
1920 Օգոստոս 10-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը, կարեւոր պատմական փաստաթուղթ մըն է որ կը հաստատէ Թուրքիոյ և մեծ պետութիւններու կողմէ ճանաչումը Հայաստանի Հանրապետութեան: Մինչեւ օրս, այս դաշնագիրը կը մնայ խորհրդանիշը մեր դատի պատմական արդարութեան և հողային պահանջատիրութեան:
Նշելու համար այս անկիւնադարձ դաշնագրին հարիւրամեակը և ոգեկոչելու համար զայն շրջապատող քաղաքական պայմանները, Շաբաթ օր 19 Սեպտեմբեր, 2020-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնն (Ռ.Ա.Կ.) ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (Հ.Յ.Դ.) ձեռնարկած են միասնաբար կազմակերպելու առցանցային յուշահանդէս մը՝ Zoom-ի միջոցաւ, հայերէն և անգլերէն լեզուներով:
Անգլերէն բաժնին մէջ, ելոյթ պիտի ունենան հռչակաւոր պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը և անուանի փիլիսոփայ
Հէնրի Թէրէօն, իսկ հայերէն բաժնին մէջ, ելոյթ պիտի ունենան համբաւաւոր պատմաբան Թալին Տէր Մինասեանը և հանրածանօթ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը:
Մուտքը ազատ է մասնակցիլ փափաքողներուն համար: