ՄՏՈՐԵԼ, ԽՕՍԻԼ ԵՒ ԳՈՐԾԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊՐԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆՈՐ ՏԻՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆԵԼՈՒ ՑԱՆԿՈՒԹԵԱՄԲ

0 0
Read Time:6 Minute, 3 Second

Յ. Պալեան

Մարդիկ գինիի պէս են, ժամանակին հետ լաւերը

կը բարելաւուին եւ գէշերը կը դառնանան :

Կիկերոն, Ն.Ք.Ք. Ա դար

 

            Բոլոր հայրենահանուածներու եւ անոնց ժառանգներուն պէս, ես ալ ծնած եմ տեղ մը, հովէն տարուբեր ապրած եմ տարբեր երկինքներու տակ, միշտ հայրենաբնակ եւ հայրենատէր ըլլալու համոզումով եւ երազով:

            Հոն, հայրենիքի մէջ, կայ  ինքնութիւն, հոն կայ հարազատութիւն:

            Ինքնամխիթարութիւն է, եթէ կեղծիք չէ, Լիբանանի գեղատեսիլ բարձունքներէն եւ առատ սեղաններէն, Պեվըրլի Հիլզէն, Էյֆէլի Աշտարակէն, Մանհաթանէն կամ Փունթա տէլ Էսթէ դրախտէն դիտել Հայաստանը, հայրենասիրութիւն խաղալ եւ զգացումներ հովահարել:

            Չեմ սիրած օրագիր պահել, չեմ սիրեր յուշագրութիւնը: Ամէն անգամ որ փորձած եմ, շնչահատ եղած եմ: Միշտ ուզած եմ հաղորդուիլ հայրենիքի երկինքին եւ հողին, հողը հայկական դարձուցածներուն եւ այսօր պահողներուն, Աշտարակի ելեկտրաձողերուն ծայրը կանգնած վերադարձող եւ կափկափող արագիլներուն հետ:

            Ուխտի երթալու պէս, կրկին օդանաւը զիս Հայաստան տարաւ, Ապրիլ 24-ի նախօրեակին: Այր ու կին գացինք Երկիր, ընկերացանք մեր զաւակին, որ տարիներէ ի վեր եւ տարին քանի մը անգամ կ’երթայ Հայաստան եւ Արցախ, ոչ որպէս զբօսաշրջիկ, ոչ անօթի զբօսաշրջիկներու պէս յղփանալու եւ վերադարձին պատմելու համար, այլ խնամելու իր եղբայրները եւ քոյրերը, Հայաստան եւ Արցախ, Ստեփանակերտ՝ նոյնիսկ երբ հիւանդանոցը ռումբերու տակ է:

            Չկրցանք Հայաստան ապրիլ, ըլլալ բնական հայրենատէր քաղաքացի: Մանկութեան օրերուս հայրս ուզած էր Հայաստան ներգաղթել, ինչպէս կ’ըսուէր այն օրերուն, կարմիր քարթ ալ ունեցանք, բայց չգացինք Հայաստան, չտարին, պատճառը չեմ ուզեր ըսել, քանի որ ան հակազգային ամօթ մըն է: Մեծ հայրս եւ մեծ մայրս գացին, հոն մեռան, հօրեղբայրս աքսորեցին, մնաց Վլատիվոսթոք:

            Այսպէս եղաւ մեր կեանքը, այսպէս է մեր կեանքը, դարաւոր թշնամութեան պատճառով, նաեւ մեր ներազգային սխալներով եւ անհանդուրժողութիւններով, զորս յաղթահարելու առաքինութիւնը մեզի պակսած է մեր պատմութեան ընթացքին: Կը պակսի նաեւ այսօր:

            Շատերու պէս, մենք ալ մեր խնայողութիւններով երդիք մը ունեցանք Հայաստան, ՏՈՒՆ ԶԳԱԼու համար, որպէսզի պատուհանէն դիտենք Արարատը եւ քաղաքամայր Երեւանը: Իրենց տոլարները ծալած վրան նստած եւ հին քէներ որոճացող կեղծ հայրենապաշտպաններ, որոնք երբեք չեն ուզած իրենց քաղքենիի հանգիստը խանգարել, պերճանք համարած են մեր ընթացքը, կամ՝ յիմարութիւն: Նախամեծար համարած են իրենց կուշտի ընթացքը, դրամատնային գումարները, շարունակելով չխանգարուելու իրենց անխախտ ընտրանքը, որոճալով հին եւ ժամանակավրէպ քէներ, անտեսելով իրա՛ւ հայրենատիրութիւնը, միշտ փորձելով ինքնարդարանալ ուրիշներու քննադատութեամբ: Մեր կեանքին մէջ բանակ են այս բանգէտները, որոնք Ստալինի օրով կ’երգէին «Ստալին մեր հայրն է», տէր կը փնտռէին, այսօր ալ այդպէս կը շարունակեն՝ հզօրին ստրուկը ըլլալու ախտով:

            Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ, երկրաշարժի անլոյս օրերէն մինչեւ հիմա, ինքզինքս տէր զգացած եմ Հայաստանէն մնացած հողակտոր երկրին, հպարտացած անկախութեամբ, Արցախի ազատագրութեամբ, յուզումով գիշերած եմ լիբանանցի ընկերներու Շուշիի մէջ կառուցած պանդոկը, եւ Շուշիի յանձնումէն ետք մատնուած տագնապի, երեւակայելով իրաւ հայրենասէրներու իրականացուցած տեսիլքի փլուզումը:

            Համահայկական եւ Մամուլի Խորհրդաժողովներ, Գրողներու Միութեան Ծաղկաձորի Ժողով, Դսեղ եւ Թումանեանի Տուն-Թանգարան, Բիւրականի աստղադիտարան: Տիրոջ պէս՝ հպարտութեամբ:

            Հայաստան երկիր էր եւ է, պետութիւն, իր յաջորդական իշխանութիւններով, յաջողութիւններով եւ ձախողութիւններով: Շատերու պէս հաւատացի, որ ժամանակն էր վերականգումի: Այն քիչին համար որ ըրած էի ժողովուրդիս համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միշտ պատնէշի վրայ կանգնած շնորհազարդ կաթողիկոսը, Հայաստանի նախագահը, վարչապետը եւ որպէս լեզուի պաշտպան Սփիւռքի նախարարը անարժանս պարգեւատրեցին:

            Միջոցին, արտակարգ արտօնութեամբ, Երեւանէն, օդանաւով ուղղակի թռիչքով գացի Արեւմտահայաստան, ուր կէս ժամ ետք, օդանաւը էջք կատարեց ընթերցումներէ քաղուած երազներու Արտամէտի օդակայանը: Ապա Վան, Բերկրի, Արածանի, Անի, Ատանա, Լեւոնի բերդ, Սիս, Մուշ… գիրքերու մէջ սորված հայրենիք: Պատանութեան օրերու երազուած արկածախնդրութեան իրականացում, տէր զգալու համար:

            Վերանկախացումէն ի վեր, ափսո՜ս, անատակ եղանք իսկական միացում ստեղծելու, որպէսզի հայրենիքը ըլլայ հզօր: Բացասականութիւններ, չարաշահումներ, փառասիրութիւններ, եւ սխալներ գումարուեցան: Այդ բոլորի տխուր պսակումը եղաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմը, հետեւած աճպարարի ոտքի քնացնող «յաղթելու ենք»-ի պարտութեամբ, որ պառակտեց եւ կը պառակտէ երկիրը եւ սփիւռքը:

            Պարտութիւն մը կ’ունենայ պատճառ եւ պատասխանատու: Պատասխանատուն Խնձորեսկի կամ Ծովունիի քաղաքապետները չեն, այլ անոնք՝ որոնք իշխանութիւն են եւ իրենց ձեռքին ունին ղեկը: Այս ըսել մեղանչում չէ, հայրենասիրութեան պակաս չէ, կողմի ծառայել կամ վարձկան ընդդիմադիր կամ գրիչ ըլլալ չէ: Պարտուողին առջեւ կարմիր գորգ փռողներ, երկրի մէջ եղող շահախնդրուածներ եւ Սփիւռքի մէջ անոնք որոնք հին կիրքեր կը սնուցեն, Ստալինը փոխարինող նոր տէր կը փնտռեն. համոզումէ զուրկ կեղծ հայրենասէրներ:

            Եթէ հասնինք, հասած ըլլայինք, Շաւարշ Նարդունիի ֆրանսերէնէ թարգմանած եւ գործածած տարազին, «կատուի կատու ըսել»-ու հասունութեան, չէինք պառակտուեր, դիրքապաշտութիւնը նպատակ չէինք դարձներ, հին սէրերու եւ կիրքերու հպատակելով կողմնապաշտութիւն չէինք խաղար: Քաղաքականօրէն հասուն եւ գիտակից հասարակութիւն մը պէտք է գիտնայ կացութիւնները ըստ արժանւոյն գնահատել, ի հարկին վերատեսութեան ենթարկելով ինքզինք, իր համոզումները եւ ընտրանքները:

            Իրականութիւններու դէմ հաւկուրութեամբ կանգնիլ հայրենավնաս ընթացք է: Քննադատել՝ դժուար բայց ազնուական պարտականութիւն:

            44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ետք, հանրային կարծիքը, ժողովուրդը, մտաւորականութիւնը, մամուլը ո՞ւր եւ որո՞ւ պիտի ուղղէին իրենց քննադատութիւնները եւ պահանջները. ողջմտութեամբ՝ իշխանութիւններուն:

            Հոս պէտք է բանալ ազգային-քաղաքական հասունութեան եւ բարոյականի փակագիծ մը, քաղաքացիի եւ հայու ճշմարիտ հայրենատիրական հայրենասիրութեան ըմբռնումով, տարբեր՝ մանկական դասագիրքերէ ստացուած պարզունակ դասերէն:

            Հեռուէն դիտողի զգացական եւ ոչ-յանձնառու հայրենասիրութիւնը գինիի բաժակին մէջ խեղդուող խօսք է: Եթէ չանդրադառնանք եւ չգիտակցինք պարտութեան յաջորդող գործընթացներուն, անոնցմէ բխած սպառնալիքներուն եւ կորուստներուն, անոնց առաջքը առնելու նախաձեռնութիւններուն, լաւ է լռել, սրճարան երթալ պլոթ եւ նարտի խաղալ, կամ ընկեր-բարեկամի հետ զրուցել եւ հասնիլ Վոլթէրի Զատիկի գոհունակութեան, որ ամէն բան լաւ է աշխարհներու լաւագոյնին մէջ:

            Եւ երգել, որ՝ Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան եւ կ’երթան:

            Իրականութիւնը միշտ կոշտ է, անհաճոյ, անկէ խուսափիլ պարտուողական հոգեբանութեան յատկանիշ է:

            Գրաւելէ ետք Հայաստան-Արցախի ութսուն տոկոսը, աւանդական թշնամին նստած է Հայաստանի Հանրապետութեան ընդունուած ինքնիշխան տարածքի սահմանին, հողաշերտեր կ’իւրացնէ, հայ գիւղացին կը հեռացնէ իր տունէն եւ արտէն, ճամբաներ կը գրաւէ, հայ զինուոր կը սպաննէ, միջանցքներ կը պահանջէ, երբեմն ալ որպէս տէր կը խօսի Սեւանի եւ Էրիւանի մասին:

            Բանաւոր համաձայնութիւններով, կ’ըսուի, իշխանութիւնը տարածքներ զիջած է: Ոչ ոք ոչինչ գիտէ այդ համաձայնութիւններու մասին:

            Երկրի պաշտպանութիւնը զօրացնելու ճիգ չկայ: Պարտուած բանակի վիճակի յոռետեսական գնահատումը ընողներ կան:

            Պարտութեան հետեւանքով Հայաստան ապաստանած են 91.000 հայրենահանուածներ, տուն, արտ եւ աշխատանք կորսնցուցածներ:

            Ազգի հիմնահարց է Արցախը:

            Պարտութեան հետեւանքով զինուորական գրաւման ենթարկուած Արցախի Ատրպէյճանի կազմի մէջ ըլլալու հարցը լուծուած է կը յայտարարէ Իլհամ Ալիեւ: Հայաստան ցոյցեր տեղի կ’ունենան մերժելու համար այդ լուծումը:

            Հետաքրքրական է Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատրեանի կացութեան հետ հաշտուած ըլլալու խօսքը, որ «եթէ յայտարարում էք՝ որ «Արցախը չի կարող լինել Ադրբեջանի կազմում, զրկուում էք մանեւրելու իրաւունքից»: Այս կեղծ իմաստութեան եթէ հետեւինք, պէտք է հարց տանք, թէ՝ ի՞նչ բանի եւ ի՞նչ ընելու պիտի մանեւրէ Հայաստանը:

            Հարցում. Պիտի մանեւրէ՞ որպէսզի հայրենահանուածները վերադառնան իրենց տուները, ըլլան Ատրպէյճանի քաղաքացի, ապրին թշնամիի տիրապետութեան տակ:

            Սփիւռքի մէջ ալ անհանգիստ չըլլալ ուզող ստրկամիտ քաղքենիացածներ կան, որոնք ամբոխային լուտանքներով կը դիմաւորեն անձնատուական եւ պարտուողական ընտրանքը մերժողները, սովետէն մնացուկ վերագրումներ կ’ընեն, զանոնք կը համարեն ոչ-հայրենասէր, թշնամի, վարձկան, անոնք ըլլան հայրենաբնակ թէ սփիւռքի հայեր, որոնք քայլ կը պահեն Հայկական Արցախի պաշտպաններուն հետ: Եթէ հնարաւորութիւն ունենան կը բանադրեն իրաւ հայրենասէրները, զանոնք կը զրկեն խօսքի, արտայայտուելու, հրատարակուելու իրաւունքէ, մի՛շտ իրենց ժառանգած սեւացրէ՛քի զէնքով, իրենք իրենց եւ իրենց նման անհայրենիքներուն կեր հայթայթելու համար: Ասոնք ներազգային համերաշխութիւնը, ազգի միացած, իրաւատէր ըլլալու եւ պայքարելու կամքը ներսէն կը հարուածեն, գիտակից, անգիտակից, քինախնդիր, մանր փառասէրներ: Ես ինծի թոյլ չեմ տար հայ մարդուն անվայել անարժանի վերադիրով որակել զանոնք:

            Հայաստանի բողոքող ցուցարարները, անոնց ներսի եւ դուրսի զօրավիգ կանգնողները, որպէս հայ ապրելու եւ տոկալու իրաւունք հետապնդողները դատափետել, ապազգային եւ պարտութիւնը ջատագովող ընթացք է, յիշեցնելով այն օրերը, երբ ամբոխներ, սփիւռքի մէջ, իրենց հայրենակիցները Կուլակ ղրկող, մտաւորականութիւնը գլխատած ղեկավարին փառքը կ’երգէին թրքերէն, կ’ըսէին. Ստալին տըր պապամըզ… Հիմա կարծէք կը փնտռեն կամ գտած են նոր պապա

            Ժամանակները փոխուած են, տէր ունենալու վարժ ստրկամիտները կը տեւեն եւ կը վկայեն այն մասին, թէ պատմութեան մէջ ինչո՞ւ պարտուած ենք, ինչո՞ւ կը շարունակենք պարտուիլ:

            Ո՞ւր փնտռել Հայաստանի եւ ազգի թշնամիները:

            Զգաստութեան պահու մը մարդիկ պէտք է գիտնան կանգնիլ հայելիին առջեւ եւ իրենք իրենց հաշիւ տան: Այս կ’ըլլայ ազգային վերականգնումի քայլ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՄՏՈՐԵԼ, ԽՕՍԻԼ ԵՒ ԳՈՐԾԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՊՐԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆՈՐ ՏԻՐՈՒԹԻՒՆ ԸՆԵԼՈՒ ՑԱՆԿՈՒԹԵԱՄԲ

  1. Կը կարդան՞ այս տողերը , ոչ ։պարտուած ղեկավարները նաեւ կույր են եւ խուլ։
    Բյաց մենք կը կարդանք մտաւոր այս մարդոց մտքերը, եւ ինչպէս ցեղասպանութիւնը չենք ներած , այդքան ալ չենք ներեր
    անգութ եւ անըզգայներուն որոնք ազատութիւնը կը զոհեն փոխան աթոռի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles