Լրահոս

Մոնրէալի Եւ Գէմպրիճի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակը

Կիրակի, 1 Մարտին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․-ի 135-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւն, «Միասնութիւն՝ յանուն պետականութեան» կարգախօսով, կազմակերպութեամբ տեղւոյն «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներու, ներկայութեամբ Հայաստանէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուսաստամեանի եւ Գանատայի մօտ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով։

Advertisement Subscribe Today

,Տեղի ունեցաւ Վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւն Հ․Յ․Դ․-ի պատմութեան մասին։

«Պետականաստեղծ Հ․Յ․Դ․» տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, խմբային ազգագրական պարով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը։

Օրուան հանդիսավար Շողիկ Գաթարոյեան ներկայացուց օրուան պատգամաբեր, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստամեանի հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք բանախօսը ելոյթ ունեցաւ, յայտնելով. «Եւ այստեղ պատահական չի, որ երդմամբ ու խոստումներով մենք միշտ ստանձնել ենք պարտաւորութիւն ծառայել մեր ժողովրդին, ծառայել մեր հայրենիքին, եւ այսօր ամենակարեւոր եւ վճռական պահն է հասել, առանց չափազանցութեան։ Մենք պարտաւոր ենք ճիշդ գնահատել մեր նորօրեայ, էս անցած ճանապարհը, մենք պարտաւոր ենք ամփոփել այս վերջին 8 տարիները եւ ճիշդ եզրակացութիւնների գալով հասկանալ, թէ դէպի ո՛ւր պիտի շարունակի մեր ընթացքը։ Այս ութ տարիները իսկապէս ցոյց տուեցին, որ մենք գահավիժման մէջ ենք։ Ինչ ունէինք 2018-թուականին, եւ ինչ ունենք հիմա։ Սա մեր ընդհանուր գնահատմանն է կարօտ, եւ մենք պարտաւոր ենք բաց հայեացքով, անկողմնակալ եւ անաչառ կերպով այս գնահատումն անել»:

Ապա ան անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ կացութեան եւ ընտրութիւններուն, բարդ իրավիճակին եւ մեր ժողովուրդի, քաղաքական ուժերու եւ յատկապէս՝ Դաշնակցութեան պարտաւորութիւններուն այս վճռորոշ հանգրուանին։ Ռուստամեան իր խօսքը եզրափակեց. «Այս ընտրութիւնը կա՛մ որոշում է, որ մենք ունենալու ենք ինքնուրոյն պետութիւն, ունենալու ենք մեր ազգային արժանապատուութիւնը պաշտպանող պետութիւն, կա՛մ գնալու ենք թուրքացման ճանապարհով եւ անընդհատ մեր կորուստները աւելի ու աւելի են շատանալու: Ես վստահ եմ, որ մեր սերունդը այդ յաղթանակը կերտող սերունդը կարող է ըլլալ, ազատամարտը հենց այս սերունդն է իր աչքերով տեսել, եւ մենք պիտի վերադառնանք մեր ակունքներին եւ այդ յաղթանակը չի ուշանայ՝ վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատի: Կեցցէ՛ հայութիւնը եւ Հայաստանը: Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը»:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, որ ըսաւ. «Դրօն առիթով մը ըսած էր, թէ այնքան ատեն որ մեր ժողովուրդը բռնագրաւուած հողեր ունի, մեր ժողովուրդը իրաւունքներ ունի ձեռք բերելիք, մեր հողերը գրաւուած են, մեր արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած է, Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը մինչեւ որ հայը վերադառնայ իր տաքուկ բոյնը։ Զարթի՛ր լաօ, թող բացուին մեր ժողովուրդի աչքերը՝ տեսնելու, լսելու եւ որոշելու, արթննանք՝ տեսնելու ճշմարտութիւնը եւ պայքարինք՝ յանուն ճշմարտութեան, յանուն իսկական ազատութեան եւ անկախութեան, յանուն մեր իրաւունքներուն եւ հողերուն ձեռք բերման եւ մեր ժողովուրդի արդար եւ յաղթական գոյերթին»:

Նշենք, թէ Շաբաթ, 28 Փետրուարին, Գէմպրիճի Հայ կեդրոնէն ներս ԱԼ, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն «Արամ-Դրօ» կոմիտէին,

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու, ինչպէս նաեւ Հ․Յ․Դ․-ի «Մշակ, Բանուոր» քայլերգին հնչեցմամբ։ Գէմպրիճի Հ․Յ․Դ․ «Արամ-Դրօ» կոմիտէի անունով խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարանդ Զէյթլեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը քաղաքական կազմակերպութիւն ըլլալու կողքին, եղած է նաեւ ազգային գաղափարախօսութիւն, որ սերունդներ դաստիարակած է ու կը շարունակէ դաստիարակել նուիրումի՝ անձնուիրութեան ոգիով: Հ․Յ․Դ․-ն ծնած է այն ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդը կը պայքարէր իր գոյութեան, իր արժանապատուութեան եւ իր ազատութեան համար, ու ահա՛ այսօր, մեր ազգի այս դժուարին ու մթագնած օրերուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, որ տէր կը կանգնի մեր ազգային ինքնութեանն ու արժանապատուութեանը»:

Հ․Յ․Դ․ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, որ ըսաւ. «Հարիւր երեսունհինգ տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը դիմագրաւած է բռնութիւն, աքսոր, գաղափարական հալածանք եւ քաղաքական ճնշում։ Սակայն իւրաքանչիւր հարուածէ ետք ան ոտքի կանգնած է աւելի ամուր, որովհետեւ իր ուժը անհատներու մէջ չէ եղած, այլ գաղափարին մէջ, հաւաքական կամքին մէջ եւ ազգին նկատմամբ անսակարկ նուիրումին մէջ»:

Այնուհետեւ օրուան գլխաւոր բանախօս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան փոխանցեց իր պատգամը՝ անդրադառնալով Դաշնակցութեան 135-ամեայ գաղափարական ուղեգծին, ժամանակակից մարտահրաւէրներուն եւ ազգային-քաղաքական պատասխանատուութեան հրամայականին։ Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը անցնող դարերու ընթացքին բազմիցս ապացուցած է իր կենսունակութիւնը եւ կարողութիւնը՝ հաւատարիմ մնալու իր սկզբունքներուն՝ անկախ պատմական պայմաններէն։

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն, ան ըսաւ. «Այսօր վտանգուած է հենց մեր ինքնութիւնը, եւ իրաւունքները ընդհանրապէս պաշտպանող չկայ։ Կայ ի հարկէ Հայաստանը ներկայացնող մ վարչախումբ, բայց ժողովրդի իրաւունքները պաշտպանող ներկայացնողը չկայ»:

Իսկ, անդրադառնալով Յունիսին սպասուող խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ՀՅ․Դ․ ․Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց. «Մենք այլեւս իրաւունք չունենք եւս մէկ շանս, որ մեզ սպասւում է այս ընտրութիւնների առիթով, այդ շանսը կորցնենք։ Սա կը լինի անշրջելութեան մի սամանագիծ, որից յետոյ կորուստներն արդէն շատ աւելի արագ ընթացք կը ստանան: Մենք չպիտի թոյլ տանք, որ անշրջելիութեան այդ սահմանագիծը հատուի, մենք պէտք է կանգնեցնենք այստեղ գահավիժումը եւ նոր ապագայ եւ նոր ընթացք հաղորդենք հայութեան, Հայաստանի գործընթացներին եւ մեր հեռանկարին»:

Պաշտօնական բաժինը եզրափակուեցաւ հանդիսավարի փակման խօսքով, որմէ ետք երեկոն շարունակուեցաւ հայրենասիրական երգերով եւ տօնական մթնոլորտով, հաստատելով Հ․Յ․ Դաշնակցութեան 135-ամեակի ոգեւորիչ եւ համախմբող խորհուրդը Գէմպրիճի հայ համայնքին մէջ։

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button