ՄՇԱԿՈՅԹԻ, ՃԱՐՏԱՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԱՁԵՒՈՒՄՆԵՐԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 6 Second

 

balianՅ. Պալեան

Արդիականացումը կեանքի բոլոր բջիջներէն կը թափանցէ: Փոփոխութիւնները, անոնք ըլլան ընկերային, ճարտարագիտական, մշակութային, արժէքներու եւ այլ, անցեալին տեղի կ’ունենային դարաշրջաններու արագութեամբ: Հիմա անոնք բազմիցս տեղի կ’ունենան մարդու մը կեանքի տեւողութեան ընթացքին: Համոզուած ըլլանք թէ ոչ, մեր շրջապատը մեզի կը պարտադրէ քայլ պահել, հետեւիլ այն բոլոր բաներուն զորս կը կոչենք «նորութիւն»:

Արդիականացումը դրական է երբ որակ կը բերէ: Ողջմտութեան բացակայութեան, երբ նորոյթի եւ նորաձեւութեան մարմաջի կը վերածուի, կ’առաջնորդէ հիմնականի եւ ժառանգութեան անտեսման, խզումի, արժէքներու թերագնահատման, գիտոսիկութեան (սոփեստութեան), պարզ՝ շպարի: Արդիականացումը ընդհանրապէս սեփական որոնման, հասունացման եւ եզրակացութեան արդիւնք չէ, այլ ուրիշներու կողմէ եւ այլուր կատարուածի կապկում: Վասն տարբեր ըլլալու, նորաձեւութեան հետեւելու, արուեստակեալ եւ անխորք ինքնատպութիւն նուաճելու ոչ-անհրաժեշտ նորով կը պճնուինք, ան ըլլայ գիտական, ճարտարագիտական, մշակութային, գրական եւ արուեստի, կը դառնանք գերին թիւր ըմբռնուած արդիականութեան, զոհ՝ սպառողական ընկերութեան:

Կը բանտարկուինք մենք մեզմէ դուրս, կը կորսնցնենք ինքնուրոյն եւ ինքնատիպ ըլլալու մեր իրաւ եւ դրական ցանկութիւնը, կը դառնանք կրկնօրինակ: Կարծէք հետազօտական կեդրոններէն բուսած clonage-ի արարածներ ըլլայինք:

Ժամանակաւորի եւ վաղանցուկի ետեւէն վազք է «արդիականութեան» կարգախօսը, երբ խորք չունի, կապկում է, եւ կը վարակէ զանգուածը: Երբեմն կանգ պէտք է առնել եւ մտածել. ինչ որ հիմա մեզի կը թուի ըլլալ «արդիական» արդէն «հին» է, քանի որ ճարտարագիտական նորոյթը եւ ծանուցումով մեր գաղափարներու եւ ընտրանքներու ղեկավարումը, մեզի կը ներկայացնեն «նոր»ը, «մասնագիտական»ը, «ուշագրաւ»ը, «կատարելագործուած»ը, գրաւիչը, կը կապկենք՝ ենթարկուելով շուկայական շահարկումներու ընթացքին:

Մեր ընտրանքները որոշուած են այլ տեղ, մինչդեռ մենք կը կարծենք ընտրել:

Երբ կը կարծենք «ընտրել», ծանուցումի մասնագիտացած ընկերութիւնները արդէն որոշած կ’ըլլան, թէ ինչ պիտի ընտրենք: Յիշուած վերադիրները կրնանք բազմապատկել: Ամիս մը ետք, տարի մը ետք, անոնք բոլորն ալ կը գերանցուին «նոր»երով: Մինչեւ որ վարժուինք «նոր»ին, ան արդէն հինցած կ’ըլլայ, կու գայ «նոր նորը»: Չենք խորհիր անոր բերած կարիքի բաւարարման եւ օգտակարութեան մասին: Ծանուցումի ընկերութիւններուն յուշածը կը դառնայ պահանջ:

Յատկանշական եւ անիջականօրէն տեսանելի օրինակ է «ձեռքի հեռաձայն»ի տեւաբար աճող «արդիականութեան յառաջդիմութիւն»ը: Միշտ աւելի արդիականը կայ, մեզի համար անհրաժեշտէն բազմապատիկ աւելի հնարաւորութիւններով, զորս մեզմէ շատեր երբեք պիտի չօգտագործեն եւ կամ  վերածեն խաղ-զբաղումի: Այդ աւելին մեզ կը դարձնէ անկարեւորի «գերի», շեշտելու համար կարծէք մեր անձին «անկարեւոր կարեւորութիւնը»: Նորոյթին հետեւելու «մշակուած» հիւանդութիւնը կ’արգելակէ «բազմապատիկ աւելիի» մասին մեր դատումը: Ան դարձած է սպառման ապրանք, կը գնենք՝ գիտնալով հանդերձ, որ անհրաժեշտութիւն չէ: Եթէ կարելի ըլլայ հրատարակել կարծեցեալ արդիականութեան ալիքներուն վրայ գացած-եկած տեղեկութիւնները, պիտի հասկնանք, թէ ինչպիսի դատարկութիւն կայ, ժամանակի ինչպիսի մսխում կայ՝ վասն ոչինչի:

Արդիականութիւնը երբ կը դառնայ մոլուցք, կը մթագնէ դատողութիւնը:

Հեռատեսիլի ընծայած անմիջականի եւ զբօսի ընծայած կարելիութիւնը պատճառ դարձած է մշակութային անորակի: Թատրոնը եւ շարժապատկերը վերածուելով իրենց նուազագոյն արտայայտութեան, ծնունդ տուած են ոճիր-արկածի եւ սեռային կարճատեւ իրարու նմանող եւ մոռցուելու դատապարտուած նկարահանումներու, արդէն բնորոշումն ալ այդպէս է, des séries, Հայաստան կ’ըսեն «սերեալ», որոնք լաւ կը վաճառուին, հասութաբեր են, եւ «թատերագիր»ի ու «դերասան»ի արուեստը կը դարձնեն լղրճուկ արհեստ: Կը ստեղծուի «վաղանցուկ»ի եւ «անվաղորդայն»ի արուեստ, հակա-արուեստ:

Վարձու ինքնատպութեան «խաղ»ը կը շարունակուի նաեւ արուեստի եւ գրականութեան մէջ: Այսպէս, գծելու շնորհը կը շփոթուի գեղանկարչութեան հետ: Հողաշերտերու կալուածներու սահմաններու ճշդման գծագրիչը յանկարծ կ’որոշէ նաեւ գեղանկարիչ դառնալ: Գծել գիտնալ եւ «մեծ»երու գործերը դիտելով ու նմանակել փորձելով գեղանկարիչ կը ծնի՞: Անոր գործերը, իրենց գոյներով, նոյնիսկ երբ աչքի հաճոյք կը պատճառեն, փուչիկ կը դառնան, եթէ արուեստ հասկցող մը ըսէ, թէ այսինչ կամ այնինչ նկարիչը կը կապկուի, «արդիական» ըլլալու մարմաջով: Եւ եթէ կապկողը «շրջանակ» ունի, ցուցահանդէս ալ կը կազմակերպուի, գինեձօնով, որ տաղանդի եւ ինքնատպութեան չափանիշ կ’ըլլայ: Երբեմն ցուցասրահ պէտք է երթալ գինեձօնի մը յաջորդող օրերուն, համրելու համար ներկայ արուեստասէրները:

Այդպէս է պարագան նաեւ գրականութեան եւ ընդհանրապէս արուեստներու: Աշխարհի մէջ եղած են եւ կան մեծ գրողներ, տարբեր ժողովուրդներու եւ տարբեր ժամանակներու մէջ: Անոնք մեծ կ’ըլլան երբ իրենց ստեղծագործութեան շէնքը կը բարձրանայ սեփական ժառանգութեան ենթահողի վրայ,- երկիր, ժողովուրդ, կլիմայ, աշխարհագրութիւն, լեզու, արժէքներ, ընկերութիւն, տաղանդ,- միաժամանակ գերանցելով զանոնք եւ նուաճելով այն՝ զոր կը կոչենք համամարդկային: Սեփական ժառանգութեան հիմքը մեկնակէտն է տեսիլքի, ստեղծագործութեան անտարազելի ուժը: Սեփական ժողովուրդը եւ ընկերութիւնը իրաւ գրական երկի եւ արուեստի թրթռացումն է: Հնդիկ բանաստեղծ Ռապինաթ Թակորի գործին մէջ Փարիզ չկայ, կայ իր աշխարհը իր Լոթիւս ծաղիկով, Ալպէր Քամիւի գործը հզօր արտայայտութիւնն է Ալճերիոյ մթնոլորտին եւ գոյներուն, արմատներէն հեռացած եւ նոր արմատ նետելու անկարողութեան մէջ գտնուող ֆրանսացիին, չինացի Մօ Եանի գրականութիւնը պատկերն է իր երկրի եւ ժողովուրդի դիմագրաւած պատշաճելու ողբերգութեան, պելորուս Սվետլանա Ալեքսիեւիչի գրականութիւնը, «սովետամարդու», պատմութեան հեղեղին մէջ ապրած եւ աշխարհ փոխող մարդոց մասին կը վկայէ, առանց պատերազմի եւ անոր հետեւանքներու մասին աժան դիպաշար ըլլալու: Այդպէս են Նարեկացին, Նաղաշ Յովնաթանը, Միսաք Մեծարենցը, մեր ժամանակակիցներէն բանաստեղծ Արտեմ Յարութիւնեանի «Նամակ Նոյին»ը եւ Յակոբ Կարապենցի «Ադամի Գիրքը»:

Ստեղծագործութիւնը եւ արժէքի նուաճումը ոչ կոպտութիւն են եւ ոչ ալ հայհոյանք, որոնք աժան ձեւերն են ուշագրաւ ըլլալու, տպաւորելու, քաջ եւ համարձակ ըլլալու կեղծ պսակ ձեռք բերելու համար:

Անտաղանդը իրաւ գրողին եւ արուեստագէտին նմանելու եւ զանոնք նմանակելու իր թափահարումներով  ոչինչ կը բերէ սեփական մշակոյթին եւ ընդհանրապէս մշակոյթին: Նմանելու եւ նմանակելու ճիգով «ստեղծուած»ը որպէս նորութիւն կրնայ ծափահարուիլ անտեղեակներու եւ անտաղանդներու կողմէ, մանաւանդ երբ անխորք «արուեստասէրներ» եւ «գրասէրներ» մշակոյթի արեւին տակ տեղ մը կը փնտռեն, ուրիշի լոյսով ջերմանալու համար, եւ այդ խաժամուժը ժամանակ մըն ալ կը փայլի «խնամի-ծանօթ-բարեկամ»ի (ԽԾԲ) համակրանքով եւ կողմնապաշտական հոգատարութեամբ, Ֆրանսա կ’ըսեն՝ copinage, որոնք անորակի զարգացման չարիքի բանակն են, քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային կեանքի մէջ, երբ կը հակակշռեն ծանուցումի եւ քարոզչութեան լծակները:

Եւ կը ծափահարենք երբ բանախօսի խօսքը բեմէն վար չ’իջներ, աթոռակ մը ունենալու համար, երբ գեղանկարիչի գործը գինեձօնի յաջորդ օրը կը մոռցուի, երբ գիր-գրականութիւնը կը դառնայ սոսկ տպուած թուղթ, որպէսզի «գրասէր»ի տիտղոսի տիրանանք::

Եթէ իրապէս մշակուած մարդոց քննադատութիւն ունենայինք, իրապէս անկախ մամուլի էջերէն արտայայտուող, ունենայինք կողմնապաշտութենէ անդին նայող հանրութիւն, այն ատեն կրնայինք մեծ նուաճումներու փառասիրութիւն ունենալ:

Պատահա՞ծ է, որ տեղ մը գրուի, թէ գրական այս կամ այն «տպաւորիչ» գրական երկը, կամ գեղանկարը, քանդակը, երգը, երաժշտութիւնը «այլ տեղ եղած է»: Եթէ այս ըսուի, որակաւորը եւ անորակը կը ջոկուին մէկը միւսէն, եւ կարելի կ’ըլլայ բարձունքներու փառասիրութիւն ունենալ, սեփականի եւ արժէքի պատուանդանի վրայ, ոչ նմանակումներու, եւ կը դադրինք լճացած ջուրը ովկիանոս համարելէ:

Իսկ բոլոր ժողովուրդներու պարագային ալ, յիշուած ԽԾԲ-ի եւ copinage-ի չարագործները ջուրը կը լճացնեն եւ ովկիանոսը չեն տեսներ:

Արդեօ՞ք կրկին պէտք է խօսիլ պարտադրուած եւ կամ ինքնապարտադրուած գրաքննութեան մասին, որուն դրական կամ բացասական արգանդը մամուլն է:

Այսինքն՝ տեսիլքի, իրաւ ղեկավարումի եւ ստեղծագործութեան համար կենսական է, օդի եւ ջուրի պէս, ազատ եւ որակաւոր մամուլը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles