ՄՈՆՏԻԱԼ 2014 ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԽՄԲԱՅԻՆ ԽԱՂԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ԿԻՐԱՐԿՈՂ ԳԵՐՄԱՆԻԱՆ` ՏԻՏՂՈՍԱԿԻՐ

Ամիս մը շարունակ, կլոր գնդակի սիրահարները կրցան ընմբոշխնել բարձր մակարդակի ոտնագնդակի մրցումներ: Պրազիլի մէջ կազմակերպուած այս մրցաշարքը, մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Յիշատակելին այն էր թէ տնտեսական պատճառներով, բազմաթիւ տեղացիներ դժգոհ էին որ, փոխանակ այլ կարեւոր ներդրումներ կատարելու, կլոր դնդակի համար տրամադրուած էին երազային գումարներ, առաւել կազմակերպող երկրին աւարտական հանգրուանի ջախջախիչ պարտութիւնները, յաջորդաբար Գերմանիոյ (7-1, կիսաւարտական) եւ Հոլանտայի (3-0, երրորդ դիրքի համար վերապահուած մրցում) դէմ բաւական մը զայրոյթ պատճառեցին տեղացիներուն, որոնց համար ոտնագնդակը մեծ կարեւորութիւն ունի:

Այս Մոնտիալը, որ կը նկատուի 21-րդ դարու, այսինքն վերջին չորս մրցաշարքերու ամենէն աւելի յաջողը, պատմական իրադարձութիւնով մը աւարտեցաւ: Արդարեւ, առաջին անգամ ըլլալով, եւրոպական կազմ մը դարձաւ տիտղոսակիր, Լատին Ամերիկայի մէջ:
Գերմանիա, որ արդէն կիսաւարտականին այլ պատմութիւն մը կերտած էր, ծանր պարտութեան մատնելով Պրազիլիան, աւարտականին Ռիոյի հռչակաւոր “Մարաքանա“ դաշտին վրայ, 1-0 արդիւնքով, յետ երկարաձգման պարտութեան մատնեց Մեսսիի Արժանթինը: Մրցումը բաւական բարձր մակարդակի էր եւ հաւասարակշռուած: Բազմաթիւ դէտեր, կը սպասէին որ Պրազիլիոյ դէմ տարած յաղթանակին նման, Գերմանիա յաջողութիւն մը արձանագրէ:
Սակայն, երբեք այդպէս չէր կացութիւնը, այլ ընդհակառակը, նոյնիսկ Արժանթինի կազմն էր, որ բազմիցս նեղ կացութեան մատնեց Գերմանիան: Կը կարծուէր թէ, դիւրաբեկ էր Արժանթինցիներու պաշտպանողականը, բայց շնորհիւ կիսապաշտպան Մասքերանոյի,

խումբը կրցած էր կասեցնել “Մանշաֆթ“ի բոլոր յարձակումները, բացի 113-րդ վայրկեանին կատարուած կայծակնային հակայարձակողականէն, ուր ձախ կողմէն Շուրլըի մէկ սլացքին եւ ճշգրիտ փոխանցումին վրայ, փոխարինող Կէօցէ կրցաւ կուրծքով տիրապետել գնդակին եւ հուժկու հարուածով մը պարտութեան մատնել Արժանթինի անդրդուելի բերդապահ Ռոմերօն:

Բարեբախտաբար, ստիպուած չեղաւ դիմել վճռական “փենալթի“ներու, որ անարդար պիտի ըլլար երկու կազմերուն համար ալ:
Գերմանիա չորրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: “Մանշաֆթ“ը երեք անգամ յաղթած է Արժանթինին, վերջին երեք մոնտիալներուն ընթացքին, այսպիսով հանդիսանալով առաջին խումբը, որ այս մրցաշարքէն դուրս կը ձգէ խումբ մը` յաջորդական երեք մոնտիալներու ընթացքին: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Գերմանիոյ բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր ստացաւ լաւագոյն բերդապահի տիտղոսը, մինչ Լիոնէլ Մեսսի` լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը: Լաւագոյն երիտասարդ մարզիկի տիտղոսին տիրացաւ Փոլ Փոկպա (Ֆրանսա):

Մրցաշարքին լաւագոյն ռմբաձիգը մնաց գոլոմպիացի Խամես Ռոտրիկէս (վեց կոլ): Իսկ գերմանացի “վեթերան“ Միրոսլաւ Քլոզը, եղաւ Մոնտիալի պատմութեան կոլսքորըրը: Ան 16 կոլ նշանակելով գերազանցեց պրազիլցի Ռոնալտոյի (15 կոլ) մրցանիշը, եւ հետաքրքրականը այն է թէ 36 տարեկան Քլոզ 16-րդ կոլը նշանակեց…Պրազիլի դէմ:



Այս Մոնտիալը պիտի յիշուի ոչ թէ ախոյեան կազմին անունով միայն, այլեւ բերդապահներու Մոնտիալը դառնալու իրողութեամբ: Ամէնէն համեստ ու երկրորդական նկատուող կազմերուն ճկուն բերդապահները գրաւեցին բոլորին ուշադրութիւնը` իրենց ուշիմութեամբ եւ լաւ խաղաոճով: Անոնք ճշգրիտ ու տեղին միջամտութիւններով փրկեցին եւ յաջորդ հանգրուանի տոմսերը ապահովեցին իրենց հաւաքականներուն:

Շարքը երկար է, սկսելով Գերմանիոյ բերդապահ Մանուէլ Նէօյըրէն, մինչեւ աւարտականի մրցակից կազմի Ռոմերօն, Միացեալ Նահանգներու Թիմ Հաուըրտը, Մեքսիքայի Կիերմօ Օչօուան, Քոսթա Ռիքայի Քէյլոր Նաւասը…:
Թէեւ Հայաստան բացակայ էր, այս մրցաշարքին, սակայն երկու Սփիւռքահայեր՝ Մաթէօ Տարմեան (Իտալիա) եւ Անդրանիկ Թեյմուրեան (Իրան) ներկայ էին, որոնք դժբախտաբար Ա. հանգրուանի մրցումներէն իսկ, դուրս մնացին:

Աւարտական մրցումէն առաջ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքին փակման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին թէ քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ թէ նախկին աստղեր, նաեւ արուեստագէտներ ու երգիչներ:
p16 sport br6

