
Երեւանի աւագանիի` Սեպտեմբեր 23-ին նախատեսուած արտահերթ ընտրութիւններուն Հ․Յ․Դ․-ի համամասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան Անտառային կոմիտէի նախագահ Միքայէլ Մանուկեանը: Լուրը «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան:
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն Հ․Յ․Դ․-ի կարգախօսը պիտի ըլլայ` «Միասին` Յանուն Երեւանի»:
Նշենք, որ երկար տարիներ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Միքայէլ Մանուկեան նախապէս եղած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր: Ունեցած է կուսակցական աշխուժ աշխատանք` համակարգելով Հ․Յ․Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցներու գործունէութիւնը:Տակաւին երիտասարդ տարիներուն Միքայէլ Մանուկեան զինուորագրուած է հայոց ազատամարտին, ապա` Հ․Յ․Դ․-ի նկատմամբ քաղաքական բռնաճնշումներու տարիներուն ակնյայտ կեղծ մեղադրանքով բանտարկուած է, ապա` արդարացուած: