Լրահոս

ՄՕՏ ՕՐԷՆ.- ՄԵՔ­ՍԻ­ՔՈ­ՅԻ ՄԷՋ` ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ԴԵՍ­ՊԱ­ՆԱ­ՏՈՒՆ

p3 mexico

ԵՐԵ­ՒԱՆ.- Երեք­շաբ­թի, Հոկ­տեմ­բեր 8-ին, նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եան  ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի մէջ Մեք­սի­քո­յի նո­րան­շա­նակ դես­պան Ռու­պէն Ալ­պեր­թօ Կե­ռե­րոն, որուն յայտ­նեց, թէ Հա­յաս­տան իր կար­գին ցան­կու­թիւն ու­նի զար­գաց­նել Մեք­սի­քա­յի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, որոնց հա­մար հիմ­նա­կան է Մեք­սի­քո­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւն հիմ­նե­լու մտադ­րու­թիւնը: Եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման իմաս­տով զրու­ցա­կից­նե­րը մեծ դեր վե­րա­պա­հե­ցին նա­եւ խորհր­դա­րա­նա­կան դիւա­նա­գի­տու­թեան, ուր, ըստ անոնց, կա­տա­րե­լիք մեծ աշ­խա­տանք կայ:

Հան­դի­պու­մին մաս­նա­կից­նե­րը կա­րե­ւոր նկա­տե­ցին տար­բեր մա­կար­դա­կի պար­բե­րա­կան փո­խայ­ցե­լու­թիւն­ներն ու աշ­խոյժ կա­պե­րը` երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով: Երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ հե­ռան­կա­րա­յին կարգ մը ոլորտ­նե­րու մա­սին խօ­սե­լով` շեշ­տը դրուե­ցաւ եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­ւել­եալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button