Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակման 25-ամեակ

0 0
Read Time:1 Minute, 39 Second

Օգոստոս 23-ին կը նշուի Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակման 25-ամեակը, Արցախի ազատագրման օրերուն։

Ջուլհաճեան, Մերուժան Մոսիյեան, Արտակ Մնացականեան եւ Լեւոն Համբարձումեան կը նահատակուին Օգոստոս 23, 1993-ին երբ իրենց փոխադրող ինքնաշարժը կը բախի հակահրասայլային ականի մը:
Ան ծնած է Նոյեմբեր 28-ին 1967-ին, Պէյրութ: Պատանի տարիքին կ՛անդամակցի Հ․Յ․Դ․ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան: 1984-ին մաս կը կազմէ Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Երիտասարդաց Միութեան «Րաֆֆի» մասնաճիւղին: Մհեր Լիբանանի Երիտասարդաց Միութեան մէջ կը ստանձնէ վարչական եւ այլ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ, միշտ պատնէշի վրայ մնալով` լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ: 1986-ի փետրուարին Մհեր կը մտնէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, կը հետեւի բնագիտութեան ճիւղին եւ 1989 Դեկտեմբերին կը ստանայ գիտութեան պսակաւորի վկայականը: Համալսարանական ուսումը կը շարունակէ երկրաբանութեան բաժանմունքին մէջ: 1989-ին Մհեր Ջուլհաճեան կը նշանակուի Հ․Յ․Դ․ «Բաբգէն Սիւնի» պատանեկան միութեան վարիչ եւ այս պարտականութիւնը կը կատարէ մինչեւ մարտ 1991: 1990-ի հոկտեմբերին ան կու տայ դաշնակցականի իր երդումը եւ կ՛անցնի ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան շարքերը:

Այն ինքնաշարժը, որուն մէջ կը գտնուէին ընկեր Մհեր Ջուլհաճեանը եւ չորս ընկերները, երբ կը ստուգէին սահմանապահ դիրքերը:

1992-ին կ՛ամուսնանայ եւ կը մեկնի Հայաստան: 23 օգոստոս 1993-ին ընկ. Մհեր կը նահատակուի զինակից չորս ընկերներուն հետ, Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ, երբ ան, Մերուժան Մոսիեան, Արտակ Մնացականեան, Լեւոն Համբարձումեան եւ Ռուդիկ Աւագեան կը ստուգէին հայկական սահմանապահ ուժերուն դիրքերը:

Մհերին Գաղափարները

– «Կորսուած են նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն եւ դարձած ենք դիտող, պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը

դարձած է պատեհապաշտ այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին, իսկ շատ մը անհատականութիւններ` հակադրուելով ուրիշներու, կը ճզմուին եւ կը կորսուին խօսքերու եւ բամբասանքներու ծովուն մէջ»:

– «Թուական ու զինական գերազանցութիւնը միայն ժամանակաւոր յաջողութիւն կրնայ բերել… Վերջնական յաղթանակը անոր է, որ աւելի կազմակերպուած ու խորաթափանց է, որ արդար կռիւ կը մղէ եւ ոգին աւելի զօրաւոր է: Իսկ ասոր համար, անշուշտ, անհրաժեշտ է համայն հայութեան զօրակցութիւնն ու յանձնառու կեցուածքը»:

«Նպատակը կը մնայ նոյնը.

Դէպի երկիր կոչը կը մնայ ի զօրու բոլորիս

Մահ ընկրկումին եւ նահանջին»:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles