շէնքին մէջ կը գտնուին նաեւ «Հայրենիք» եւ «The Armenian Weekly» թերթերու խմբագրութիւնները, «Անդրանիկ եւ Ալիս Քարճեան – Հայրենիք Մետիա» կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Հ․Յ․Դ․ արխիւները, որոնք կը պահպանեն աւելի քան դարաշրջանի մը ազգային, քաղաքական եւ մշակութային պատմութիւնը։
Պուրուճեան յայտնեց, թէ աւելի քան դարաշրջան մըն է Հաչիկեան ընտանիքին պատմութիւնը Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներ՝ Առաքել եւ Արմէնուհի Հաչիկեանները ժամանած են Պոսթըն 1920-ականներուն սկիզբը եւ կրցած են շաղուիլ գաղութին հետ։
Առաքել աւելի քան յիսուն տարի եղած է Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, իսկ Արմէնուհին՝ երկար տարիներ Հ․Օ․Մ․-ի անդամ։ Անոնց զաւակները՝ Վազգէն եւ Արփի, եղած են Հ․Ե․Դ․-ի հարաւային Պոսթընի մասնաճիւղի գործօն անդամներ։ Առաքել կարեւոր դեր ունեցած է նաեւ Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադրման մէջ, ուր Վազգէն եղած է Եկեղեցական Խորհուրդի անդամ եւ իր ներդրումը ունեցած՝ Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի ստեղծման։
Վազգէն եւ իր կողակից՝ Անահիտը բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Տայանա, Քէն եւ Սթիւ (մահացած), որոնք բոլորն ալ եղած են Հ․Ե․Դ․-ի գործօն անդամներ եւ շարունակած են ազգային կեանքին նուիրուած տիպար հայ ընտանիքի աւանդութիւնը։
Նշենք, թէ Տայանա եւ Քէն Հաչիկեանները ունեցած են բեղուն գործունէութիւն։ Տայանա ամբողջ կեանքին ընթացքին եղած է Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ համայնքի անդամ եւ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ 45 տարի ծառայած է Իլինոյի «Aptakisic Tripp» դպրոցէն ներս։ 2024 թուականին, ան հրաժեշտ տուած է կրթական ասպարէզէն՝ հանդիսանալով ամենէն աւելի երկար ծառայած ուսուցիչը՝ այդ կրթօճախէն ներս։
Քէն Հաչիկեան շարունակ գործած է Հայ Դատին համար։ Ան եղած է Հ․Ե․Դ․-ի կեդրոնական վարչութեան նախագահ, սոյն Հիմնարկի հիմնադիր նախագահ, 58 տարէ ի վեր մաս կը կազմէ Հ․Յ․Դ․ շարքերուն, որուն բազմիցս ծառայած է նաեւ իբրեւ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ։ 2001-2016 թուականներուն, Քէն նախագահած է Հայ Դատի Ա․Մ․Ն․ յանձնախումբը եւ այդ ժամանակաշրջանին վերակառուցած է անոր նիւթական հիմքերը։ Ներկայիս նախագահն է Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Հայ Իրաւական Կեդրոնին։ Սթիւ Հաչիկեան երկար տարիներ ծառայած է Հ․Ե․Դ․-ի «Քէմփ Հայաստան»-էն ներս, ուր իր գործօն մասնակցութեամբ զգալիօրէն բարելաւուած են ճամբարին պայմանները։
Պուրուճեան եզրակացուց, թէ Հաչիկեան ընտանիքի առատաձեռնութիւնն ու նուիրումը, մարմնաւորում մըն է սուրբ առաքելութեան, եւ թէ, անոնց կեանքի ամբողջ ընթացքին ցուցաբերած նուիրումը կ՛երաշխաւորէ, որ «Հայրենիք» շէնքին մէջ գործող հաստատութիւնները մնան հզօր, կենսունակ եւ խորապէս կապուած՝ իրենց ազգանուէր նպատակներուն։
Հուսկ, «Հաչիկեան Ընտանիքի Հայրենիք Շէնքը» պիտի ըլլայ ոչ միայն Սփիւռքի գործօն կազմակերպութիւններու կեդրոնը, այլ նաեւ յարգանքի տուրք մը՝ Հաչիկեան ընտանիքին, որուն նուիրումը թողած է անմոռանալի ազդեցութիւն հայորդիին կեանքին վրայ։

