«Միւզիքըլ Արմինիա» ծրագրի «Նաղաշ» համոյթի Ելոյթը

0 0
Read Time:1 Minute, 16 Second

Շաբաթ, Մարտ 11-ի երեկոյեան, աշխարհահռչակ «Քերնըկի Հօլ»ի «Զէնքըլ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորած «Միւզիքըլ Արմինիա» ծրագրի 38-րդ տարեկան համերգը։

Հայաստանէն «Նաղաշ» համոյթը դիմաւորուեցաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով եւ մօտ երկու ժամուան համերգի ընթացքին ներկաները գերտպաւորեց միջնադարեան բանաստեղծներ՝ Մկրտիչ Նաղաշի եւ Կոստանդին Երզնկացիի գործերուն վրայ հիմնուած խորհրդաւոր երաժշտութեամբ։ Անոնց գործերը՝ պանդխտութեան, ցաւի, սուգի, պատերազմի եւ համաճարակներու մասին իրենց շեշտերով, յատուկ նշանակութիւն ունին մերօրեայ աշխարհի մէջ։

Ձեռնարկին ներկայ էր Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան եւ Մ․Ա․Կ․-ի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ դեսպան Մհեր Մարգարեան։

«Նաղաշ» համոյթի ղեկավարն է այժմ Հայաստան փոխադրուած ամերիկահայ երգահան Ճան Հոտեան, որ նաեւ խումբի դաշնակահարն է։ Խումբը կը բաղկանայ երեք առաջնակարգ երգչուհիներէ՝ Յասմիկ Բաղդասարեան, Տաթեւիկ Մովսիսեան եւ Արփինէ Տէր Պետրոսեան, եւ երեք նոյնքան տաղանդաւոր երաժիշտներէ՝ Յարութիւն Չքոլեան (դուդուկ, շվի, պկու, զուռնա), Արամայիս Նիկողոսեան (ուտ) եւ Տիգրան Յովհաննիսեան (դհոլ, դափ եւ թմբուկ)։ Իւրաքանչիւր երգէ առաջ, բնագիրներու անգլերէն թարգմանութիւնները կարդաց Կարէն Համամճեան։

«Նաղաշ» համոյթը, որ բազմիցս ելոյթներ կատարած է եւրոպական քաղաքներու մէջ, իր առաջին հիւսիսամերիկեան շրջապտոյտը կը կատարէ։ Բոլոր գործերը, ուր նկատելի է հայկական աւանդական երաժշտութիւնը, ներդաշնակօրէն միահիւսուած արդիական եղանակով եւ կշռոյթով, խորապէս տպաւորեցին հոծ բազմութիւնը։

Աւարտին, յոտնկայս ծափահարութենէ ետք, Ճոն Հոտեան ներկայացուց երաժիշտները եւ իր խորին գնահատութիւնը յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ «Միւզիքըլ Արմինիա»ի յանձնախումբին, իրենց հովանաւորութեան եւ յոգնատանջ աշխատանքին համար։ Համերգէն ետք, արուեստագէտներուն ի պատիւ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, ուր բարեջան Առաջնորդը բարի գալուստ մաղթեց իրենց եւ բարձրօրէն գնահատեց անոնց առաքելութիւնը՝ այժմէականացնելու միջնադարեան արժէքները։ Հիւրերը առիթը ունեցան իրենց տպաւորութիւնները բաժնելու երաժիշտներուն հետ։

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles