Յայտարարութիւն

0 0
Read Time:1 Minute, 8 Second

Կը կատարուի այն՝ ինչ կ՚ակնկալուէր. Ատրպէյճանը, օգտուելով Ուքրայինայի հարցին վրայ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնացումէն, քայլեր կը կատարէ աւարտին հասցնելու համար իր հակահայ ծրագրերը, զորս իրականացնելու նորագոյն հանգրուանը սկսաւ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմով։
Միաժամանակ, վերջին ամիսներուն նկատելի էին 2020 թուականի Նոյեմբեր 9/10-ի եռակողմ յայտարարութեամբ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը խոչնդոտող գործողութիւններ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կողմէ:
Արտասովոր ցուրտ եղանակի այս օրերուն Արցախի կազատամատակարարման խափանումով եւ Փառուխ գիւղ ու յարակից տարածքներ ներխուժումով Ատրպէյճան կը հետապնդէ Արցախը հայաթափելու իր անթաքոյց ծրագիրը։
Այս ծանր օրերուն, անհրաժեշտ է ամենուրեք համազգային ուժերով դէմ դնել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ այս հակահայ քաղաքականութեան։
Առ այդ, անհրաժեշտ է.
ա) Դիմել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւններուն՝ պահանջելով որ չանտեսեն Արցախի —եւ Հայաստանի Հանրապետութեան— դէմ Ատրպէյճան-Թուրքիա դաշինքի հակահայ քաղաքականութիւնն ու քայլերը։
բ) Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ բողոքի տարաբնոյթ գործողութիւններով՝ հրաւիրել քաղաքական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը նոր թափ առած հակահայ այս քաղաքականութեան վրայ։
Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմէն կը պահանջենք ապահովել թշնամի ուժերու իրենց ելման կէտեր վերադարձը եւ խաղաղութեան պահպանումը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կանգնած է Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի կողքին եւ պատրաստ է անոր աջակցելու հնարաւոր բոլոր միջոցներով, որպէսզի Պաշտպանութեան բանակը կարենայ իրականացնել՝ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու իր պատասխանատուութիւնը։
Ատրպէյճան-Թուրքիա դաշինքի հակահայ այս քաղաքականութիւնը չի կրնար մնալ առանց արձագանգի. այս քաղաքականութեան հետեւանքներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն այդ երկու պետութիւնները։

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ
25 Մարտ 2022

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles