
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովը անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու քայլին, խստօրէն կը դատապարտէ միջազգային օրէնքները ոտնակոխող այս անմարդկային արարքը:
Միութեանս գերագոյն ժողովին մասնակցող բոլոր անդամները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն Սուրիոյ Ճէզիրէի շրջանի հայութեան և յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք այս պահուն պատնէշի վրայ կանգնած, հաւատարիմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական երդումին, իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած են մեր ժողովուրդի ծառայութեան և ապահովութեան:
Մարդկութեան պատմութեան մէջ նորութիւն չէ Թուրք-Օսմանեան պետական այս քաղաքականութիւնը , որ դարերու ընթացքին միշտ սպառնացած և կործանած է ազգային փոքրամասնութիւններու պատմական արժէքներն ու մշակոյթները:
Առ այդ, յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն, կոչ կ’ուղղենք միջազգային ընտանիքին, որպէսզի Թուրքիոյ պարտադրէ անյապաղ կասեցնել իր ներխուժումը եւ վերահաստատել շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ անմեղ քաղաքացիներու ազգային անվտանգութիւնը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պատգամաւորական 12-րդ Ժողով
17 Հոկտեմբեր 2019
Ծաղկաձոր- Հայաստան