«ՄԻՒԶԻՔԸԼ ԱՐՄԻՆԻԱ»-Ի 41-ՐԴ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԸ

Կիրակի, 15 Մարտին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան թեմի «Միւզիքըլ Արմինիա» ծրագրի 41-րդ տարեկան համերգը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ Քարնըկի Հոլի «Ուէյլ» համերգասրահին մէջ։
Այս տարուան համերգին ելոյթ ունեցան քոյր-եղբայր երկու երիտասարդ երաժիշտներ՝ Անժելինա Թոզլեան (ջութակ, 20 տարեկան) եւ Սէյրան Թոզլեան (դաշնակ, 23 տարեկան), մեկնաբանելով Կոմիտաս Վարդապետի, Էլկարի, Խաչատուրեանի, Ռաւելի, Հայտընի, Ռախմանինովի եւ Էտկար Յովհաննիսեանի գործեր։
Համերգէն ետք, երաժիշտներուն ի պատիւ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանին մէջ, ուր Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան դրուատեց ելոյթը եւ քաջալերեց երաժիշները, որ յարատեւեն ջանադիր ու նպատակասլաց աշխատանքի իրենց ուղիին վրայ։ Խօսք առաւ նաեւ հանրածանօթ դաշնակահար Շահան Արծրունի, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ խոստմնալից երաժիշտներուն մասին։

