
ՊԷՅՐՈՒԹ․- Արցախի դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազերիական պատերազմին մանրամասնութիւններուն, անոր ետին թաքնուած նպատակներուն, պատերազմին ընթացքին եւ լուսաբանումներուն մասին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան առաջին օրէն իսկ հարցազրոյցներ ունեցաւ արաբական եւ հայկական շարք մը լսատեսողական լրատուամիջոցներու եւ գրաւոր մամուլին հետ:
Տեղեկատուական մարզին մէջ գործող լրատուամիջոցներն են հետեւեալները.
Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակը պատերազմին յաջորդ օրն իսկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն կ՛անդրադառնանք առանձին շրջանակով:
Հարցազրոյցներուն ընթացքին արծարծուած նիւթերուն մասին Եագուպեան յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կրօնական տագնապ չէ, այլ` ազգային ինքնորոշման եւ մարդկային իրաւունքներու պայքար: «Այսինքն կարելի չէ ըսել, որ տագնապը քրիստոնեայ Հայաստանի եւ իսլամ Թուրքիոյ միջեւ է», հաստատեց ան, աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղը 1923-ին Ստալինի հրահանգով բռնակցուած է Ատրպէյճանին` գոհ պահելու համար Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը, որ այդ փուլին ընթացքին արդի Թուրքիոյ հիմնադրութեամբ կը զբաղէր:
«Օրին Խորհրդային Միութեան եւ Աթաթուրքի մէջ համաձայնագիրով մը Լեռնային Ղարաբաղը, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանը բռնակցուեցան Ատրպէյճանին, միակ տարբերութեամբ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ՛ապրէր 140 հազար հայութիւն, այսինքն` կը կազմէր Ղարաբաղի բնակչութեան 85 առ հարիւրը, իսկ մնացեալը` ազերի եւ ռուս փոքրամասնութիւններ: 1988-ին հայերը պահանջեցին անջատուիլ Ատրպէյճանէն եւ միանալ Հայաստանին` մայր հայրենիքին: Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնկեցաւ պատերազմը, որ սկսաւ 1988-ին եւ աւարտեցաւ 1994-ին հայոց յաղթանակով: Զինադուլի հաստատումէն ետք զինուորական գործողութիւնները կանգ առին, սակայն տագնապը մնաց անլոյծ եւ վստահուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, որպէսզի բանակցութիւններու ընդմէջէն կարելի ըլլայ խաղաղ լուծում մը ապահովել այդ տագնապին:
Վերջին տարիներուն, յատկապէս 2016-ին Ատրպէյճան խախտեց զինադուլը եւ յարձակումներ գործեց Արցախ-Ատրպէյճան շփման գիծին վրայ: Ան աւելի ուշ խախտեց նաեւ Հայաստանին հետ սահմանը` ռմբակոծելով հայկական հողերը: Ատրպէյճան թշնամական իր պահուածքով երէկ (27 սեպտեմբերին) ռմբակոծեց Արցախ-Ատրպէյճան շփման գիծը իր ամբողջ երկայնքով, ինչպէս նաեւ ռմբակոծեց Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ արձանագրելով զոհեր եւ վիրաւորներ», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին զօրակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Եագուպեան հաստատեց, որ Թուրքիա Ատրպէյճանի դաշնակիցն է եւ անիկա Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները կը նկատէ թուրանական ցեղի ժողովուրդներ, որոնք առնչուած են իրենց արեան կապակցութեամբ եւ խօսած լեզուով` թրքերէնով: «Իսկ Արեւմտահայաստանը Թուրքիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն միջեւ «արգելք» կը հանդիսանար փանթուրանական անոնց երազի իրականացման համար, եւ այդ պատճառով ալ Թուրքիա պէտք էր վերացնէր Հայաստանը քարտէսին վրայէն, որպէսզի կարենար փանթուրանական իր ծրագիրը յաջողցնել` սկսելով Պուլկարիայէն եւ հասնելով մինչեւ Հնդկաստան եւ Ճափոն:
Այս էր Օսմանեան կայսրութեան նպատակը եւ այս է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի երազը: Էրտողան այսօր ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ թուրք սուլթան մը, որուն նպատակն է Օսմանեան կայսրութեան երազը իրականացնել: Սակայն Հայաստանը գոյութիւն ունի եւ կը մնայ: Անշուշտ շրջանին մէջ կան նաեւ աշխարհաքաղաքական ռազմավարական շահեր, ուժանիւթի շահեր, Թուրքիոյ համար կարեւոր է Ատրպէյճանի նաւթը, որ Հայաստանէն չ՛անցնիր, այլ Կովկասէն` Պաքու-Ճէյհան նաւթատարով, եւ Թուրքիա այդ նաւթը կը վաճառէ Եւրոպային: Թուրքիա այսօր վատ յարաբերութիւններ ունի Սուրիոյ հետ, Թուրքիա դէպի Սուրիա ահաբեկչութիւն կ՛արտածէ, Թուրքիա քանդած է Սուրիան եւ սպաննած սուրիացիները` սահմանէն վարձկաններ ուղարկելով, Իրաքի մէջ քիւրտերու հարցով դարձեալ թրքական գործօն կարելի է շօշափել, Լիպիոյ մէջ ցեղասպանութիւն կազմակերպելով, իսկ Միջերկրականի մէջ Թուրքիա խնդիր ունի Յունաստանի հետ: Շրջանին մէջ կան դաշինքներ, կան բնական հարստութեան շուրջ հարցեր, կան նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի ուշադրութիւնը գրաւելու փորձեր: Հետեւաբար Թուրքիա զինուորական եւ բարոյական իմաստով եւ ամէն տեսակի զինուորական եւ գումակային օժանդակութիւն տրամադրելով` կը զօրակցի Ատրպէյճանին», ընդգծեց Եագուպեան:
Ան ակնարկեց նաեւ Ատրպէյճան հասած շուրջ 2 հազար վարձկաններու, որոնք Արցախի դէմ բռնկած պատերազմին մասնակցելու նպատակով փոխադրուած էին Ատրպէյճան: «Դժբախտաբար այդ վարձկանները արաբներ են, սուրիացիներ` Աֆրինէն եւ հիւսիսային Սուրիայէն, որոնք Ատրպէյճան հասած են անհաւատներուն` հայոց դէմ պատերազմելու տրամաբանութեամբ, հակառակ անոր որ Սուրիա առաջին երկիրն էր, որ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը հիւրընկալեց իր հողերուն վրայ եւ արաբական իսլամական ցեղախումբերն էին, որոնք Տէր Զօրի անապատին մէջ փրկեցին հայերը եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարելով` պաշտպանեցին զանոնք:
«Այս պատերազմը շահերու պատերազմ է, եւ պէտք է հաստատել, որ Թուրքիա նման քայլի չի դիմեր առանց Միացեալ Նահանգներու հաւանութեան, որ իր կարգին կը պաշտպանէ այդ շրջանին մէջ Ատրպէյճանի ռազմավարական դաշնակից Իսրայէլի շահերը», ըսաւ Եագուպեան:
Տարբեր երկիրներու մէջ կատարուող ցոյցերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Եագուպեան նկատել տուաւ, որ անոնք սփիւռքահայութեան կողմէ կատարուած բողոքի ցոյցեր էին, որոնք կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, եւրոպական երկիրներու եւ Լիբանանի մէջ` պահանջելով արեւմտեան երկիրներէն, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներէն եւ Ֆրանսայէն, ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ` կասեցնելու համար Արցախի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը:
Ան աւլեցուց, թէ բողոքի այս ցոյցերը յաջողեցան ձեւով մը Արեւմուտքի մէջ հանրային կարծիք ձեւաւորել` Արցախի մէջ գործուող Ատրպէյճանական բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ արարքներուն եւ հայոց դէմ անոր թշնամանքին, որ սկսած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեամբ եւ փաստօրէն կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այս օրերուն: Այս իմաստով, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը սպառնաց Ատրպէյճանի` հաստատելով, որ Ֆրանսա պիտի ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը, եթէ Թուրքիա շարունակէ օժանդակել Ատրպէյճանին` Արցախի դէմ մղած անոր պատերազմին մէջ:
Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած եռակողմ համաձայնագիրէն ետք հարցազրոյցներուն ընթացքին Եագուպեան շեշտեց, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բողոքի եւ մերժումի հսկայ ալիք մը բարձրացած է` Հայաստանի պարտութիւնը յուշող այս համաձայնագիրը զայրոյթ պատճառած է հայութեան, որ կը զգայ նաեւ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները դաւաճանած են իրեն` Արցախը յանձնելով Ատրպէյճանին:
«Հայաստանի մէջ ժողովրդային ցոյցերը կ՛ապացուցեն ցասումը, եւ անոնք կանգ պիտի չառնեն մինչեւ Փաշինեանի հրաժարականը: Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը պահանջէ վարչապետին հրաժարականը, սակայն անոր նպատակը իշխանութեան ստանձնումը չէ: Իշխանատենչութիւն գոյութիւն չունի, այլ` կացութիւնը փրկելու եւ հակակշռելու փորձ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ հրադադարի նպատակով ստորագրուած համաձայնագիրին մանրամասնութիւնները չեն բացայայտուած», ընդգծեց ան: