Մ.Ա.Կ.-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Քննարկեց Արցախի Վերահսկողութեան Հարցը

0 0
Read Time:48 Second

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան խորհուրդը քննարկեց Արցախի գօտիին մէջ զինադադարի դրութեան վերահսկողութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը: Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան խորհուրդի դռնփակ նիստէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին նշած է Մ․Ա․Կ․-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան, որ յայտնեց, թէ․-«Այժմ անհրաժեշտ է ապահովել իրականացումը հրադադարին, ատիկա ամէնէն հրատապ հարցն է, որովհետեւ այդ գծով համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, սակայն չէ պահպանուած։ Ո՛վ պիտի ըլլայ, ի՛նչ դերակատարութեամբ` տակաւին կը մնայ քննարկելի հարց», ըսաւ ան` նշելով, որ կարեւորագոյն հարցը կը մնայ այն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապահովել ատոր գործադրութեան վերահսկողութիւնը:

Դիւանագէտը նաեւ նշեց, որ այդ հարցը քննարկուած է խորհրդակցութիւններու ընթացքին, եւ որ խորհուրդը միակարծիք եղած է իր մօտեցումներուն մէջ: Միաժամանակ ան բացատրեց, որ տարածաշրջան Մ․Ա․Կ․-ի հսկողութեան առաքելութիւն ուղարկելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Ապահովութեան խորհուրդի յատուկ լիազօրութիւնը: Նեպենզիան չբացառեց, որ հսկողութեամբ կրնայ զբաղիլ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը, մանաւանդ որ այդ կազմակերպութիւնը կը ղեկավարէ տագնապի լուծման հոլովոյթը:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles