Մակար ի Գաղիա
Փետրուար 3, 2016
Մառնի ափին տեղ մը
Անուղղայ Կեդրոնականցին եթէ չճամբորդէ հոս հոն, կ’արշաւէ համացանցի եթերին մէջ: Մեզ ալ անմասն չի ձգեր տեսածէն եւ գտածէն:
Փետրուարին եթէ արեւ ալ ըլլայ, տունէն դուրս չեն գար տարեցները անդի աշխարհ տանող համաճարակներէն խուսափելու համար, Արմենակ եւ Էլպիս կու գան եւ կը յիշեցնեն, որ կեանքը կը շարունակուի: Ծիծաղով թէ տխուր:
Կէսօրը հազիւ անցած եկան: Ըսին՝ «ուզեցինք սուրճին հասնիլ»:
Մակարուհին լրացուց՝ «սուրճն ալ առանձին չի խմուիր»:
Սուրճին բոյրը իրմէ առաջ հասաւ: Մակարուհիին նոր զբաղումն է հեռատեսիլէն կարկանդակի պատրաստութիւն սորվիլ եւ փորձել:
Սուրճին հետ փուռէն նոր ելած կարկանդակ ալ մատուցեց:
Արմենակի համար բեմի պատրաստ էր:
– Մակա՛րս, այս տարիքիս ինչե՜ր կը սորվիմ համացանցէն: Ոչ ոք թող ըսէ, թէ հոն միայն դատարկաբանութիւններ կան: Մեր թուագրութենէն դար մը առաջ ապրած Կիկերոնը կը յիշեն, որպէսզի ներկան հասկնան:
– Ի՞նչ գտեր ես նորէն,- հարցուցի, որպէսզի թափ տամ Արմենակին:
– Կիկերոնի գերարդիական իմաստութիւնը:
– Ի՞նչ է այդ:
Գրպանէն հանեց տպիչէն դուրս եկած էջ մը: Կարդաց եւ էջը ինծի տուաւ:
Կիկերոն ըսած է, ըսած ալ չըլլար, հետաքրքրական էր ըսուածը:
- Թշուառը կ’աշխատի:
- Հարուստը կը շահագործէ առաջինը:
- Զինուորը կը պաշտպանէ երկրորդը:
- Հարկատուն կը վճարէ երեքին համար:
- Թափառաշրջիկը կը կռթնի չորսին:
- Գինեմոլը կը խմէ հինգին փոխարէն:
- Դրամատան տէրը (սեղանաւորը) կը գողնայ վեցը :
- Փաստաբանը կը խաբէ եօթը:
- Բժիշկը կը սպանէ ութը:
- Մեռելաթաղը կը թաղէ ինը:
- Եւ քաղաքական գործիչը կ’ապրի տասնով:
– Գիտես, Մակա՛ր, հիմա ժողովրդավարութիւն կայ, մարդիկ կը քնանան եւ կ’արթննան ընտրութեան մասին լսելով եւ մտածելով, աթոռի եւ աթոռակի: Եթէ այս էջը ընկերացնէին իրենց ամպագորգոռ յայտարարութիւններուն եւ կոչի թղթիկներուն, աւելի արդար ընտրութիւն մը չէ՞ր պատրաստուեր:
– Ոչ միայն արդար, այլ գիտակից ընտրողներ կ’ունենայինք, սիրելի Արմենակս:
– Եթէ հարցախոյզ մը կազմակերպուէր, գիտնալու համար ցանկին ամենէն երջանիկները:
– Պարզ է: Հոգերէ ազատած վեցերորդը, գործազրկութեան սարսափ չունեցող տասներորդը, իր եւ իր յաջորդներուն համար ապագայի հոգ չունեցող տասնըմէկերորդը:
Երբ գացին, նամակ գրեցի, անձանձրոյթ նոր սերունդով զբաղողներուն եւ մեծերը լուսաբանող լրատուամիջոցներուն, որ Կիկերոնի տասնըմէկբանեան ամէն առիթով մեծատառ գրեն եւ յիշեն… որպէսզի մենք մեզ եւ ուրիշը ճանչնանք…
Իսկ ո՞վ է այդ Կիկերոնը: Քանի քուէ ունի: Քանի միլիոն կը կշռէ… Մի՛ հարցնէք:
ՄՈՎՍԷՍԻ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅԷՆ ԵՏՔ
ԿԻԿԵՐՈՆԻ ՏԱՍՆԸՄԷԿԱԲԱՆԵԱՆ

Մակար ի Գաղիա, 3 փետրուար 2016, Մառնի ափին տեղ մը