ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԵՏՔ…

0 0
Read Time:1 Minute, 46 Second

khemp Sargsyan-Putin

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Օգոստոս 15, 2016

Անցեալ շաբթուայ կէսերուն, Մոսկուայի մէջ կատարուած Փութին – Սարգսեան տեսակցութենէն ետք, կը սպասուէին այդ կարեւոր նկատուող խօսակցութիւններուն գործընթացն ու արդիւնքները, որոնք ցայսօր այդչափ ալ յստակ չեն թուիր ըլլալ:
Անշուշտ յետ-տեսակցութեան կատարուած անցուդարձերը ենթադրել կու տան թէ
ին՞չ է կացութիւնը Կովկասեան տարածաշրջանէն ներս:
Մոսկուայի մէջ կատարուած տեսակցութեան աւատին, նախագահ Սարգսեան երկար, ու մելան հոսեցնող, փաղաքշական խօսքերով վեր առաւ Ռուսաստանի եւ յատկապէս նախագահ Փութինի ստանձնած դերը տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւն հաստատելու:
Նոյնիսկ, ան անձնապէս երախտագիտութիւն յայտնեց` Արցախի հիմնահարցի դիւանագիտական ճամբով լուծման գործին մէջ, Փութինի կողմէ ներդրուող ջանքերուն համար, շեշտելով թէ հետեւողականօրէն կատարուած
բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու աշխուժ փոխադարձ այցելութիւններու եւ երկկողմանի արդիւնաւէտ տեսակցութիւններու լոյսին տակ, հարցերն ու ստեղծուած խոչընդոտները լուծուած են:
Ողիմպիական խաղերու օրերուն, Հ.Հ. նախագահը՝ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան մասին անդրադառնալով եւ կամրջելով «առողջ հոգի առողջ մարմինի մէջ»ը, յաջողութիւն մաղթեց թէ՛ հայ, թէ՛ ռուս եւ թէ՛… հայ ծագում ունեցող ռուս մարզիկներուն:
Քանի մը օր ետք, Սարգսեան նաեւ մեկնեցաւ Ռիօ Տը Ժանէյրօ, ուր Ողիմպիականին ներկայ գտնուեցաւ, եւ միեւնոյն ժամանակ հիմնարկէքը կատարեց մայրաքաղաք Պրազիլիայի մէջ կառուցուելիք Հ.Հ. դեսպանատան:
Մոսկուայի յետ-տեսակցութեան յաջորդող օրերուն, յիշատակելի է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մէկ այն յիշատակելի հաստատումը, Ֆրանսայի լրագրին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, թէ ողջամիտ, իրաւացի եւ համարժէք փոխզիջումները անհրաժեշտ են, այնքան ատեն որ վտանգ չեն հանդիսանար: Անշուշտ անգամ մը, եւս բռնօրէն քննադատելով անցեալ Ապրիլին Ատրպէյճանի շղթայազերծած քառօրեայ պատերազմը, Արցախի նախագահը շեշտեց թէ շրջանի խաղաղութեան բանալին 1994-ին կնքուած զինադադարն է եւ Արցախին մասնակցութիւնը՝ բանակցութիւններուն:
Միւս կողմէն, Ռուսաստան – Ատրպէյճան բարձր մակարդակի հանդիպումներն ու գործակցութիւնները կը շարունակուին զանազան բնագաւառներէ ներս: Այսպէս Պաշտպանութեան նախարար Շոյկու, որ Օգոստոս 14ին անակնկալ այցելութիւն մը կատարեց Պաքու, ի պադրաստութիւն՝ յառաջիկայ Սեպտեմբերին նոր համաձայնագրի մը ստորագրման։ Կը նախատեսուի, որ այս նոր ընդարձակուած ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան եւ համաձայնագիրին արդիւնք, Ատրպէյճանի մէջ բացուի ռազմական ուղղաթիռներ արտադրող ռուսական ընկերութեան սպասարկման կեդրոն մը։
Երկու երկիրներն ալ յայտնած են թէ ռազմական հարցերու շուրջ ռուս-ատրպէյճանական երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ աշնան, Մոսկուայի մէջ կայանալիք միջկառավարական հերթական նիստին ընթացքին:
Պաքուի ղեկավար, այս առթիւ կը շեշտէ թէ, ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու այսօրուան բարձր մակարդակին շնորհիւ, կարելի է լուծել բազմաթիւ հարցեր, ներառեալ՝ տարածաշրջանային ապահովութեան առնչուող հարցեր: Այսպէս, փոխան «առողջ հոգի առողջ մարմինի մէջ»ի, պիտի ընդգրկուի «Վատառողջ կացութիւն, վատառողջ տարածաշրջանի մէջ»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles