
Դեռ անցեալ շաբաթ, Երեւանի մէջ անակնկալ պարտութիւն մը կրած Մալթայէն, Հայաստանի ոտնագնդակի ազգային խումբը, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով, Եւրոպայի գօտիի Բ. խմբակէն ներս, մրցումի մը ընթացքին ջախջախեց Դանիան` Քոփենհակընի “Փարքեն“ մարզադաշտին մէջ, 4-0 (կիսախաղ` 2-0) արդիւնքով:
Մրցումին առաջին վայրկեանն իսկ չ՛աւարտած Եուրա Մովսիսեան, օգտուելով մրցակից կազմի մէկ սխալէն, բացաւ մրցումին հաշիւը: Դանիոյ պաշտպանողականը շարունակ տեղի տուաւ հայրենի կազմի արագ յարձակումներուն դիմաց: Արազ Օզպիլիս, 19-րդ վայրկեանին նշանակեց երկրորդ կոլ մը: Բ. կիսախաղին, կը սպասուէր, որ Դանիացիք տարբեր ոճով դաշտ ներկայանան, սակայն անգամ մը եւս հայրենի կազմն էր, որ տիրապետեց եւ նշանակեց երկու այլ կոլեր 59-րդ եւ 81-րդ վայրկեաններուն, յաջորդաբար շնորհիւ Եուրա Մովսիսեանի եւ Հենրիկ Մխիթարեանի:
Չորս պարտութիւններէ ետք, Հայաստան այս յաղթանակով գերազանցեց եւ գրաւեց խմբակին չորրորդ դիրքը, գերազանցելով Դանիան (կոլերու տարբերութեամբ) եւ Մալթան:
Նախապէս, Եւրոպայի ազգային խումբերու զտումի մրցաշարքին գծով, երկու կազմերը ճակատած էին: Առաջին մրցումին, Երեւանի “Հրազդան“ մարզադաշտին վրայ, Դանիա 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, իսկ երկրորդ ճակատումին, Քոփենհակընի մէջ, Դանիա 3-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկած էր: