Յօդուածներ

ՄՕՐՈՒՔԱՒՈՐ ԿՈՅՍԵՐԸ

 

Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան

Ժընեւ

 

«Իմաստուն կուսանքն պատրաստեալ իւղ լապտե­րաց. ելին ընդ առաջ երկնաւոր փեսային վառեալ լապտերօք:

Իսկ յիմարաց կուսիցն ունայնացեալք ի յիւղոյ. Ան­պատրաստ գտան գալստեան փեսային շիջեալ լապտերօք:

Advertisement Subscribe Today

Վասն որոյ եւ մեք պատրաստեսցուք իւղ հոգեւոր. զի մտցուք ի յառագաստ անմահ փեսային վառեալ լապտերօք»։

(Օրհնութեան Շարական, Աւագ երեքշաբթի)

«Իմաստուն կոյսերը լապտերներուն իւղը պատ­րաստ պահելով` երկնաւոր Փեսային առջեւ ելան վառած լապտերներով:

Իսկ յիմար կոյսերու [լապտերներուն] իւղը սպա­ռելով՝ Փեսային գալստեան անպատրաստ գտնուե­ցան մարած լապտերներով:

Որու համար մենք պատրաստենք հոգեւոր իւղը, որպէսզի անմահ Փեսային առագաստը մտնենք վառած լապտերներով»:

(Օրհնութեան շարական, Աւագ երեքշաբթի)

 

«Տասը կոյսեր»-ու առակին պատկերաքանդակը Յով¬հաննավանքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ արեւելեան դռան բարաւորին վրայ։

 Տասնչորս տարեկան էի, երբ առա­ջին անգամ առիթը ունեցայ այցելե­լու Յովհաննավանք՝ առանց պատ­կերացնելու, որ սոյն այցելութիւնը անջնջելի դրոշմ պիտի ձգէր յիշո­ղութեանս վրայ եւ տարիներ անց դառնար աստուածաբանական ու արուեստագիտական խորհրդածու­թեանց առարկայ։ Այդ օրերուն ես Ս. Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանի ուսանող էի՝ ապրելով դպրեվանա­կան այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր հոգեւոր կրթութիւնը, ծիսական կեանքը եւ պատմական աւանդու­թիւնը կը կազմէին մեր կրթական ծրագրին անբաժան մէկ մասը։

Այդ ժամանակ մեր տեսուչն էր Ա­րիս ծ. վրդ. Շիրվանեանը, որ 1974 թուականին Ս. Էջմիածնի մէջ, ձե­ռամբ Վազգէն Ա. վեհափառ հայ­րապետի, եպիսկոպոս օծուեցաւ։ Որպէս Երուսաղէմի Սրբոց Յա­կոբեանց միաբանութեան ան­դամ՝ ան նախապէս երկարամեայ հովուական ծառայութիւն մատուցած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական տարբեր համայնքներու մէջ։ Այդպիսով ան ձեռք բերած էր ոչ միայն հարուստ հովուական փորձառութիւն, այլեւ մանկավարժական եւ կազմակերպչական լայն կարողութիւններ, որոնք էականօրէն կը գերազանցէին ժամա­նակի վանական կրթական համակարգի յաճախ սահմանափակ շրջանակները։

Ճիշդ այս նկատառումով ալ Վազգէն Ա. կաթողիկոսը 1972 թուականին զինք հրաւիրած էր ստանձնելու Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանի տեսչութեան պաշտօնը, որպէսզի ճեմա­րանականներուս մէջ ձեւաւորուի այնպիսի մտածելակերպ մը, որ չսահմանափակուի վանքի կիսամութին մէջ, այլ հայոց հոգեւոր ժառանգութիւնը դասագիրքերու էջերէն ու դասարանի գրասեղաններէն անդին վերածուի ապրուած եւ անձնական կեանքի փոր­ձառութեան։

Ահա, այսպէս, պատմական վանքերու եւ հինաւուրց եկեղեցիներու այցելութիւնները հետզհետէ դարձան մեր կրթութեան կենսական մասը։ Անոնք միայն անցեալի քարեղէն յուշարձանները ծանօթացնելու համար չէին, այլ կը հրաւիրէին մեզ մտնելու կենդանի հաղորդութեան մէջ մեր հաւատքի պատմութեան հետ՝ զայն ընկալելու ոչ թէ իբրեւ լոկ անցեալի մը դալուկ յիշատակը, այլ շարունակուող ներկայութիւնը։ Այդ ուղեւորութիւն­ներէն մէկը մեզ առաջնորդեց դէպի Յովհաննավանք, ուր դասախօսներն ու ճեմարա­նականներս միասին օր մը անցուցինք Քասաղ գետի կիրճի աջ եզրին՝ լայնատարած լռութեան մէջ, խորախորհուրդ այն ադորրութեան, որ կարծէք տակաւին կը պահէր դա­րերու խորքէն հնչող մեր լուսապսակ վանականներու աղօթքներուն արձագանգը։

Այդ տարիներուն Հայաստան տակաւին Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, եւ կրօնական կեանքը յաճախ կը գտնուէր որոշակի սահմանափակումներու տակ։ Այսօր­ուան պէս կը յիշեմ, երբ երեկոյ մը Ս. Էջմիածնի մայրավանքի շրջափակին մէջ Վազգէն Ա. վեհափառին հետ կը ճեմէի, միամիտ մէկ հարցումիս անդրադառնալով՝ ըսաւ. «Պէտք չէ մոռնալ, որ Եկեղեցին խորհրդային վարչակարգէն ներս միայն հանդուր­ժուած կարգավիճակ ունի»։ Ահա թէ ինչո՛ւ առանձնապէս տպաւորիչ էր այն ազատու­թիւնը, զոր Յովհաննավանքի շուշան հովանիին ներքոյ ապրեցանք․ ոչ ոք մեզ կը խան­գարէր աղօթելու, շարականներ երգելու կամ վանքի պատմութեան եւ հոգեւոր նշանա­կութեան մասին ինքնաբուխ դասախօսութիւն մը ունկնդրելու, որ մեզի ներկայացուց ճեմարանականներուս ընտիր բարեկամներէն Կարպիս Սուրէնեանը։ Աշխարհիկացած աստուածամերժ քաղաքական համակարգի մը մէջ վանքը կը ներկայանար իբրեւ շա­րունակականութեան լուռ տարածք մը. վայր, ուր ժամանակը կարծես աւելի դանդաղ կը հոսէր եւ աւանդութիւնը անխզելի կերպով կը շարունակէր շնչել վանքի փլատակ, բայց խօսուն քարերուն ընդմէջէն։

Յովհաննավանքը հանդիսացած է միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր եւ մշակութա­յին կեանքի ամենանշանակալի կեդրոններէն մին։ Ան տեղակայուած է Արագածոտնի մարզին մէջ՝ Քասաղ գետի խոր ու ժայռապատ ձորի եզրին, Ս. Էջմիածինէն հիւսիս-արեւմուտք, ուր բնութեան վեհութիւնը եւ դարերու աղօթքով խտացած կրօնական ներհայեցողութիւնը կը միաձուլուին հաւատքի կուռ եւ արժանավայել վկայութեամբ։ Բարձրադիր սարահարթի վրայ հաստատուած վանքը կը տիրապետէ շրջապատող տարածքին՝ միաժամանակ պահպանելով լռութեան եւ առանձնութեան այն մթնոլոր­տը, որ դարեր շարունակ զինք դարձուցած է խոկումի եւ աստուածաբանական մտո­րումներու կեդրոն։ Այստեղ Աստուծոյ փառքը հռչակող բնութեան գեղեցկութիւնը եւ պատմութեան կենդանի վկայութիւնը միասնաբար կ’արտայայտեն հաւատքի լուսա­տենչ հայուն անդադար որոնումը դէպի իր Արարիչը, կեանքի իմաստը եւ փրկութիւնը։

Եկեղեցական աւանդոյթի համաձայն՝ վանքին ակունքները կը թուագրուին Դ. դարով՝ Գրիգոր Լուսաւորչի օրօք Հայաստանի քրիստոնէացման ժամանակաշրջանին։ Անոր կը վերագրուի այս վայրին մէջ առաջին սրբավայրի հիմնադրումը, որ նուիրուած էր Յով­հաննէս Մկրտչին, ասկէ ալ՝ Յովհաննավանք անուանումը՝ «Յովհաննու վանք»։ Հակա­ռակ այն փաստին, որ ամենավաղ շինութիւնները լիովին չեն պահպանուած, սակայն եկեղեցական աւանդութիւնը կը վկայէ, որ այս վայրը վաղ քրիստոնէական ժամանա­կաշրջանէն ի վեր շարունակաբար ունեցած է կրօնական-ծիսապաշտական գործածու­թիւն։

Այսօր տեսանելի գլխաւոր շինութիւնները մեծաւ մասամբ կը թուագրուին ԺԲ. եւ ԺԳ. դարերով, որ հայկական ճարտարապետութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի վերա­ծնունդն էր Զաքարեաններու իշխանապետութեան օրօք։ Յատկապէս նշանակալի եղած է Վաչուտեան իշխանական տան շինարարական գործունէութիւնը, որ առատա­ձեռն հովանաւորութեամբ զարգացուցած է վանքը եւ զայն վերածած կարեւոր վանա­կան ու մտաւորական կեդրոնի։ Ահա այս ժամանակահատուածին կը կառուցուին այսօր մեզի ներկայացող վանական համալիրի կաթողիկէ եկեղեցին, գաւիթը, շրջակայ ամրաշինութիւնները, նաեւ օժանդակ այլ կառոյցներ, որոնք ծառայած են վանական կեանքին եւ ուխտաւորներու կեցութեան։

Յովհաննավանքը եղած է ոչ միայն ճարտարապետական համալիր մը, այլեւ աստուա­ծաբանական ուսուցման եւ գրչութեան կեդրոն: Միջնադարու հայկական շատ մը վան­քերու նման, նոյնպէս եւ այստեղ գոյութիւն ունեցած է գրչատուն, ուր օրինակուած են ձեռագրեր եւ մեկնաբանուած: Վանականները այստեղ ծառայած են որպէս աստուա­ծաբաններ, ուսուցիչներ եւ եկեղեցական աւանդոյթի պահապաններ, փաստ մը, որ վանքին տուած է կեդրոնական դեր տարածաշրջանի հոգեմտաւոր կեանքին մէջ:

Հայաստանի փոթորկալից իրադարձութիւններով լեցուն պատմութիւնը նոյնպէս իր խոր հետքը ձգած է Յովհաննավանքի վրայ։ Երկրաշարժերը, քաղաքական ցնցումները եւ անկումային շրջանները բազմիցս հասցուցած են իրենց ծանր վնասները, նաեւ դար­ձած պատճառ լքուածութեան։ Այնուամենայնիւ, հակառակ ժամանակի տարատեսակ հար­ուածներուն, վանքը թէկուզ իր փլատակ վիճակին մէջ, կրցած է պահել իր ազգային-հո­գեւոր ժառանգութեան կարեւոր խորհրդանիշերէն մին ներկայացնելու ունակութիւ­նը։ Նոյնիսկ խորհրդային ժամանակաշրջանին, երբ շատ մը կրօնական հաստատու­թիւններ կործանած, փակուած կամ զրկուած եղած են իրենց սկզբնական գործառոյ­թէն, վայրը պահպանած է իր հոգեւոր հմայքը՝ շարունակելով ընկալուիլ իբրեւ մեր ազ­գային-եկեղեցական ինքնութեան փայլուն վկայութիւններէն մին։

Այսօր Յովհաննավանքը կը ներկայանայ ոչ միայն իբրեւ պատմական յուշարձան, ոչ միայն գործող սովորական եկեղեցի մը, այլեւ բազմաշերտ յիշողութեան տարածք, ուր հայկական ուրոյն ճարտարապետութիւնը, աստուածաբանական միտքը եւ վանական կեանքը կը միաձուլուին մէկ ամբողջութեան մէջ։ Այստեղ քարը լոկ անցեալի մը վկայու­թիւնը չէ, այլ կը կրէ դարերու աղօթքը, սրբութիւնը, խոկումը, հոգեւոր փորձառութիւ­նը՝ մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ խորհրդաւոր կապը։

Երբ Կարպիս Սուրէնեան Յովհաննավանքի գաւիթին մէջ համախումբ ճեմարանական­ներուս իր ոգեշունչ դասախօսութիւնը կը ներկայացնէր, ուշադրութեանս սեւեռակէտը դարձած էր կաթողիկէ եկեղեցւոյ արեւելեան դռան բարաւորին վրայ փորագրուած բարձրաքանդակը։ Սոյնը կը պատկերէր Քրիստոսի տասը՝ հինգ իմաստուն եւ հինգ յի­մար կոյսերուն առակը (Մտթ. ԺԵ, 1–13), մոթիֆ մը, որ դարեր շարունակ քրիստոնէա­կան պատկերագրութեան մէջ ծառայած է, ինչու չէ նաեւ այսօր միանշանակ կը մեկնա­բանուի իբրեւ հոգեւոր զգօնութեան անհրաժեշտութեան յիշեցում։

Հայկական միջնադարեան եկեղեցական ճարտարապետութեան ամէնէն տպաւորիչ եւ արժէքաւոր տարրերէն մէկն է բարաւորը։ Ան մուտքի դռներու կամ պատուհաններու վերեւ տեղադրուած հորիզոնական, աղեղնաձեւ կամ կամարաձեւ քար մըն է՝ դռնա­գլուխ կամ շեմագլուխ մը, որ կը կրէ վերին կառոյցին ծանրութիւնը։ Հայկական ճար­տարապետութեան մէջ բարաւորը սովորաբար կիսաբոլոր եւ միակտուր քարէ կը կերտուի՝ միաժամանակ կատարելով թէ՛ կառուցուածքային եւ թէ՛ գեղագիտական դեր։ Ան բարձրարուեստ կը դառնայ այն ատեն, երբ քանդակագործ-ճարտարապետը զայն կը վերածէ պատկերային արտայայտութեան հարթակի մը՝ ստեղծելով ցցուն բարձրա­քանդակներ կամ մակերեսին համահարթ հարթաքանդակ պատկերներ։ Այս պարագա­յին ան այլեւս միայն ծանրութիւն կրող տարր մը չէ, այլ գաղափարական եւ խորհրդա­նշական բովանդակութիւն կրող ստեղծագործութիւն, ինչպիսին է ահա «Իմաստուն եւ յիմար կոյսեր»-ու առակը ներկայացնող այս բարձրաքանդակը՝ եզերուած հայկական ութաթեւ աստղերով եւ բուսապատկերներով։

Յովհաննավանքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ արեւելեան դռան բարաւորը։

Առակին բովանդակութիւնը ինքնին մեզի ծանօթ է։ Զայն գիտենք Աւետարանի ընթեր­ցումներէն, քարոզներէն, ձեռագրերու մանրանկարներէն, քրիստոնէական աւանդոյթի կարեւոր նկարիչներու աշխատանքներէն եւ այլն։ Սակայն այս պատկերաքանդակը իր տեսակին մէջ կը պարունակէ եզակի մանրամասնութիւն մը եւ կանոնական բովանդա­կութեան խորհրդանշական փոփոխութիւն մը, որ կը խախտէ բոլոր պատկերագրական սպասումները. կոյսերը մօրուքաւոր են։

Առաջին հայեացքը ուղղակի ցնցող է, ու ակամայ մտածել կու տայ՝ ինչպիսի՛ յանդգնու­թիւն։ Պատկերաքանդակին կեդրոնը գահուն բազմած է փառաւորեալն Քրիստոս, ա­ռակին մէջ փաստօրէն զԻնք խորհրդանշող սպասուած փեսան։ Անոր աջին կանգնած են հինգ իմաստուն կոյսերը՝ ձեռքերնին բարձր բռնած ջահերով, որոնք դէմքով ուղղակի Քրիստոսի կը նային։ Ձախ կողմը հինգ յիմար կոյսերն են՝ գլխահակ հեռանալու միջո­ցին՝ առանց լուսավառ ջահերու։ Ուռուցիկ գիծ մը կ’անցնի անոնց եւ Քրիստոսի միջեւ, որ կը խորհրդանշէ, թէ անոնք դուրսը կը գտնուին՝ Տիրոջ փրկարար ներկայութենէն հեռու։

«Մօրուքաւոր կոյսեր»-ու այս արտասովոր շեղումը զարդապատկերը անտարակոյս կը վերածէ աստուածաբանական հանելուկի մը։ Կերպարները կոյսեր են եւ միաժամանակ վանականներ, այլաբանական դէմքեր, որոնք ունին իրենց իրական հասցէատէրերը։ Սկիզբը անսովոր եւ նոյնիսկ կանոնականօրէն սխալ թուող պատկերումը կ’ընձեռէ մեկնաբանութեան դիպուկ եւ նոր մակարդակ մը. առակը քանդակուած չէ վերացա­կանօրէն ներկայացնելու համար լոկ սուրբգրային պատմութիւն մը, այլ ան ուղղակի կը կի­րարկուի վանքի միաբանութեան համար։ Զգօն լինելու յորդորը ուղղուած չէ անա­նուն մարդկութեան, այլ միանշանակ միաբան եղբայրներուն՝ անոնց, որոնք կ’ապրին, կ’աղօ­թեն եւ Փեսայի գալուստին կը սպասեն այս պատկերաքանդակին տակ։

Ճիշդ այս լայն համաթեքսթին մէջ է, որ վանքի պատկերագրական յղումները, ինչպիսին է «Իմաստուն եւ յիմար կոյսեր»-ու առակին վրայ ստեղծուած բարձրաքանդակը, կը ստանան իրենց բովանդակ իմաստը․ անոնք պարզ զարդաքանդակներ չեն, այլ քարին մէջ մարմնացած վանական ներհայեցողութեան կենդանի արտայայտութիւններ՝ դարե­րու հոլովոյթին մէջ մշակուած հոգեւոր կեանքի քարեղէն վկայութիւններ։

«Մօրուքաւոր կոյսեր»-ու այս հոյակապ պատկերաքանդակին վերի աղեղնաձեւ կամա­րին վրայ կայ փորագիր հետեւեալ արձանագրութիւնը.

«Կամաւ բարերարին Աստուծոյ եւ յիշխանութեան մեծին Շահանշահի, որդո[յ] Զաքարիա[յ]ի, եւ ի կո(ղ)մնակալութեան մերո[յ] նահանգի Ամիր Քրդին, որդո[յ]  Վաչէի. ՈՀ [1221]  թւ. ես Աստուածատուր վարդապետս կամակցութեամբ միա­բան եղբարցս եւ որդիացելովն իմ Յակոբոս վարդապետիւ աշխատեցաք ի շին­ուած հրաշազարդ կաթողիկէիս։ Որք աղաւթէք՝ յիշեցէք ի Քս»[1]։

«Բարերար Աստուծոյ կամքով` Զաքարիայի որդի մեծն Շահանշահի իշխանու­թեան եւ մեր նահանգի Վաչէի որդի Ամիր Քրդի կողմնակալութեան օրօք, ՈՀ. [1221] թուականին, ես` Աստուածատուր վարդապետս` Յակոբոս վարդապետի հոգեորդիս, միաբաններու հաւանութեամբ կառուցեցինք այս  հրաշազարդ կա­թողիկէ եկեղեցին: Երբ աղօթէք, յիշէ՜ք ի Քրիստոս»[2]:

Այսպիսով, այս կարեւոր արձանագրութենէն յստակ կը դառնայ, որ Յովհաննավանքի վանական համալիրին մաս կազմող կաթողիկէ եկեղեցին կառուցուած է Աստուածա­տուր վարդապետի վանահայրութեան օրով եւ աւարտած 1221 թուականին։ Անշուշտ արձանագրութիւնը վկայութիւն մը չէ քանդակագործ հեղինակին մասին, թէ արդարեւ ո՞վ եղած է քանդակագործ վարպետը «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ու պատկերաքանդակին։ Սակայն պէտք է եզրակացնել, թէ ով ալ եղած ըլլար այդ գործին հեղինակը, միեւնոյնն է թելադրութիւնը, որ կոյսերը ըլլան մօրուքաւոր, իսկ անկէ բխող զգօնութեան պատ­գամը ուղղակի ուղղուած ըլլայ վանաբնակ միաբանութեան անդամներուն՝ միանշա­նակ կը գտնուի վանահօր լիազօրութեան եւ պատասխանատուութեան շրջանակին մէջ, հետեւաբար դժուար է պատկերացնել առանց վերջինիս գիտակցուած միջամտու­թեան կանոնականօրէն այլափոխուած նման պատկերաքանդակի մը իրագործումը. ուստի անիկա ենթադրաբար ըլլալու է հանճարեղ մտայղացումը Աստուա­ծատուր վար­դապետին։

Այսօր անգամ մը եւս խոր հիացումով ու ներհայեցողութեամբ կը նայիմ «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ու այդ հրաշալի պատկերաքանդակին, եւ կը մտածեմ, որ ճիշդ այստեղ է թաքնուած անոր զարմանալի արդիականութիւնը նաեւ մեր օրերուն համար։ Առակին կրօնական մեկնաբանութիւնը մեզի կը յիշեցնէ, որ հոգեւոր զգօնութիւնը միայն վանքե­րու յատուկ բնորոշ ուղի մը չէ, այլ ընդհանրապէս մարդկային գոյութեան հիմնարար մարդաբանական որակը ճշդող արժեչափ։ Իւրաքանչիւր մարդ կ’ապրի սպասման մէջ՝ յաճախ առանց այդ մասին գիտակցելու։ Մարդկային գոյութիւնը փակ եւ ինքնաբաւ իրականութիւն մը չէ․ ան մշտապէս ուղղուած է դէպի ապագան, դէպի այն, որ տա­կա­ւին չէ իրականացած։ Այս բացուածութիւնը դէպի «դեռ-ոչ»-ը՝ կը կազմէ մեր լինելու­թեան գոյութենական կառուցուածքը։

Այստեղ հարց կը յառաջանայ․ արդեօ՞ք այս սպասումը այլ բան է, քան յոյսի խոր զգա­ցումը, որ մարդու ներսիդին մշտապէս առկայ է։ Յոյսը միայն զգացական վիճակ մը չէ, այլ գոյութենական կողմնորոշում․ ան այն ներքին շարժումն է, որով մարդը կը յառա­ջանայ դէպի իմաստ, դէպի ամբողջութիւն, դէպի լրում, դէպի կատարելութիւն։ Առանց յոյսի մարդը կը փակուի ներկայի սահմաններուն մէջ եւ կը կորսնցնէ ապագայի հանդէպ իր բացուածութիւնը։

Այս իմաստով՝ սպասումը յոյսի արտաքին արտայայտութիւնն է, իսկ յոյսը՝ սպասման ներքին արմատը։ Մարդը կը սպասէ, որովհետեւ յուսալու կարողութիւն ունի։ Եւ ան կը յուսայ, որովհետեւ իր գոյութիւնը բնութեամբ անաւարտ է՝ ձգտող, որոնող, ուղղուած դէպի աւելի ամբողջական իրականութիւն մը՝ դէպի Աստուած։

Աստուածաբանական տեսանկիւնէ՝ այս բացուածութիւնը կը մեկնաբանուի որպէս մարդ արարածի աստուածաստեղծ բնութեան նշան։ Մարդը ստեղծուած է հաղորդու­թեան համար, եւ իր սպասումը վերջնականապէս կը միտի դէպի Ան, որուն մէջ է կեան­քի իմաստն ու լրումը։ Հետեւաբար սպասումը ոչ թէ թուլութեան նշան է, այլ մարդու հո­գեւոր արժանապատուութեան արտայայտութիւն։

Այսպիսով, առակին առնչուած «լապտերներու իւղ»-ին վերաբերող հարցը կ’ընկալուի ոչ թէ նիւթական պատրաստուածութեան, այլ ներքին խորութեան պաշարի, մանա­ւանդ այն ժամանակաշրջաններուն, երբ արտաքին առատութիւնը կը շլացնէ եւ կեղծ ապահովութեան զգացում կը ներշնչէ։

Իւղը այստեղ կը խորհրդանշէ հոգեւոր-բարոյական կեանքով աստիճանաբար ձեռք բերուած աննիւթական հարստութիւնը՝ հաւատքի կայունութիւնը, աղօթասացութեան պարգեւած ներքին ապահովութիւնը, խղճմտանքի հանդարտութիւնը, ապագայի հան­դէպ զգօնութիւնը եւ անձնական պատասխանատւութեան գիտակցութիւնը։

Արտաքին առատութեան պայմաններու մէջ մարդը կրնայ խաբուիլ ձեւական կրօնա­կանութեամբ կամ մշակութային ինքնութեան մակերեսային դրսեւորումներով։ Սա­կայն առակը կը յիշեցնէ, թէ ճգնաժամի կամ հանդիպման վճռական պահուն ոչ թէ ար­տաքին փայլքն է, որ կը լուսաւորէ, այլ ներսիդին կուտակուած «իւղ»-ը՝ այն խորքը, զոր կարելի չէ ուրիշէն փոխ առնել։

Ուստի «լապտերներու իւղ»-ին հարցը իր այլաբանական նշանակութեամբ գոյութենա­կան հարց է․ ունի՞նք արդեօք ներքին այն պաշարը, որ մեր լոյսը կը պահէ վառ, նոյնիսկ երբ արտաքին հանգամանքներ մեր շուրջբոլորը կը մթագնին։

Յովհաննավանքի «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ը յստակ ու մեկին կը դարձնեն այն իրողու­թիւնը, որ Աւետարանը պատմականօրէն տրուած գիրք մը ըլլալով հանդերձ՝ երբեք չի մնար փակ անցեալի մը մէջ, այլ իւրաքանչիւր ժամանակ կը պահանջէ անոր նորոգ մարմնաւորումն ու մեկնութիւնը։ Աւետարանական խօսքը կը պահէ իր անփոփոխ էու­թիւնը, սակայն անոր ընկալումն ու ընդունումը կ’իրականանան կենդանի համայնքնե­րու եւ պատմական ճշգրիտ պայմաններու մէջ։

Այս իմաստով ամէն դարաշրջանի մէջ հոգեւոր միաբանութիւն թէ անհատ հրաւիրուած է ինքն իրեն տեսնելու այս առակին մէջ ոչ որպէս հեռաւոր հանդիսատես մը, այլ որպէս անմիջական մասնակից մը։ «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ու պատկերաքանդակը, հետեւա­բար, սուրբգրային պատգամի փոփոխութիւն կամ խեղաթիւրում մը չէ, այլ անոր հան­ճարեղ եւ խիզախ այժմէականացումը։ Ան կը վկայէ, որ Յիսուսի փրկութեան կոչը ուղ­ղուած էր նախ եւ առաջ այն վանական միաբանութեան, որուն հոգեւոր կեանքի ծիրին մէջ կերտուած է այդ բարաւորը։ Միաժամանակ, սակայն, ան կը պահպանէ իր անժա­մա­նակ բնոյթը՝ շարունակելով դիմել բոլոր անոնց, որոնք կը կանգնին Յովհաննավան­քի կաթողիկէ եկեղեցւոյ արեւելեան դռան շեմին եւ կը դիտեն բարաւորին վրայ փորա­գրուած այդ խորհրդապատկերը։ Այդ պահուն դիտողը այնուհետեւ պարզ հանդիսա­տես մը չէ, այլ կոչումնաւոր անձ․ ան կ’ընկալէ առակին պատգամը նախքան մուտք գործելը սրբավայրին խորքը՝ դէպի արեւելեան կողմը բարձրացող բեմը եւ այնտեղ հաստատուած աստուածընկալ սուրբ խորանը։ Այսպէս, պատկերաքանդակը կը դառ­նայ ոչ միայն գեղարուեստական ստեղծագործութիւն, այլ շատ աւելին՝ հոգեւոր նա­խապատրաստութիւն՝ մուտք մը մնալու համար տիրաւանդ պատգամի կենդանի փոր­ձառութեան մէջ։

Այսպիսով «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ը կը ներկայանան իբրեւ աստուածաբանական յարա­ցոյց՝ կենդանի յարակարծութիւն մը, ուր իրարու կը հանդիպին պատմականն ու անժա­մանակը։ Անոնք միաժամանակ այրերէ կազմուած վանականներ են եւ առակային կոյ­սեր, պատմութեան մէջ ապրած անձեր եւ խորհրդանշական կերպարներ, որոնք կը գե­րազանցեն իրենց դարաշրջանը։ Այս երկակի ինքնութիւնը պատահական գեղարուես­տական հնարք մը չէ, այլ գիտակցուած աստուածաբանական վկայութիւն․ ան կը յի­շեցնէ, որ Փեսային սպասումը սահմանափակուած չէ սեռով, կարգավիճակով կամ պատմական պայմաններով։ Ան համընդհանուր կոչ մըն է՝ ուղղուած իւրաքանչիւր հա­ւատացեալի։

Ուստի «Մօրուքաւոր կոյսեր»-ը կը դառնան խորհրդանշան այն ճշմարտութեան, որ եկեղեցւոյ կեանքը ամբողջութեամբ ապրուած սպասում մըն է․ զգօն, յուսալի եւ պա­տասխանատու սպասում, որ կը միաւորէ բոլոր հաւատացեալները մէկ եւ նոյն Քրիս­տոսի Փրկագործութեան խորհուրդին մէջ։

 

[1] Հմմտ. Ղաֆադարյան, Կարո, «Հովհաննավանքը և նրա արձանագրությունները», Հայկական ՍՍՌ Գի­տությունների Ակադեմիայի հրատարակչություն. Երևան, 1948, էջ 94։

[2] Թարգմանութիւնը մե՛րն է։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button