
ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 19-ին, Էրեբունի վարչական շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Մուսա Լեռան հերոսական ինքնապաշտպանութեան զինուորական ղեկավար, հայկական լեգէոնի հերոս սպայ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երկարամեայ անդամ, սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ Մովսէս Տէր Գալուստեանի անուան երիտասարդական կեդրոնին, նաեւ տեղի ունեցաւ պատմական գիտութիւններու դոկտոր Աշոտ Ներսիսեանի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքի շնորհահանդէսը:
Երիտասարդական կեդրոնը պիտի ծառայէ Էրեբունի վարչական շրջանի երիտասարդներուն եւ պատանիներուն: Կեդրոնի պատասխանատուներուն հաստատումով` բազմաթիւ ծրագիրներ պիտի իրականացուին, որոնք պիտի ծառայեն երիտասարդներուն` իրենց հետաքրքրութիւնները յագեցնելու: Պիտի իրականացուին նաեւ ուսումնական ծրագիրներ, պիտի ուսումնասիրուի պահանջը, այսինքն` տարածքի երիտասարդները ի՛նչ խնդիրներ ունին, անոնք ինչի՛ կարիքը ունին, եւ ամէն ձեւով փորձ պիտի կատարուի օգնելու այդ երիտասարդներուն:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Մովսէս Տէր Գալուստեանի որդին, սփիւռքի եւ Հ.Յ.Դ. շարք մը ներկայացուցիչներ:
Նշենք նաեւ, որ Մովսէս Տէր Գալուստեանի անուան երիտասարդական կեդրոնի ստեղծումը եւ «Մովսէս Տէր Գալուստեան» գիրքի լոյս ընծայուիլը իրականութիւն դարձան, շնորհիւ լիբանանահայ բարերար Ալեն Թապուրեանի: