
Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան
Մոմիս լոյսին տակ հին ու նոր պատկերներ կը ծնին ու կը պայքարին թէ ո՞վ է տիրականը: Պահ մը, սակայն, շարականին ներքոյ, հինն ու նորը կը շաղախուին եւ դուն աչքդ փակ չես տեսներ պայքարը անոնց: Ի՜նչ խորհրդաւոր մեղեդի: Հնչե՜ղ, հարազատ, այնքան հարազատ, որ ուր ըլլալդ մոռցնել կու տայ: Աչքդ նորէն կը բանաս ու տակաւին նոյն տեղն ես. մի՛շտ՝ մէջտեղը, իրաւարարի դիրքին մէջ: Մոմի լոյսը կը զօրանայ, յիշողութիւններու թելը աւելի երկարելով ու դուն կը յանձնուիս. գերին ես հիմա հինին, որ կը տանի քեզ մինչեւ մանկութիւն, ուր եռանդով պիտի արթննայիր այդ Կիրակին հայրիկիդ «կու-կու-կո՜ւ-կո՜ւ» կատակ-կանչով, հագուելու համար գիշերուընէ մայրիկիդ պատրաստած, Ծաղկազարդին համար առնուած, ճերմակ հագուստդ ու նոփ-նոր կօշիկդ: Այդ օր դուն խանդավառ էիր ու շատ արագաշարժ: Հաստ ու զարդարուն մոմը ձեռքիդ՝ եկեղեցի կ’երթայիր, առանց վառելու:
Մոմիս լոյսին տակ «Սուրբ Սուրբ»ը կը հնչէ, ու աւազին մէջ խիտ-խիտ շարուած մոմերը կը վառին՝ բռնկեցնելով նաեւ ներսդ, այս անգամ քեզ վերադարձնելու դէպի քո՛ւ տունդ, ուր մայրը դուն ես հիմա եւ նոյն բանը քու զաւակներուդ համար կ’ընես, այն ինչ որ տեսած էիր նախապէս ու՝ սորված: Մանչուկներդ ալ նոյն խանդավառութեամբ ճերմակ մոմերը ձեռքերնին՝ կ’իջնեն եկեղեցի:
Մոմիս լոյսին տակ անցեալը կը ստէ, որովհետեւ իր բոլոր մանրամասնութիւնները հաճելի ու երանելի կը դարձնէ, մինչդեռ դուն գիտէիր որ այդ ատեն ալ կը գանգատէիր, որ Ծաղկազարդը հագուստներու ցուցադրութեան առի՞թ էր, թէ բակին մէջ խօսակցելու կամ նկարուելու հանդիսութիւն: Ծաղկազարդին խորհուրդն անգամ անգիտանելի կը մնար շատ շատերուս, բայց եւ այնպէս մոմի լոյսին տակ հաճելի է ամէն բան եւ շէնշող: Կը յիշես տակաւին, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցիէն ետք, ամբողջ գերդաստանը հօրենական տանդ մէջ կը հաւաքուէր, որովհետեւ տունը եկեղեցւոյ շարքին էր ու չես մոռնար, մանաւանդ, ընտանեօք նկար քաշուելու սովորութիւնը, որ սովորութենէ աւելի աւանդութիւն դարձած էր. պատշգամի նոյն անկիւնը, նոյն կեցուածով, ուր նկարներուն միակ տարբերութիւնը հասակ առած մեր մանչուկները կ’ըլլային…
Մոմիս լոյսին տակ, քահանային «Խաղաղութիւն ամենեցուն»ը այս անգամ զիս կը տանի դէպի պատերազմական ծննդավայր եւ զայրոյթով կը պատէ ներսս, որովհետեւ խլուածի հոգեբանութեամբ կը համակուիմ: Խլուած է ինձմէ ամէն բան, խլուած է անդորրութիւնս: Ինչպիսի՜ խաղաղութիւն ակնկալել չարացած մարդոցմէ, որոնք վայրագաբար կը յօշոտեն զիրար: Մոմի կրակին մէջ կրակ ինկած ծննդավայրս կ’արիւնի ու տքացող մարդուն ձայնը դեռ ականջիս մէջ կը յամառի մնալ:
«Հաւատամք ի մի Աստուած, ի Հայրն ամենակալ…» կը կրկնեն շրթներս՝ եկեղեցւոյ դպրաց դասին հետ միաձայն եւ ձայնս ակամայ կը բարձրանայ հոն, ուր որ «չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ, յերրորդ աւուր յարուցեալ…» կ’ըսուի ու «յարուցեալ» դերբայը կ’ոգեւորէ ու հաւատքով կը զինէ զիս: Ոտքի կանգնիլ եւ ապրիլ. վե՛րջ մղձաւանջին, վե՛րջ անկայունութեան, վե՛րջ անցեալի եւ ներկայի մղկտացող պայքարին:
Հալած մոմը մարելու կը պատրաստուի, իսկ ես յարութեան լոյսով «Հայր Մեր»ս կ’ըսեմ ու դուրս կու գամ՝ ձիթենիի ճիւղը ձեռքիս: