Մոժթապա Խամենէի Նշանակումով Դժգոհ է Նախագահ Թրամփ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեկնաբանելով Մոժթապա Խամենէիի Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ ընտրութիւնը բաւարարուեցաւ յայտնելով. «Ատկէ շատ գոհ չեմ։ Նայինք ինչ տեղի պիտի ունենայ»:
Իրանի ղեկավարութեան խորհուրդը յայտարարած էր, որ Այաթոլլա Մոժթապա Խամենէի երկրի ղեկավար նշանակուած էր, նշելով. «Սահմանադրութեամբ եւ Մասնագէտներու ժողովի ներքին կանոնակարգով սահմանուած պարտաւորութիւններուն համապատասխան, խորհուրդը իր օրակարգին վրայ ներառած է նոր ղեկավար ընտրելու նպատակով արտակարգ նիստ գումարելու անհրաժեշտ քայլերն ու կազմակերպչական հարցերը: Ատկէ մեկնելով, համապատասխան ծրագրաւորում եւ անհրաժեշտ համակարգում կատարուեցաւ խորհուրդի ամբողջ երկրի տարածքին գտնուող յարգարժան անդամներու` նիստ կատարելու համար, որպէսզի երկիրը չտուժէ ղեկավարութեան որեւէ բացէ` հակառակ սահմանադրութեան 111-րդ յօդուածին մէջ նախատեսուած իմաստուն քայլերուն, որոնք ուղղուած են ժամանակաւոր ղեկավարութեան խորհուրդ ստեղծելուն»։
Իսրայէլ սպառնացած էր թիրախաւորել ոեւէ անձ, որ այդ պաշտօնը կը ստանձնէ:
Թրամփ եւս նշած էր. «Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետը երկար պիտի չգոյատեւէ, եթէ մեր հաւանութիւնը չստանայ»: Նախքան ընտրութիւնը, ան յայտարարած էր, որ սպաննուած Ալի Խամենէիին չի կրնար անոր որդին յաջորդել
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորեց Իրանի նորընտիր հոգեւոր առաջնորդը։
«Վստահ եմ, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ ամուր կապերը կը շարունակեն զարգանալ` գրանցելով նոր յաջողութիւններ: Առիթը պատեհ համարելով` Իրանի բարեկամ ժողովրդին մաղթում եմ բարօրութիւն եւ յարատեւ խաղաղութիւն», իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ յայտնեց Փաշինեան:

