
Տէր Թորգոմ Քհնյ. Չորպաճեան
Սիրելի՛ ընթերցողներ, չէ՞ք կարծեր թէ շատ սովորական նիւթ մը կ’արծարծեմ: Յօդուածին վերնագիրը արագ կարդալէ ետք, քանի՞ հոգի պիտի կարդայ զայն լրիւ:
Եկեղեցի, եկեղեցի յաճախել, եկեղեցւոյ այժմէականութիւն:
Որեւէ մէկ նախադասութեան մը իմաստը հասկնալու համար, հարկ է որոշ բառերու սահմանումները ի մտի ունենալ եւ ապա փորձել հասկնալ զայն եւ ի յարկին վերլուծել:
Եկեղեցի բառը մեր լեզուին մէջ կու գայ յունարէն Էքլէզիա բառէն, որ կը նշանակէ մարդոց ժողով, հաւաք: Խորքին մէջ եկեղեցի բառը նեղ իմաստով չի նշանակէր այն կրօնական կառոյցը, ուր մարդիկ-հաւատացեալներ-կը հաւաքուին իրենց անձնական ու հաւաքական աղօթքն ու պաշտամունքը մատուցանելու Ամենակալ Աստուծոյ: Սակայն, դարերու ընթացքին այս բառը կրօնական շապիկ հագուած է եւ ամէն անգամ որ գործածուած է՝ մարդիկ զայն հասկցած են միմիայն իր կրօնական շրջագիծին մէջ:
Եթէ նկատի ունենանք եկեղեցւոյ ներկայ սահմանումը, այն ատեն յստակ պիտի ըլլայ մեզի նշանակութիւնը հաւաք կամ ժողով բառերուն: Ինչի՞ հաւաք, ի՞նչ ժողով: Հաւաք՝ որովհետեւ մարդիկ, հակառակ իրենց շաբաթական աշխատանքներուն, ամէնօրեայ պարզ հարցերուն, ուրախութիւններուն թէ տխրութիւններուն, կեանքի բնական ընթացքին, կ’որոշեն որոշ օր մը, ինչպէս այս պարագային կիրակի օրը, դադրեցնել իրենց աշխատանքը եւ հաւաքուիլ որոշ վայրի մը մէջ: Բայց հաւաքուիլ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ ընելու համար:
Նոր Կտակարանի Առաքեալներու Գործերը գիրքը, որ մեզի կը ներկայացնէ Սուրբ Հոգիին գալուստով ծնունդ առած առաջին եկեղեցւոյ կեանքը, այսպէս կը պատասխանէ մեր վերեւի հարցումին. «Կանոնաւոր կերպով ամէն օր միասնաբար տաճար կ’երթային, իսկ իրենց տուներէն ներս կը կատարէին հացի բեկանումը…»(Գրծ 2:46):
Այս նկարագրականը կարդալով կ’իմանանք թէ եկեղեցին ամէն բանէ առաջ հաւատացեալներու համայնք է, ընկերութիւն ու ժողով: Եկեղեցի բառը, ինչպէս մեր եկեղեցւոյ հայրերը մեկնաբանած են, կազմուած է երկու բառերէ. եկ եւ եղիցի: Աւելի ազատ թարգմանութեամբ այս երկու բառերը պիտի նշանակէին եկու՛ր, միացի՛ր, որպէսզի հաւաք տեղի ունենայ, հաւաքականութիւն մը կազմուի:
Քրիստոսի Համբարձումէն անմիջապէս ետք, երբ առաքեալները եւ Քրիստոսի այլ հաւատացեալները Վերնատուն հաւաքուած՝ աղերսագին կ’աղօթէին իբրեւ մէկ մարմին, Ս. Հոգին աղաւնիի կերպարանքով էջք մը կը կատարէ անոնց վրայ, ինչպէս Առաքեալներու Գործերը կը վկայէ, եւ անոնք կը կերպարանափոխուին, նոր մարդիկ կը դառնան: Ս. Հոգին անոնց մէջ կը դառնայ շաղախ մը որ զիրենք իրարու կը կապէ, գեղեցիկ մանեակի մը վրայ ագուցուած հրաշալի մարգարիտներու նման, եւ այնուհետեւ անոնք իրաւամբ կը դառնան մէկ հօտ՝ Քրիստոսի հովուութեամբ:
Հետեւաբար, Քրիստոնէութիւնը անձնական, անհատական կրօն մը չէ, կամ անձնական պէտքերու գոհացման միջոց մը, այլ հաւաքական ապրելակերպ ու մտածողութիւն: Անհատի մը ժխտումը չէ ան, այլ ընդհակառակն, անոր իրագործումն է ու յայտնաբերումը՝ հաւաքական կեանքի մէջ: Որովհետեւ անհատը որքան ալ փորձէ վեր կանգնիլ զինք շրջապատող արժէքներէն, ըմբռնումներէն ու մթնոլորտէն, նոյնիսկ անցեալի դաստիարակութենէն, չի կրնար ինքզինք դուրս բերել զինք ձեւաւորած ու պատրաստած աշխարհէն, մշակոյթէն ու աւանդութենէն: Եւ այս պարագային, եկեղեցին իր իւրայատուկ արժէքներու հաւաքածոյով ու մշակոյթով կը թրծէ իր անունով հաւաքուածները, մկրտութեամբ նոր ինքնութիւն մը տալով բոլոր անոնց, որոնք հաւատացողներն են իր առաքելութեան:
Մեր օրերուն տեսնուող անհամեմատ անհատապաշտութիւնը, անհատը պաշտելու ու զայն աստուածացնելու հիւանդագին մոլուցքը տարածուած է ամէնուրեք: Մարդիկ չեն ուզեր-կեանքի պայմաններուն բերումով ժամանակ ալ չունին-ուրիշներուն մասին մտածել, իրենց քթին ծայրէն անդին նայիլ: Ներկայ ընկերութեան մէջ արժէքը՝ անհատի՛նն է, սակայն առանց սահմաններու. դուն ազատ ես, ըրէ՛ այն ինչ որ կ’ուզես ընել՝ առանց ուրիշին վնաս հասցնելու: Կարծէք բարոյականութեան միակ կանոնը ուրիշին վնաս չհասցնելն ու ինքնիրմով բաւարարուիլն է…:
Հո՛ս է որ քրիստոնէութիւնը կու գայ ու կ’ըսէ, թէ մենք այնքան ալ «ազատ» չենք, ինչպէս որ մեր չորս կողմէն՝ գիրքերէն, համացանցէն, հեռատեսիլէն, երգերէն ու ֆիլմաշխարհէն եկող ձայները կ’ուզեն մեզի սորվեցնել: Մենք մեզ շրջապատող մշակոյթին արտադրութիւնն ենք, ընդունինք կամ ոչ, ա՛յս է իրականութիւնը: Սպառողական, ինքնիշխան, ու դժբախտաբար, անիշխան ընկերութեան: Մակերեսային արժէքներու կարեւորութիւն տուող եւ անցեալի աւանդութիւններն ու սրբութիւնները դատապարտող ու շատ անգամ ոտնակոխ ընող ընկերութեան:
Սակայն եկեղեցին իր մկրտութեան աւազանէն մեզի ծնունդ տալով, մեզ յատուկ աշխարհահայեացքով կը կազմաւորէ, մեզ կը դաստիարակէ կեանքին նայելու իւրայատուկ կերպով մը: Այդտեղ անհատը իբր առանձին էակ չի փառաբանուիր, այլ հաւաքականութեան մը մէկ կարեւոր անդամը կը դառնայ եւ այդ ձեւով ինքզինք կ’իրագործէ: Եկեղեցին աղօթք է ու ծէս, պաշտամունք է ու փրկութեան տապան: Սակայն այս բոլորէն անդին ան մարդ արարածին համար իւրայատուկ փիլիսոփայութիւն է, ինչպէս որ Մեծն Որոգինէս, Երրորդ դարու հռչակաւոր Ս. Գիրքի թարգմանիչ մասնագէտը պիտի ըսէր, քրիստոնէութիւնը լաւագոյն փիլիսոփայութիւնն է: