ՄՇԱԿՈՅԹ, ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ,ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄ

0 0
Read Time:6 Minute, 49 Second

Արմէն Տօնոյեան

Լոս Անճելըս – Գալիֆորնիա

Տակաւին այն օրերուն, երբ հազիւ իրականացուցած էինք մեր քաղաքական միութիւնը` կը կորսնցնէինք միութիւնը մեր հայրենիքին, բայց մշակոյթն ու գրականութիւնը (հայ դպրութեան հայացումով) օգնութեան հասան ոչ միայն մեր ազգային ինքնութիւնը յստակացնելու եւ զօրացնելու այլ մանաւանդ այդ ժամանակաշրջանին եւ ապագայ դարերուն դէմ` դիմադրականութիւնը զօրացնելու:

Մշակոյթն ու գրականութիւնը (գոնէ հայութեան համար խօսելով) կարելի է ըսել, եղած են հացին չափ կարեւոր: Փարած ենք անոնց այնպէս, ինչպէս մայրը կորսնցնող որդին իր անմիջական հարազատին: Հող, պետութիւն, համրանք, քաղաքներ կորսնցուցած ենք, լացա՛ծ, յաճա՛խ լացած ենք, բայց մեր մագաղաթներուն, գիրքերուն, կոթողներուն մխիթարութեամբ սրբած ենք մեր արցունքները:

Որեւէ ժողովուրդի գրող, սկսած Հոմերոսէն մինչեւ այսօր իր օրերը կ՛երգէ, տուեալ միջավայրի անմիջական ազդեցութեան տակ, իր մէջ կը զօրացնէ իր մշակոյթին առանձնայատկութիւնները, կը տաշէ զայն, կը յղկէ եւ կը վերադարձնէ իր ժողովուրդին: Կ՛առնէ անոր հոգեբանութենէն, ապրումներէն, բարքերէն, ձգտումներէն: Անոնցմէ մեկնելով իր արուեստագէտի հնոցին մէջ կը վերամկրտէ, կը ջրդեղէ զանոնք, կը ձեւաւորէ, կերպարանք կու տայ եւ կ՛եզրակացնէ ընդհանրական զգայնութիւններ, թարգմանը կը հանդիսանայ իր շրջապատի պատմական թէ մշակութային հակազդեցութիւններուն:

Գրողը իր երեւակայութիւնը կը յեսանէ թանձր նիւթի մը վրայ, սակայն շուտով կը բաժնուի անկէ, կը հեռանայ, զայն իր ենթագիտակցութեան սեփականութիւնը կը դարձնէ եւ նոր թռիչքներու եւ երկունքներու պոռթկումով կը վերադարձնէ ժողովուրդին, այլ խօսքով ապակիներ, բիւրեղեայ ուլունքներ թէ խճաքարեր կը վերածէ մոզայիքի:

Գրողը` գիտակցութեան մատուցեալը կ՛առնէ իր հոգիին եւ իմացականութեան խորը, կ՛ընդելուզէ, ԻՐԸ կը դարձնէ, ապա` դուրս կու տայ բնազդային յորձանքով մը: Որքան մեծ ըլլայ ԷՍԹԷԹԻՔԻ ներանձնական մշակումը ԷԹԻՔԻՆ վրայ, այնքան մեծ է գործին նուաճողական արժէքը: Էսթէթիքը ենթակայական է, տաղանդն ու հանճարն է, իսկ Էթիքը, մշակոյթն է, ժողովուրդն է:

Վեքթոր Հիւկոյի համար գրականութիւնը երկու գլխաւոր բաժիններ ունէր.- ՔՆԱՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆ, գրել անձին մասին, ԴԻՒՑԱԶՆԵՐԳՈՒԹԻՒՆ, գրել ուրիշներու մասին: Աւելի գեղեցիկ տողերով կը բնորոշէ Ե. Չարենց.- “Ես ինձ իմ երգում թէ քեզ, չըգիտեմ“: Այս ….երգութեան մէջ մէկ բան բացայայտ է, որ գրականութիւնը ինքներգութիւն ըլլայ թէ այլերգութիւն` յոյզի եւ մտքի փոխադարձութեան, իրարու վերածուելով իսկական ներդաշնակութիւնն է, ինչպէս եւ միաժամանակ իմաստասիրական եւ այլաբանական վերաբերմունքն է գրողին` հանդէպ իր հայրենիքին, բնութեան, մարդկութեան թաքուն եւ բացայայտ արժէքներուն:

Ամէն իրաւ գրող կը մեծնայ իր ծառայականութեամբ, այնքան, որքան կապուած ըլլայ իր ժողովրդին, անոր պատմութեան, ոգիին, ցոլացնէ անոր բաղձանքները: Այս է պատճառը հաւանաբար, որ Յ. Օշական իր այնքան բարձր գնահատած Վ. Թէքէեանը կը մեղադրէր հայկականութեան պակասէն:

Արդար էր Մարտիրոս Սարեան, երբ կ՛ըսէր.- “Մեծ է արուեստագէտի պարտականութիւնը ժողովրդին հանդէպ, իսկական գրողը, նկարիչը իր մտքերով, ոգեւորութեամբ` ամբողջովին պարտական է ժողովրդին: Ժողովրդից է նա վերցնում ամէն ինչ, եւ վերադարձնում է պէտք է համարժէք լինի վերցրածին: Դրա համար էլ ճշմարիտ արուեստագէտը միշտ զգում է որ դեռ պարտք է ժողովրդին, որ պէտք է շարունակ աշխատի կատարելագործելու…“ :

Ամէն մարդ, մանաւանդ ամէն գրող իր անհատականութեան արտայայտութեամբ կը մասնակցի իր ազգի մշակոյթի վերելքին, իսկ բնականաբար, իւրաքանչիւր ազգի մշակոյթի աւանդը իր կարգին կը հարստացնէ մարդկայինը:

Գրողը կ՛ապրի իր մշակոյթի մէջ, ան չի կրնար այդ մշակոյթէն ազատ մնալ:

Գրականութիւնը իբր մարդագիտութիւն` խորապէս կը թափանցէ մարդոց ներաշխարհը, գեղարուեստականօրէն կը բացայայտէ անոնց գործունէութեան շարժառիթները:

Կեդրոնանալով հայ գրականութեան եւ մշակոյթի վրայ, ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ Ոսկեդարէն մինչեւ ամերիկեան դարը` տոլարադարը, հայ գրողները ցեղային աւազանէն առած ջուրով զովացած, իրենց կարգին գտած են զուլալ աղբիւրներ եւ ապահոված են աւազանին անցամաքելիութիւնը եւ մեծցուցած անոր տարողութիւնը:

Ազգայնականութեամբ մը ծնունդ առաւ մեր գրականութիւնը մեր այբուբենին հետ, նոյն այդ ոգին տիրապետող մնաց, հակառակ դարերուն բերած աննպաստ պայմաններուն: Եւ երբ, լեզուով ու գրականութեամբ աշխարհականալու հարկադրանքին տակ կը գտնուէինք, կրկին, արեւելահայ թէ արեւմտահայ գօտիներով, հայ գրականութիւնը ժողովուրդէն առաւ իր ստեղծագործական եւ արտայայտչական էատարրեր եւ կռանեց մեր հետագայ կառոյցներուն պատուանդանը:

Երբ կ՛ըսենք ազգայնական գրականութիւն, զգոյշ պէտք է ըլլանք չշփոթելու համար հայրենասիրական հրապարակագրութեան հետ: Բայց մենք, այս տարազին տակ կ՛ընդունինք նաեւ հրապարակախօսութեամբ գրական զարթօնք ստեղծելու խանդավառութեան լծուած արեւելահայ մեր անմահներուն վաստակը: Պատկանեան, Շահազիզ, Ս. Նազարեան, Մ. Նալբանդեան եւ ուրիշներ` ռուսական յեղափոխական գրականութեամբ մեր ժողովուրդը տիսիփլինի վարժեցուցին եւ ազատութեան գեղեցկութեան հրապարակախօսութիւնը գրականացուցին:

Իրենցմէ ետք, նոր դէմքեր աւելի մօտեցան մեր մշակոյթին, աւելի ծառայեցին գեղարուեստին.- Յ. Յովհաննէսեան, Աւ. Իսահակեան, առաւելագոյն արուեստով` Վ. Տէրեան, Յովհ. Թումանեան եւ Չարենց: Չարենցէն առաջ, մասնաւորաբար պէտք է ընդգծենք Թումանեանի անունը, որովհետեւ ան եղաւ առաջին արեւելահայը, որ այնքան հարազատութեամբ մեր ժողովրդի հոգեբանութեան խորը թափանցեց, հաւատալիքներուն, կենցաղին եւ առօրեայ պարզունակ երեւոյթին մէջ գտաւ մեծութիւնը ապրող եւ քաղցրացող հայ հողին եւ պարզունակ գեղեցկութեամբ մը տուաւ զայն: Իսկ Չարենց, մեր գրականութեան բերաւ ստեղծագործ ահաւոր կիրք մը, ապրումներու ահեղ թափ մը: Ան մեր յեղափոխութիւնը երգեց, երգեց մեր երէկուայ անհուն հարստութեան հետ եւ ներկայի ոգորումները, յուզումները, իտէալները: Եզակի: Անզուգական: Ան, երգեց հին ազգի մը յարութիւնը, աւերակներէն բարձրացող պալատները ներբողեց: Որքան բուռն հայրենասիրութեամբ, նոյնքան եւ բարձր արուեստով փառաբանեց հայ մշակոյթի առանձնայատկութիւններուն վեհութիւնը, ազնուութիւնը, նաեւ քաջութեամբ մատնանշեց տգեղը, թերին, հիմը դրաւ նոր, անկեղծ, բուռն գեղարուեստական հայ բանաստեղծութեան: Երգեց մինչեւ որ բախեցաւ վարչակարգի ղեկավարներու ապազգային գրականութեան անհեթեթ երգելիքն: Գնաց, բայց իրմէ ետք իր ուղիին վերադարձան հայ գրողներ հայրենիքի մէջ 1955էն ետք:

Արեւելահայ գրականութեան մէջ օրհնեալ անուններ են.- Ռաֆֆի, Դ. Դեմիրճեան, Ստ. Զօրեան, մանաւանդ Խ. Աբովեան, որոնք մեր ժողովուրդին մշակոյթը վիպային բարձունքի հասցուցին:

Արեւմտահայ ճակատը տարբեր նկարագիր եւ ճակատագիր ունեցաւ: Պայմանները թոյլ չէին տար, որ հայրենասիրական  պոռթկումներով ծաղկէր պոլսահայ գրականութիւնը, ատոր համար ալ մնաց պոլսահայկական գրականութիւն: Օսմանեան  սահմանադրութենէն ետք, երբ տարասփիւռ հայ գրողներ վերադարձան Կ. Պոլիս, գաւառի տղաքը հետզհետէ սկսան հայ ժողովրդի շունչը, ոգին եւ մշակոյթը բերել հայ գրականութեան. – Թլկատինցի, Հրանդ, Ռ. Զարդարեան, Մեծարենց, Յ. Գազանճեան, Յ. Օշական, Կ. Զարեան, Երուխան եւ Գ. Զօհրապ: Հրապարակ նետուեցաւ հայաստանեան գրականութեան մը գաղափարաբանութիւնը, 19-3-14 թուականներուն, երբ Կ. Զարեան, Յ. Օշական, Գ. Բարսեղեան եւ Ահարոն իրարու մօտ գալով սկսան հրատարակել ՄԵՀԵԱՆ գրական ամսագիրը: Ափսոս, Եղեռնը խափանեց այս շարժումը եւս: Բայց արեւմտահայ գրականութիւնը մեզի տուաւ Պ. Դուրեան, Մ. Մեծարենց, Դ. Վարուժան:

Գրողը այն մտաւորական ու հանրային գործիչն է, որ կը տեսնէ այն ինչ որ ուրիշներ չեն տեսներ, չեն նշմարեր: Կը յաջողի ըմբռնել պատմութեան ոգին, ներկայի եւ անցեալի պատգամները այժմէականացնել, իսկ հայ գրողին ազգային եւ արուեստագէտի պարտականութիւնն է Էթիքը հաշտեցնել Էսթէթիքին հետ:

Գրական յաջողակ նուաճում կը նկատուի, որեւէ արձակ թէ չափածոյ գրութիւն, որ ներկայացնէ ներիմաստ-ներգոյակ արժէք, որ իր մէջ պարունակէ թաքնուած միաժամանակ գեղեցկութիւն եւ կիրք: Գրականութիւնը ուսուցանելի գիտութիւն մը չէ, օրէնքներ, ֆորմիւլաներ չունի համալսարանական բարձր վկայականներ պայման չեն լաւ գրելու, թէեւ երբեմն աւելի կը խորացնեն արձանագրելի նուաճումը:

Սիամանթօ, Ինտրա եւ ուրիշներ: Իսկ երեւոյթներ էին Յ. Պարոնեան եւ Եղիա Տէմիրճիպաշեան:

Երբ Սփիւռք դարձանք եւ սփիւռքահայ գրականութիւն մը սկսանք մշակել, մեր մշակոյթին հետ գրականութիւնը եւս ենթարկուեցաւ տեղական մշակոյթներու, սկսանք ունենալ ենթամշակոյթներ, եւ արեւմտահայ զարթօնքներու առաջնորդները, իրենց կարգին սփիւռքացած, մեծ դժուարութիւն ունեցան ազգայնականութիւնը պահպանել:

Այսօր, խօսելով մասնաւորաբար սփիւռքահայ գրականութեան մասին, կրնանք յայտարարել, որ առաւելաբար հայ գրողին ուսերուն կը ծանրանայ հայապահպանման գործը:

Այսօր, հայ գրողը, իր ամբողջ պարտականութեամբ, իր ապրած տեղական, միջազգային գրականութեան ծանօթութեամբ հանդերձ` կառչած կը մնայ հայ մշակոյթին, անոր ծաղկումին, անոր պահպանման:

Այսօր առաւել քան որեւէ ժամանակ, Սփիւռքի այս իրականութեան մէջ մենք պէտք ունինք հայ գրականութեան, որովհետեւ մեծ տագնապներու ընթացքին, ինչպէս ըսուած է, աւելի զինուորներն ու գրողները կը վարեն աշխարհը քան պետական մարդիկ:

Արդար է Վիքթոր Հիւկօ երբ իր հերոսին բերնով կ՛ըսէ`

Je tombe par terre

C’est la faute de Voltaire

Le sang coule comme ruisseau

C’est la faute de Rousseau

Հայկական յեղափոխութիւնը երէկ ծնաւ գրականութեամբ` Խ. Աբովեանի Աղասիով, Ռաֆֆիի Կարօներով, Սարհատներով, Ա. Ահարոնեանի Վազրիկներով, իսկ այսօր անիկա պիտի ծառայէ մշակոյթին եւ Հայ Դատին:

Դժբախտաբար հայ զանգուածին կարեւոր տոկոսը հեռու եւ անտարբեր կը մնայ այս մտահոգութենէն: Հայ ժողովրդի մէկ չնչին տոկոսը միայն կը հետեւի մեր գրականութեան, երեւոյթ մը որ անկարելի կը դարձնէ յաճախ մշակոյթ պահպանելու մեր առաջադրութիւնը:

Ընթերցասէր եւ օտար լեզուին ծանօթ եւ օտար լեզուով կարդացող խաւ մը արդէն հեռու է մեր գրականութենէն եւ օտար մշակոյթներով կը յագեցնէ իր մտաւորական կարիքները: Իսկ երրորդ խաւը իր հայեցիութիւնը կ՛ապրի եւ կ՛իմաստաւորէ երբեմն տօնական օրերուն, ժամանցային եւ փիքնիքային տրամադրութիւններով եկեղեցի յաճախելով, թերթերու բաժանորդագրուելով կամ մինչեւ իսկ խաթրի համար գիրք գնելով…

Այսօր, պատահականօրէն տեղի ունեցող յոբելինական հանդիսութիւնները զանց առնելով, մնայուն ի՞նչ յարգանք, ի՞նչ մեծարանք կը վայելէ հայ գրողը:

Մինչեւ իսկ, խրախճանքային բնոյթ տալ սկսած ենք յոբելեաններուն: Հեղինակին հրատարակած գիրքէն 5 կամ 10 օրինակ վաճառել կարելի կը դառնայ միայն 900-1000 հանդիսատեսներուն:

Մշակոյթը բերնի ծամոց դարձուցած ենք, կը ծամենք զայն ամէն օր, բայց չենք կրնար զայն հասկնալու, ապրելու վայելքին թափանցել:

Չխօսինք հայապահպանման մասին, եթէ պիտի չ՛ապրինք այդ ազգի կարեւորագոյն ժառանգութիւնը: Մշակոյթը գլխաւոր պայմանն է իրաւ ազգի մը գոյութեան: Չկայ ազգ, առանց մշակոյթի, չի կրնար գոյատեւել ազգ մը առանց մշակոյթի, ինչպէս չի կրնար ապրիլ մշակոյթը առանց ազգի: Մենք Խորենացիով պատմագրութիւն մշակեցինք, Մեծն Տիգրանով քաղաքական մշակոյթ հիմնեցինք, Մաշտոցով ունեցանք գրական մշակոյթ, Լուսաւորիչով, կրօնական մշակոյթ, Կոմիտասով` երաժշտական…

Ազգեր կան, որ մշակոյթ կը մուրան, կամ մշակոյթ կը գողնան, մենք ընդհակառակը մերինէն ուրիշին բաժին հանած ենք, թուրքին ամենէն առաջ եւ ամենէն շատը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles