
Յ. Պալեան
Մարդ էակին համար արմատախիլ ըլլալ զրկանք մըն է, որ այս կամ այն ձեւով կը հիւծէ իր հոգիին պայծառատեսութիւնը:
Փապլօ Ներուտա, չիլեցի բանաստեղծ, Ի Դար
Հայը, անհատ եւ հաւաքականութիւն, կարծէք պարտուած է եւ հաշտուած արտագաղթով բնորոշուած ազգային-ընկերային-քաղաքական աղէտին հետ: Արտագաղթը Հայաստանի քաղաքացիին եւ սփիւռքի հայերուն համար դարձած է բնական, ոչ ոք կը զղջայ, ոչ ոք կը քննադատէ, պետական եւ համայնքային ղեկավարութիւնները ոչինչ ըրած են եւ կ’ընեն ազգի ներուժին սպառնացող պատուհասը կասեցնելու, կանխելու: Ոչ ոք անհանգիստ է:
Կը սիրենք գիտաժողովներ գումարել զանազան հարցերու մասին, բայց դեռ ոչ ոք, պետութիւն, կուսակցութիւններ, համալսարաններ, կազմակերպութիւններ, ժամանակակից հայկական արտագաղթը ուսումնասիրելու, տեսնելու համար անոր հետեւանքները ազգային-քաղաքական տեսանկիւնէ, քոլլոք մը, գիտաժողով մը չհրաւիրեցին: Ոչինչ կատարուած է, ոչ մէկ նախաձեռնութիւն կայ, արտագաղթը կասեցնելու: Ազգային-քաղաքական կրաւորականութիւն: Աղէտին դիմաց ոչ ոք ինքզինք պատասխանատու կը համարէ:
Չի խօսուիր ԱՐՏԱԳԱՂԹի հետեւանքներուն մասին՝ հայրենիք ունենալու եւ պահելու տեսանկիւնէ, ոչ ալ ազգային ինքնութեան պաշտպանութեան: Եթէ խօսուի, ստիպողաբար պատասախանատուութեան հարցերու առջեւ պիտի կանգնինք:
Դար մը առաջ տեղի ունեցած հայրենահանման վրայ գումարուեցաւ եւ կը շարունակուի գումարուիլ մերօրեայ արտագաղթը: Երկու պարագաներուն ալ հետեւանքը, պարտադրուած թէ կամաւոր, հայրենիքէ հեռացում է, հայրենատէր ըլլալու պարտականութեան եւ յանձնառութեան վերջ: Ինչպէ՞ս տէր ըլլալ բացակայ ըլլալով:
Միշտ կարելի է պատճառներ եւ պատրուակներ գտնել արդարացնելու համար արտագաղթը: Բայց դադրած են խօսելէ, թէ՝ ինչո՞ւ պէտք չէ արտագաղթել: Մտաւորականութեան խօսքին, պետական յայտարարութիւններուն, մամուլի արտայայտութիւններուն մէջ ԱՐՏԱԳԱՂԹԸ, ՈՐՊԷՍ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑ, ԲԱՑԱԿԱՅ Է:
Պետութիւնը կրնա՞յ առարկայական ճշգրտութեամբ ներկայացնել վերջին երեսուն տարիներու ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ՊԱՏԿԵՐԸ՝ թիւերով, եւ այսօր ինչպիսի թափով կը շարունակուի ան, տարին քանի՞ հազար քաղաքացիներ կը լքեն հայրենիքը: Մեր բազմաթիւ քաղաքական վերլուծաբանները ինչո՞ւ չեն խօսիր ԱՐՏԱԳԱՂԹի յառաջացուցած անվտանգութեան-պաշտպանութեան, հողի Երեւանէն դուրս եղող բնակչութեան նօսրացման եւ անոր տնտեսական եւ պաշտպանական հետեւանքներուն մասին:
Իշխանութեան հեռացման պահանջով տեղի ունեցած ցոյցերու եւ քննադատութիւններուն մէջ ալ ԱՐՏԱԳԱՂԹ աղէտի մասին խօսքեր չհնչեցին:
Աւելի կը խօսուի հայրենահանուածներու եւ անոնց ժառանգներու սփիւռքի պարտականութեան եւ աջակցութեան մասին, թէեւ միայն նիւթական աջակցութեան ըմբռնումով, բայց կը լռենք աղէտ-արտագաղթի մասին:
Պետութիւնը իրապէս կը տիրապետէ՞ ԱՐՏԱԳԱՂԹի թիւերու: Արտագաղթողները Հայաստանի քաղաքացիներ են եւ Պետութիւնը սկզբունքով տէր է իր քաղաքացիներուն: Ո՞ւր կը գտնուին անոնք: Երբեմն անոնց մասին կը խօսի հեռատեսիլը, ըսելով՝ ՄԵՐՈՆՔ, անոնց ո՞ր տոկոսը ինքզինք մաս եւ անդամ կը համարէ ՄԵՐՈՆՔի:
Հայաստան ունի՞ քաղաքական-կազմակերպական առաջադրանք իր համրանքը համալրելու արտագաղթած զանգուածներու վերադարձով: Այդ համրանքը էական է, որպէսզի հայրենիքը ըլլայ բնակուած եւ պաշտպանուած: Եթէ մեր ժողովուրդը ինք չպաշտպանէ իր հողը, իր փոխարէն այդ ոչ ոք պիտի ընէ:
Դեռ պէտք է խօսիլ արտագաղթողներու ազգային ինքնութիւն պահելու միտումի եւ կարելիութեան մասին: Հայրենահանուածները ինքնութիւն պահած էին եւ անոր համար պայքարած, քանի որ իրենց համար երկրէն հեռացումը կամաւոր չէր, բռնութեան հետեւանք էր: Ժամանակակից ԱՐՏԱԳԱՂԹը կամաւոր ինքնահայրենահանում է, այս պատճառով ալ արտագաղթող զանգուածները շատ աւելի մեծ դիւրութեամբ կ’ընդունին իրենց համարկումը, intégrationը, քանի որ վերադարձի յոյսով չեն լքած հայրենիքը:
Այս հարցերու մասին յաճախ խօսած եմ: Միշտ կը յիշեմ յատկանշական արտայայտութիւնը երիտասարդ մօր մը, որ օդանաւին մէջ իր աղջնակին կ’ըսէր, թէ զինք կը տանէր իր նոր հայրենիքը:
Յօդուածի մը մէջ, 11 Դեկտեմբեր 2017ին կը գրէի, որ «Ազգի որակի եւ համրանքի տեսանկիւնէ, Արտագաղթը կը շարունակէ Հայրենահանումը»: Այսինքն, ժամանակի գիծին վրայ հայ մարդատեսակի ինքնութեան աստիճանական կորուստ: Երեւոյթը մեր Պետութեան ձախողութիւնն է, պէտք է ասոր վրայ աւելցնել սփիւռքի թեթեւսոլիկ վերաբերումը, որ քաղաքական-քննադատական եւ զգացական-հայրենակցական պատճառներով կը հաշտուի կացութեան հետ, երբեմն նաեւ՝ շահախնդրուած մարդորսութեամբ, օգտուելու համար արտագաղթողներու հայկական-մշակութային պատրաստուածութենէն:
Հայրենահանուածներու սփիւռքը եւ արտագաղթողները իրարու չեն մերուիր, չեն մերուած, հաւանօրէն պիտի չմերուին ալ, քանի որ ծնունդ են խորապէս տարբեր պայմաններու եւ անոնց յառաջացած հոգեբանութեան: Այս հաստատումը չի նշանակեր սեպ խրել մեր ժողովուրդին մէջ, այլ՝ ըլլալ իրատես:
Արտագաղթ երեւոյթին պէտք չէ վերաբերիլ զգացական-հայրենակցական նկատումներով, այլ՝ հայրենիքի եւ ազգի: Պետութիւն, ոչ միայն այսօրուան, այլ ներկայ եւ գալիք, ծրագրուած եւ հետեւողական եղանակով առաջնահերթութիւններու շարքին պիտի դասէ ԱՐՏԱԳԱՂԹԻ ԿԱՆԽՈՒՄը, եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով, քարոզչութեամբ եւ կեանքի լաւ պայմաններու ստեղծումով, ձգտի ՏՈՒՆ ԴԱՐՁՆԵԼ ԱՐՏԱԳԱՂԹՈՂՆԵՐԸ : Անոնց պատրաստութիւն ունեցող տեսակը պարտք պէտք է համարէ վերադարձը, եւ հայրենիքէն ստացածը ի սպաս դնելու այդ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ վերելքին:
Իսկ եթէ Հայաստան Պետութիւնը եւ Սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնը ծրագրուած ձեւով արտագաղթողներու վերադարձին զուգորդեն ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը, այդ կ’ըլլայ կարեւոր քայլ ցանկացուած եւ հոլովուաւծ վերականգնումի ճամբուն վրայ:
Եթէ, Հաաստան եւ Սփիւռք(ներ), մենք իրապէս ազգային ըմբռնումով քաղաքանացած զանգուած ունենայինք, կը պահանջէինք, որ կոտորակումները յաղթահարուէին, բան չնշանակող մրցակցութիւնները եւ հակամարտութիւնները վերջ գտնէին, դադրէինք ոտք չունեցող աթոռներու եւ աթոռակներու խաղով զուարճանալէ:
Հայրենիքը սոսկ հողամաս չէ, ան հայրենիք է հայրենատէր բնակչութեամբ: Այս ըմբռնումով դէմ պէտք է երթալ ԱՐՏԱԳԱՂԹին եւ հաւաքական ճիգով իրականացնել ՀԱՅՐԵՆԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆը, այսօր արդէն՝ ՅՈԳՆԱԿԻ:
Հաւաքաբար պատասխանատու ենք: Կացութեան հետ հաշտուիլ ազգային-քաղաքական յանցանք է, եւ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆը այդ չի ներեր:
Կրկին պէտք է ըսել, որ ամէն կարգի իշխանութիւններէն եւ էսթէպլիշմընթներէն պահանջատէր պէտք է ըլլալ, առանց փափկանկատութեան պահանջել, որ առաջնահերթութիւն դարձնեն զոյգ բնոյթով հայրենադարձութիւնները:
Ղեկավարութիւնները այս առաջադրանքի նախաձեռնութեամբ եւ յաջողութեամբ պէտք է դատել:
Միշտ պէտք է մտածել այն մասին, որ հայրենահանում եւ արտագաղթ արմատներէ խզման կացութիւններ են, այդ խզման բոլոր հոգեբանական եւ բարոյական հետեւանքներով, որոնց եզրայանգումը օտարումն է:
Չիլեցի բանաստեղծ Փապլօ Ներուտա յատկանշական ձեւով բանաձեւած է արմատախիլ եղած մարդոց կացութիւնը. «Մարդ էակին համար արմատախիլ ըլլալ զրկանք մըն է, որ այս կամ այն ձեւով կը հիւծէ իր հոգիին պայծառատեսութիւնը»:
Եթէ հասկնանք: Եթէ հասկնայինք:
Ի ծնէ արմատախիլներս, արտագաղթած ինքնա-արմատախլուածները:
Միթէ՞ պէտք է կրկնել, որ վաղը միշտ ուշ է: