Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի Գրասենեակ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներ իր կեցութեան ընթացքին Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակ եւ տեսակցեցաւ գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներ – Լիբանան խորհրդարանական համագործակցութեան ընդհանուր ուղղութիւնները եւ լիբանանեան պատուիրակութեան գործուղման ընթացքին արծարծուած հարցերը:
Ապա Բագրատունի դասախօսութիւն տուաւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած վարժողական ծրագիրին հետեւող երիտասարդներուն, որոնք կը գումարէին սեմինարային վերջին նիստը: Ան դասախօսեց Լիբանանի պետական կառոյցներուն, քաղաքական իրավիճակին եւ արտաքին քաղաքականութեան մասին. ողջունելով երիտասարդներու ներգրաւումն ու հետաքրքրութիւնը հայ դատի աշխատանքներուն մէջ` ան շեշտեց հայ դատի յանձնախումբերու ցանցային համակարգի կարեւորութիւնը եւ ասպարէզ եկող նոր ուժերուն իւրաքանչիւր միջավայրի իւրայատկութիւններուն ծանօթանալը: Ան եզրափակեց, որ համագործակցութեան թափ տալը եւ ուժերու մնայուն երիտասարդացումը հզօր ազդակներ են հայ դատի աշխատանքներուն արդիւնաւորման համար:


