ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:59 Second

 

Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէն կ՛ողջունէ Հայաստանի մէջ ստեղծուած խաղաղ աւարտը: Գրեթէ երկու շաբաթ տեւողութիւն ունեցող ցոյցերէ ետք, նորընտիր վարչապետ Սերժ Սարգսեան ենթարկուեցաւ ծողովուրդի կամքին եւ ներկայացուց իր հրաժարականը: Դժուարութեամբ իրականացուեցաւ այս գործընթացը: Ցուցարարները իրենց տիպար ընթացքով եւ ոչ-խափանարարական գործելաձեւով, յաւելեալ ոգեւորութիւն ստեղծեցին: Այս դէպքերը ցոյց կու տան, թէ համեմատած իր դրացի երկիրներուն, Հայաստանի ժողովրդավարութեան արմատները ամրակուռ ու պինդ են:

Երեսուն տարի առաջ ալ, հետեւողական ցոյցեր, պատճառ դարձած էին, որ Հայաստանի ժողովուրդը ընթանայ դէպի ժողովրդավարութիւն: Մինչ այդ, տարիներու ընթացքին, հակառակ պարտադրուած օրէնքներուն, երիտասարդ սերունդը կրցած էր կառչած մնալ ժողովրդավարութեան կանոններուն:

Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը եղած է եւ կը մնայ ի նպաստ ժողովրդավար Հայաստանի համար գործող կուսակցութիւն: Այս պատմութիւնը կերտած ժամերէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքի կարիքն ունի, շտապօրէն բարեփոխումներ կատարելու համար, պայքարելով փտածութեան, օլիկարխիայի, աղքատութեան եւ գաղթին դէմ: Նոր ղեկավարութիւն մը պէտք է ստանձնէ երկրին ղեկը, նոր մօտեցումով եւ նոր գաղափարներով:

Պէտք է վստահինք, որ մեր հայրենի բնակչութեան բոլոր խաւերը՝ ունեւորն ու չքաւորը, երիտասարդն ու տարեցը հարկ է, որ մասնակից դառնան Ապագայի Հայաստանի կերտման գործընթացին մէջ: Աչալուրջ եւ զգոյշ պէտք է ըլլանք, որպէսզի այս արձանագրուած յաղթանակը, միայն ի նպաստ խմբակի մը չըլլայ:

 

Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէ

Պոսթըն – Մասաչուսէց

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles